Վերջին տարիներուն կը բազմանան թուրք մտաւորականներու, գիտաշխատողներու, լրագրողներու եւ իրաւապաշտպաններու շարքերը, որոնք համարձակ դիրքորոշում կը դրսեւորեն Հայոց ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ` ընդդէմ իրենց կառավարութեան ժխտողականութեան: Հակառակ անոնց դեռ փոքրաթիւ քանակին եւ նախագահ Էրտողանի վրայ ունեցած չնչին ազդեցութեան` պայքարը յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան պէտք է իրականացնել երկու ճակատով` Թուրքիոյ մէջ եւ դուրս: Յուսանք, որ ժամանակի ընթացքին նման ազատամիտ թուրքերու շարքերը կը բազմանան` ստիպելով իրենց կառավարութեան՝ բարեփոխումներ իրականացնելու շարք մը հարցերու վերաբերեալ, որոնց շարքին` Հայոց ցեղասպանութեան:
Սակայն այս առաջադէմ թուրքերը պէտք չէ դիտարկել որպէս Հայ դատի գործիչներ: Անոնց հիմնական նպատակն է ապրիլ ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ, ուր կը յարգեն բոլոր քաղաքացիներու իրաւունքները եւ կ՛ընդունին անցեալի մութ էջերը:
Նման արդարամիտ թուրքերէն մէկը Ստամպուլի քաղաքական հետազօտութիւններու կեդրոնի աւագ գիտաշխատող Չենկիզ Աքթարն է, որ երկար տարիներ պաշտպանած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ կառավարութենէն:
Այս տարուան սկիզբը Աքթարը երկու ազդեցիկ յօդուածներ գրեց` վիճարկելով Հայոց ցեղասպանութեան թրքական ժխտողականութիւնը: “Today’s Zaman,”թերթին մէջ Ապրիլ 21-ին հրապարակուած առաջին յօդուածը վերնագրուած էր “99-րդ տարելիցը”: Երկրորդ յօդուածը, որ Ապրիլ 24-ին տեղադրուած էր “Ալ Ճազիրա” անգլերէն կայքին մէջ կը կրէր` “Հայոց ցեղասպանութիւն. Թուրքիան ճշմարտութեան համար պայքարը կորսնցուցած է” խորագիրը եւ “Հզօրացող թուրք հասարակութիւնը այժմ կը վիճարկէ 1915 թուականի ողբերգական իրադարձութիւններուն վերաբերեալ պետութեան ժխտողական մտածելակերպը” ենթախորագիրը:
Աքթարը իր առաջին յօդուածին մէջ Ապրիլ 24-ը կը նկարագրէ որպէս “խորհրդանշական օր հայերու համար, որոնք բռնի ուժով սփռուած են ամբողջ աշխարհի մէջ: Այս համընդհանուր աղէտը տակաւին չէ ճանչցուած Թուրքիոյ մէջ: Նոյնիսկ այն փաստը, որ Անատոլիոյ հայերը ամբողջովին բնաջնջուեցան իրենց հայրենիքին մէջ, բաւարար չէ ժողովուրդին եւ պետութեան համար, որպէսզի ճանչնան զայն”:
Այնուհետեւ Աքթարը ծաղրի կ՛ենթարկէ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի` “Պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով” ստեղծելու կոչը, քանի որ ան “մէկ կողմէ բաղկացած պիտի ըլլայ “ցեղասպանութեան փորձագէտներէ”, իսկ միւս կողմէ` ուրացող փրոֆէսորներէ, որոնք չեն կրնար նոյնիսկ հաւաքուիլ, դեռ չենք խօսիր որոշում կայացնելու մասին”:
Յօդուածը աւարտելով լաւատեսական նօթով` Աքթարը կը դիտարկէ. “Ի տարբերութիւն պետութեան` թուրք հասարակութիւնը այսօր հարցեր կը բարձրացնէ անցեալի մասին եւ պատշաճ պատասխաններ կ՛որոնէ: Ասիկա ճշմարտութիւնը դիմագրաւելու ամենաառողջ եւ մնայուն մօտեցումն է: Այս հողերուն վրայ խաղաղութիւն չ՛ըլլար առանց անցեալի հետ առերեսուելու: 2015 թուականը պիտի ըլլայ ճշմարտութեան եւ յիշողութեան փնտռտուքի խորացման տարի, նոյնիսկ եթէ ատիկա կառավարութեան հաճելի չէ”:
