ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ.Թուրքիոյ Խորհրդարանը Թաքցուցած Կ՛ըլլայ Ճշմարտութիւնը, Եթէ Խափանէ Ցեղասպանութեան Օրինագիծը


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ.Թուրքիոյ Խորհրդարանը Թաքցուցած Կ՛ըլլայ Ճշմարտութիւնը, Եթէ Խափանէ Ցեղասպանութեան Օրինագիծը

  • 05-12-2014 11:12:06   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Անցեալ շաբաթ թուրք երեսփոխան մը առաջարկ մը ներկայացուց Թուրքիոյ խորհրդարանին՝ դատապարտելու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը, շարք մը այլ վայրագութիւններ եւ պետական ահաբեկչութեան դրուագներ:
 
Քրտամէտ ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ Սեպահաթ Թունճել այս փաստաթուղթով կը պահանջէ, որ նախագահ Էրտողան ճանչնայ եւ ներում հայցէ խորհրդարանին մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան, Տերսիմի, Մարաշի, Սվազի եւ Չորումի ջարդերուն, 1980 Սեպտեմբեր 12ի զինուորական յեղաշրջումէն ետք զանգուածային կախաղաններուն, ինչպէս նաեւ պետական ահաբեկչութեան պատճառով մարդկութեան դէմ գործուած այլ յանցագործութիւններու համար:
 
Առաջարկուած բանաձեւը նաեւ կը պահանջէ, որ Թուրքիոյ նախագահը այցելէ զանգուածային կոտորածներու վայրերէն մէկը, հրապարակաւ կրկնէ ներողութիւնը եւ Ապրիլ 24ը յայտարարէ պաշտօնական սուգի օր: Մէկ տարուան ընթացքին խորհրդարանը պէտք է ձեւաւորէ Ճշմարտութեան յանձնախումբ եւ հրապարակէ այս ոճրագործութիւններուն վերաբերեալ պետական արխիւներուն մէջ պահուած բոլոր փաստաթուղթերը: Նաեւ բարոյական եւ նիւթական փոխհատուցում պէտք է տրամադրուի զոհերու ժառանգորդներուն:
 
Սպասելի է, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը մերժէ այս առաջարկին քննարկումը: Ամենայն հաւանականութեամբ, Թունճելի իրական նպատակը Հայոց Ցեղասպանութեան եւ միւս զանգուածային ջարդերու հարցերուն բարձրացումն է խորհրդարանին մէջ՝ անկախ անոնց արդիւնքէն: Նման օրինագիծի լոկ ներկայացումն իսկ ազգային իրարանցում պիտի յառաջացնէ խորհրդարանին մէջ, լրատուամիջոցներու եւ թուրք ժխտողականներու շրջանակներուն մէջ: Թունճել պէտք է գիտակցի, որ ինք կրնայ զրկուիլ իր երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէն եւ մեղադրուիլ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301րդ յօդուածով, արգիլուած թեմաներ բարձրացնելուն համար:
 
Ողջունելով Թունճելի համարձակ եւ յանդուգն առաջարկը՝ հայերը, թուրքերը, քիւրտերը եւ ուրիշներ պէտք չէ մոռնան, որ Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ չէ, որ կը բարձրացուի հայերու տեղահանութեան եւ ջարդերու հարցը: 4 Նոյեմբեր 1918ին, երիտթուրքերու վարչակարգի անկումէն անմիջապէս ետք եւ նախքան Քեմալ Աթաթուրքի կողմէ 1923 թուականի Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը, օսմանեան խորհրդարանին մէջ առաջարկ ներկայացուեցաւ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէին գործած ոճրագործութիւններուն վերաբերեալ. «Բնակչութեան մէկ միլիոնը, որոնց միակ մեղքը հայ ազգին պատկանիլն էր, կոտորեցին եւ բնաջնջեցին, նոյնիսկ՝ կիներն ու երեխաները»: Այդ օրերուն ներքին գործոց նախարար Ֆեթհի պէյ պատասխանեց խորհրդարանին՝ ըսելով, որ «կառավարութեան մտադրութիւնն է՝ դարմանել մինչ օրս կատարուած իւրաքանչիւր անարդարութիւն այնքան, որքան միջոցները հնարաւորութիւն տան, վերադարձնել իրենց տուները անոնց, որոնց աքսորած են, եւ հնարաւորինս փոխհատուցել անոնց կրած նիւթական վնասները»:
 
