ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ. Ատրպէյճանին Զէնք Վաճառող Երկիրները Նոյնքան Մեղաւոր Են Արցախի Վրայ Յարձակումներուն Համար


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ. Ատրպէյճանին Զէնք Վաճառող Երկիրները Նոյնքան Մեղաւոր Են Արցախի Վրայ Յարձակումներուն Համար

  • 25-11-2014 18:01:15   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Նոյեմբեր 12ին Ատրպէյճանի զինուած ուժերը ոճրային արարք գործեցին՝ հարուածելով հայկական անզէն ուղղաթիռը Արցախի սահմանամերձ տարածքին եւ սպաննելով անձնակազմի երեք սպաները: 1994ի հրադադարէն ի վեր Ատրպէյճանի յարձակումը հայկական ուղղաթիռին վրայ աննախադէպ էր:
 
Հայաստան ոչ միայն պէտք է հակահարուած տայ Ատրպէյճանին, այլ նաեւ ձեռնարկէ դիւանագիտական բոլոր անհրաժեշտ միջոցներու՝ բացայայտելու եւ դատապարտելու համար այն երկիրը, որուն վաճառած հրթիռներուն միջոցով Պաքուն խոցած է հայկական ուղղաթիռը: Պէտք է նշել, որ վերջին տարիներուն Իսրայէլ եւ Ռուսիա միլիառաւոր տոլարներու ժամանակակից ռազմական սարքեր վաճառած են Ատրպէյճանին:
 
Այս անարդար յարձակումը մասամբ արդիւնք է 20ամեայ սահմանային փոխադարձ հրաձգութիւններուն, որոնց ընթացքին ատրպէյճանցի հրաձիգները կը սպաննեն հայեր, իսկ հայ զինուորները պատասխան կրակով՝ ատրպէյճանցիներ: Պաքուի իր պալատին մէջ նստած Ալիեւը, կարծես թէ երբեք ալ չ՛անհանգստանար երիտասարդ ատրպէյճանցիներու կորուստով, որովհետեւ հաւասար թիւով հայեր կը զոհուին, ատրպէյճանցիները (շուրջ 10 միլիոն) քանի մը անգամ աւելի են, քան հայերը (3 միլիոնէն քիչ): Ալիեւի համար ատրպէյճանցի զինուորներու զոհաբերումը ձեռնտու ներդրում է՝ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը ղարաբաղեան չլուծուած հակամարտութեան վրայ սեւեռելու նպատակով:
 
Համայն հայութեան վրդովումը որոշ չափով փարատեցաւ, երբ Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարները յայտնեցին իրենց լուրջ մտադրութիւնը՝ պատասխանելու ատրպէյճանական վերջին հարուածին զանգուածային եւ անհամաչափ յարձակումով: Կը մնայ միայն յուսալ, որ հայկական լայնածաւալ հակայարձակումէն ետք Ալիեւ հասկնայ, որ Ատրպէյճան շատ սուղ գին պիտի վճարէ իր կործանարար ռազմական արկածախնդրութեան համար:
 
Ցաւօք, հայերու կողմէ մեծ հակայարձակման չանցնիլը նախորդ տարիներուն խրախուսած է բռնակալ Ալիեւը դիմելու աւելի լկտի յարձակումներու, որոնք գագաթնակէտի հասան անցեալ շաբթուան անզէն ուղղաթիռին զգետնումով: Իր յաջորդը քայլը ի՞նչ է: Քաղաքացիական օդանաւու պայթեցո՞ւմը մեծ թիւով հայ ուղեւորներով, ինչպէս որ ան բազմիցս սպառնացած է ընել:
 
Մէկ այլ շփոթ իրավիճակ է երկու երկիրներուն միջեւ շարունակուող բարձր մակարդակի խաղաղութեան բանակցութիւնները, երբ կողմերէն մէկը՝ Ատրպէյճանը, անընդհատ կը կրակէ… Ինչպէ՞ս կարելի է խօսիլ խաղաղութեան մասին եւ միաժամանակ կրակել: Իւրաքանչիւր գագաթնաժողովէ ետք հայ եւ ատրպէյճանցի ղեկավարները, ինչպէս նաեւ Մինսկի խումբի միջնորդները, որոնք կը ներկայացնեն Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Ռուսիան, շարունակ կը յայտարարեն, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով, մինչդեռ Ատրպէյճանը կը շարունակէ իր յարձակումները՝ խաղաղ բանակցութիւններէ առաջ, ընթացքին եւ ետք…
 