“Ալ Ճազիրա”-ի մէջ տեղադրուած յօդուածին մէջ թուրք գիտնականը Հայոց ցեղասպանութեան ուղղութեամբ իր կառավարութեան ժխտողական քաղաքականութիւնը բաժանած է երեք ոլորտներու. լոպպիական գործունէութիւն Ատրպէյճանի հետ համատեղ, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ, գիտաշխատողներու վարձում` Թուրքիոյ “գռեհիկ ժխտողականութեան” գիտական տեսք տալու համար, եւ ուշադրութեան շեղում Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն` կեդրոնանալով այլ իրադարձութիւններու վրայ, ինչպիսիք են՝ “Տարտանելի ճակատամարտի յաղթանակը” եւ “Սարիղամիշի ռազմական ջախջախումը”:
Հակառակ եռանդուն ժխտողական քարոզչութեան` Աքթարը կը պնդէ, որ “Թուրքիան արդէն շատոնց կորսնցուցած է ճշմարտութեան համար պայքարը: Հայ ժողովուրդի բնաջնջումը իր նախնիներու երկրին մէջ, ինչպէս ալ որ զայն անուանէք, ակնյայտ փաստ է”:
Աքթարը 1915 թուականի Ապրիլ 24-ը կը նկարագրէ որպէս “սեւ օր, երբ Անատոլիայէն հայերուն ջնջելու որոշումը սկսաւ գործադրուիլ Երիտթուրքերու օսմանեան կառավարութեան կամ իթթիհատականներու կողմէ: Ասոր դրդապատճառը մահմետականներէ կազմուած միատարր բնակչութեան ստեղծումն էր, որ նախատեսուած էր դեռ չստեղծուած Թուրքիոյ հիմքը ձեւաւորելու համար: Այնպէս որ, այստեղ քրիստոնեայ ժողովուրդներու համար տեղ չկար` հակառակ անոնց պատմական ներկայութեան այդ հողերու վրայ”:
Այնուհետեւ թուրք գիտաշխատողը կ՛անդրադառնայ “Երիտթուրքերու անկումէն ետք իշխանութեան եկած Օսմանեան կառավարութեան կողմէ 1919 թուականի Մայիսին յանձնարարուած զեկոյցին”, ուր նշուած է, որ 800 հազար հայ սպաննուած է մինչեւ այդ թուականը: Աքթարը նաեւ կը մէջբերէ 1928 թուականին Թուրքիոյ գլխաւոր շտապի հրատարակած գիրքէն, ուր նշուած է. “800 հազար հայ եւ 200 հազար յոյն սպանուած են ջարդերու, բռնի տեղահանութեան եւ տաժանակիր աշխատանքի հետեւանքով”: Աքթարը կ՛եզրակացնէ. “Եթէ աւելցնենք նաեւ Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ 1918 թուականէն ետք սովի, համաճարակներու եւ ջարդերու հետեւանքով մահացածները, ապա այդ թիւը կը գերազանցէ մէկ միլիոնը: Իթթիհատականներու զտման աշխատանքը աւարտեցին քեմալականները` պարտաւորեցնելով ամբողջ Անատոլիոյ տարածքին փրկուածներուն պատսպարուիլ Ստամպուլի մէջ եւ միաժամանակ արգիլելով անոնց սրբավայրերն ու դպրոցները ամբողջ Անատոլիոյ մէջ”:
Յանդուգն թուրք մտաւորականը իր ազդեցիկ յօդուածը կ՛աւարտէ սթափ իրատեսական գրառումով. “Ճինը (ոգի) շիշէն դուրս եկած է: Երբ եւ ինչպէս ան կրնայ ազդել պետութեան քաղաքականութեան վրայ` դժուար է կանխատեսել”:
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր” թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանութիւնը` Ռուզաննա Աւագեանի