ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.ՄԱԿը Ինչո՞ւ Մերժեց Թուրքիոյ Անդամակցութիւնը Ապահովութեան Խորհուրդին


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.ՄԱԿը Ինչո՞ւ Մերժեց Թուրքիոյ Անդամակցութիւնը Ապահովութեան Խորհուրդին

  • 28-10-2014 11:09:51   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Նախորդ շաբաթ Թուրքիոյ կառավարութիւնը շռնդալից ապտակ մը ստացաւ, երբ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ընդհանուր ժողովին ջախջախիչ մեծամասնութեամբ մերժուեցաւ անոր դիմումը Ապահովութեան խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուելու համար: Ըստ էութեան, միջազգային հանրութիւնը կը մերժէր Թուրքիոյ անընդունելի քաղաքականութիւնը երկրին մէջ եւ անկէ դուրս:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նոր նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն եւ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուն մեծամտաբար կը կանխատեսէին այդ հեղինակաւոր աթոռին ապահովումը իրենց երկրին համար: Քուէարկութեան նախորդ գիշերը Չաւուշօղլուն ճոխ խնճոյք կազմակերպած էր ՄԱԿ-ի դեսպաններու համար Նիւ Եորքի աշխարհահռչակ “Ուալտորֆ Ասթորիա” պանդոկին մէջ:
Արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուն ՄԱԿ-ի պատուիրակներուն անձամբ լոպիինկ ընելու համար Նիւ Եորքի մէջ քանի մը օր անցընելէ ետք լաւատեսօրէն յայտնեց լրատուամիջոցներուն. “Կը կարծենք, թէ մեր բոլոր հիանալի ջանքերը, Աստծոյ շնորհքով, իրենց արտացոլումը պիտի ունենան վաղուան քուէարկութեան վրայ: Ի հարկէ, ասիկա քուէարկութիւն է, ամէն տեսակ արդիւնք կրնայ արձանագրուիլ: Սակայն կը կարծենք, թէ Աստուծոյ կամքով, մենք պիտի ստանանք մեր կատարած աշխատանքին արդիւնքը”:
Վարչապետ Տաւութօղլուն նոյնքան լաւատես էր, որ Թուրքիան կրնայ հասնիլ “պատմական յաղթանակի”: Արդարեւ, ՄԱԿ-ի քուէարկութենէն ընդամէնը երկու օր առաջ ան հպարտութեամբ յայտարարեց. “Եթէ ընտրուինք, իսկ մենք կը հաւատանք, որ անոր հաւանականութիւնը շատ մեծ է, մենք պիտի ըլլանք աշխարհի առաջին երկիրը, որ երկրորդ անգամ կ’ընտրուի հինգ տարուան դադարէ ետք: Ասիկա ցոյց կու տայ Թուրքիոյ կարեւորութիւնը”:
Ի դժբախտութիւն թուրք ղեկավարներուն` անոնց սպասումները չարդարացան: Հակառակ Չաւուշօղլուի աշխոյժ քարոզչական ջանքերուն եւ աստուածային միջամտութեան բուռն ցանկութեան` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին 193 անդամ պետութիւններէն միայն 60-ը քուէարկեցին Թուրքիոյ օգտին, իսկ անոր մրցակից Սպանիան ստացաւ 132 քուէ` ընդգրկուելով  Ապահովութեան խորհուրդին մէջ իբրեւ ոչ մնայուն անդամ, երկու տարի ժամկէտով:
Ինչո՞ւ  այս տարի Թուրքիան կորսնցուց 151 քուէներու կէսէն աւելին, զոր ստացած էր 2008 թուականին Ապահովութեան խորհուրդի անդամակցութեան յաջող դիմումին ընթացքին: Ահա` Թուրքիոյ այս անգամուան ձախողման  հիմնական պատճառները.