Մինսկի խումբը, ատրպէյճանական իւրաքանչիւր յարձակումէ ետք աւելի բարդացնելով իրավիճակը, կոչ կ՛ուղղէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին ցուցաբերելու զսպուածութիւն եւ մեղքը հաւասարապէս կը բարդէ երկու կողմերուն վրայ: Նման անարդար եւ կեղծ հաւասարութիւնը միայն կը քաջալերէ Ատրպէյճանը՝ աւելի աշխուժացնելու իր յարձակումները: Եթէ միջազգային հանրութիւնը իսկապէս կը ձգտի խաղաղ կարգաւորման եւ կը փափաքի կանխել աւելորդ արիւնահեղութիւնը Արցախի շուրջ, ուրեմն պէտք է արգիլէ զէնքի վաճառքը Ատրպէյճանին եւ խստօրէն դատապարտէ զայն՝ հրադադարի խախտման իւրաքանչիւր փորձի համար:
 
Միաժամանակ, Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է բոլոր անհրաժեշտ միջոցները ձեռնարկէ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդը պաշտպանելու ատրպէյճանական սադրիչ յարձակումներէն, նոյնիսկ եթէ ստիպուած ըլլայ կանխարգելիչ հարուածներ հասցնելու Ատրպէյճանի տարածքի խորքերը: Ալիեւ պէտք չէ մոռնայ, որ իր երկրի քարիւղի ու կազի խողովակաշարերը, քարիւղի դաշտերը եւ քարիւղի զտարան-գործարանները չափազանց խոցելի են նման յարձակումներու պարագային, որոնք կրնան միլիառաւոր տոլարներու վնաս հասցնել անոր երկրի տնտեսութեան:
 
Ատրպէյճանի յարձակողական պահուածքը կանխելու համար Հայաստան պէտք է յայտարարէ, որ ոչ միայն հակահարուած պիտի տայ, այլեւ վեց ամիսով պիտի սառեցնէ բանակցութիւնները՝ ատրպէյճանական իւրաքանչիւր յարձակումէ ետք: 
Քանի որ Ալիեւ յոյս ունի բանակցութիւններու միջոցով վերստանալու Արցախը շրջապատող որոշ տարածքներ, ուստի խաղաղ բանակցութիւններու կասեցումը կրնայ յետաձգել եւ վերջնականապէս խափանել որեւէ տարածքի վերադարձ: 
Այսպիսով, բանակցութիւններու երկար կասեցումէ ետք Ալիեւ պիտի սորվի, որ կարելի չէ խաղաղութեան մասին խօսիլ եւ միաժամանակ պատերազմիլ…
 
Եթէ Ատրպէյճան յամառօրէն շարունակէ իր թշնամական վերաբերմունքը, Հայաստան կրնայ դադրեցնել բանակցութիւնները եւ որոշել ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը կամ պաշտօնապէս Արցախը յայտարարել Հայաստանի անբաժանելի մաս:
 
Իսկ եթէ Ալիեւ այնքան յիմար է, որ պատերազմ սկսի, ուստի ան կրնայ աւելի շատ տարածքներ կորսնցնել եւ ամբողջովին աւերակներու վերածել իր երկրի քարիւղի ենթակառոյցներու զգալի մասը: Ոչ ոք պէտք է լրջութեամբ ընդունի Ալիեւի՝ Հայաստան եւ Արցախ ներխուժելու անդադար սպառնալիքները: Ռազմական փորձագէտներու մեծ մասը կ՛ընդունի, որ Ատրպէյճանի բանակը կը զիջի Հայաստանի բանակին, հակառակ արդիական զէնքեր ձեռք բերելու համար միլիառաւոր քարիւղային տոլարներու շռայլ ծախսերուն:
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