Խորհրդարանական քննչական կոմիտէն անցաւ հաւաքման համապատասխան փաստաթուղթերու, որոնք կը նկարագրէին հայ ժողովուրդի զանգուածային ջարդերուն պատասխանատու մարդոց գործողութիւնները եւ զանոնք յանձնեց Թուրքիոյ ռազմական դատարան: Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէի պարագլուխները մեղաւոր ճանչցուեցան հայ ժողովուրդի կոտորածին համար եւ կախաղան հանուեցան կամ դատապարտուեցան երկարատեւ բանտարկութեան: Ռազմական դատարանը Գերմանիայէն պահանջեց Թուրքիոյ վերադարձնել ջարդերու գլխաւոր կազմակերպիչները, որոնք փախած էին երկիրէն: Գերմանիոյ մերժումէն ետք զանոնք հեռակայ կարգով դատեցին եւ մահուան դատապարտեցին:
 
Իր առաջարկը պատմական եւ իրաւական նախադէպերով հիմնաւորելու համար Թունճել պէտք է Թուրքիոյ խորհրդարան ներկայացնէ 1918 թուականի խորհրդարանական առաջարկը եւ քննարկումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, որ այդ ժամանակ կը կոչուէր «Հայկական տեղահանութիւններ եւ ջարդեր»: Ան պէտք է նաեւ ներկայացնէ Թուրքիոյ ռազմական դատարաններուն կողմէ ընդունուած մեղադրական վճիռներու պատճէնները: Վերջապէս, Թունճել պէտք է խորհրդարանին յիշեցնէ Քեմալ Աթաթուրքի պատմական խոստովանութիւնը, զոր ան ըրած է «Լոս Անճելըս Էկզեմինըր» թերթին մէջ 1926ի Օգոստոս 1ին հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ. «Երիտթուրքերու կուսակցութեան այս մնացորդները պէտք է պատասխան տան մեր քանի մը միլիոն քրիստոնեայ հպատակներուն, զորս դաժանօրէն արտաքսեցին իրենց հայրենի օճախներէն եւ կոտորեցին»: Կը համարձակի՞ արդեօք որեւէ թուրք երեսփոխան ստախօս անուանել արդի Թուրքիոյ հիմնադիրը:
 
Եթէ Թուրքիոյ խորհրդարանը խափանէ Թունճելի օրինագիծը եւ կանխէ անոր քննարկումը, ապա անիկա բացայայտած պիտի ըլլայ Էրտողանի կառավարութեան՝ ճշմարտութիւնը դիմակայելու սարսափը եւ իր նախորդներուն մեղաւորութեան քողարկումը… Անկախ վերջնական արդիւնքէն՝ այս առաջարկը անսպասելի դրական զարգացում է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրէին եւ որոշ մխիթարութիւն կը բերէ թրքական վայրագութիւններու զոհերու ժառանգորդներուն:
 
Թունճելի առաջարկի ներկայացումը Թուրքիոյ խորհրդարան կը համընկնի Պոլիվիոյ ծերակոյտին եւ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան միաձայն ճանաչման հետ: Յատկանշական է, որ այս ճանաչումը ձեռք բերուած է ցեղասպանութեան զուտ բնոյթէն մեկնելով, առանց հայկական լոպիական ջանքերու, ինչ որ կը ժխտէ թրքական սովորական պնդումները, ըստ որոնց՝ երկիրներ կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղւոյն հայ համայնքներու ճնշման տակ: Պոլիվիոյ մէջ հայկական համայնք չկայ…
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
 
  -   Յօդուածներ