- Թուրքիոյ անդամակցութեան դէմ մեծ թիւով երկիրներու եռանդուն քարոզարշաւը. ի թիւս այլոց` Հայաստան, Կիպրոս, Եգիպտոս, Յունաստան, Իսրայէլ, Սուրիա եւ Սէուտական Արաբիա:
- Նախագահ Էրտողանի բուռն հակամարտութիւնը հզօր թուրք իսլամական կրօնապետ Ֆեթուլլահ Կիւլենի հետ, որուն իբրեւ հետեւանք` Թուրքիան կորսնցուց շարք մը ափրիկեան երկիրներու ձայները, ուր Կիւլենի հետեւորդները մեծ ներկայութիւն ունին: Ասիկա լուրջ տեղաշարժ է 2008 թուականէն ետք, երբ Կիւլենի կողմնակիցները մեծ թիւով ձայներ ապահոված էին Թուրքիոյ համար:
- Թուրք ղեկավարներու անհեռատես որոշումը` երկրորդ անգամ անդամակցութեան դիմելու, 2009-2010-ին Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ընտրուելէ կարճ ժամանակ ետք: Թուրքիոյ վերընտրութիւնը կը զրկէր այլ երկիրներուն` ՄԱԿ-ի այդ կարեւորագոյն մարմնին անդամակցելու առիթէն:
- Տաւութօղլուի մեծամիտ նորօսմանեան նկրտումները թշնամացուցին մերձաւորարեւելեան երկիրներուն մեծ մասը` շրջելով անոր “զերօ խնդիրներ դրացիներուն հետ” քաղաքականութիւնը դէպի զերօ հարեւաններ` առանց խնդիրներու…  ˂Pew˃ հետազօտական կեդրոնի ուսումնասիրութիւնը կը հաստատէ, որ Թուրքիոյ անբաղձալի վարկանիշը ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իջած է աննախադէպ ցած մակարդակի:
- Էրտողանի բռնապետական իշխանութիւնը իր երկրին մէջ, ներառեալ` ցուցարարներուն վրայ բանեցուած արիւնոտ ճնշումը Կեզի հանրապարտէզին մէջ, լրագրողներու բանտարկութիւնը եւ “Թուիթըր” ու “Դիմատետր” ընկերային-հասարակական ցանցերու արգելափակումը: Անոր արհամարհական խօսքերը. “Ես թքած ունիմ, թէ ինչ կ’ըսէ միջազգային հանրութիւնը”, զայրացուցած էին բազմաթիւ անձեր համայն աշխարհի մէջ: Թուրքիոյ դէմ քուէարկութիւնը ՄԱԿ-ի անդամներու պատասխան կշտամբանքն էր Էրտողանին: Սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ նախագահ Էրտողանի ամբարտաւան ելոյթի ժամանակ պատուիրակներուն մեծ մասը լքեց դահլիճը:
- Լարուած յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմտեան Եւրոպայի հետ` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին աջակցելէ հրաժարելու եւ օտար ժիհատականներու կողմէ Թուրքիոյ սահմանէն քայլ մը անդին գտնուող քիւրտ քաղաքացիները չպաշտպանելու պատճառով: Ի պատասխան, աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ մեկնաբանները կոչ ուղղեցին Թուրքիան վտարելու ՆԱԹՕ-էն եւ մերժելու անոր` Եւրոմիութեան անդամակցելու դիմումը: Դժգոհ ըլլալով Թուրքիոյ թշնամական դիրքորոշումէն` նախագահ Օպամա, Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան շատ ցած մակարդակի պաշտօնեայ մը ուղարկեց Էրտողանի նախագահական երդման արարողութեան, Օգոստոս 28-ին:
Անտեսելով Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Թուրքիոյ ձախողութեան այս բոլոր տրամաբանական պատճառները, արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուն իր երկրի պարտութիւնը կեղծօրէն պատճառաբանեց այն բանով, թէ չէ ուզած ոտնակոխել “Թուրքիոյ արժէքները յանուն առաւել ձայներու”: Այս ծիծաղելի յայտարարութեամբ հանդէս կու գայ այնպիսի երկրի մը արտաքին գործոց նախարարը, որ միլիոնաւոր տոլարներ լեցուցած է  ամբողջ աշխարհի փոքրիկ կղզի-պետութիւններու եւ ափրիկեան աղքատ երկիրներու գանձարանները` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին անոնց ձայները գնելու համար:
Վերջապէս, Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ընդգրկուելու ձախողութիւնը կը սահմանափակէ Թուրքիոյ կարելիութիւնները` շահագործելու ՄԱԿ-ի հզօր կառոյցը` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով համաշխարհային քայլերը խոչընդոտելու համար:
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
  -   Յօդուածներ