Յարութ Սասունեան.Հրատապ Լուր. Ամալ Քլունին Հայաստանը Պիտի Ներկայացնէ Եւրոպական Դատարանին Մէջ


Յարութ Սասունեան.Հրատապ Լուր. Ամալ Քլունին Հայաստանը Պիտի Ներկայացնէ Եւրոպական Դատարանին Մէջ

  • 27-12-2014 12:05:24   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

 
Այս յօդուածին մէջ առաջին անգամ անսպասելի նորութիւն մը կը բացայայտուի՝ հանրայայտ դերասան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ճորճ Քլունիի կինը` Ամալ Ռամզի Ալամուտինը, յաջորդ ամիս Հայաստանը ներկայացնող փաստաբաններէն մէկը պիտի ըլլայ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ):
Որոշ ընթերցողներ կրնան հարց տալ, թէ ինչպէ՞ս կին մը` “Էլլ” (Elle) ամսագրի նկարագրութեամբ, ունենալով “շլացուցիչ տեսք եւ շքեղ մազեր, կրելով բաց հագուստներ, նորաձեւ տաբատներ, գոյնզգոյն կրունկներ”, ներգրաւուած է նման բարդ իրաւական հարցին մէջ:
Շատ մարդիկ տեղեակ չեն, որ Ամալ Ալամուտինը, այժմ տիկին Քլունին, իր գեղեցիկ դէմքէն աւելի այլ բարձր արժանիքներ ունի նման կարեւոր յանձնարարութեան համար:
Ամալ Քլունին բարձրակարգ փաստաբան է, որ մասնագիտացած է միջազգային իրաւունքի, քրէական իրաւունքի, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ արտայանձնման ոլորտներու մէջ: Ան ներգրաւուած եղած է շարք մը խոշոր դատավարութիւններու մէջ, ինչպէս` Էլկինի մարմարները Մեծ Բրիտանիայէն  Յունաստան վերադարձնելու դատը, “Ուիքիլիքս”-ի Ճուլիան Ասանժի պաշտպանութիւնը եւ Ուքրանիոյ նախկին վարչապետ Եուլիա Տիմոշենքոյի դատը: Ան նաեւ աշխատած է ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի հարցերով յատուկ դատարանի դատախազի, ինչպէս նաեւ նախկին Հարաւսլաւիոյ համար Միջազգային քրէական դատարանի հետ:
Ամալ ծնած է 1978 թուականին Լիբանան, անոր հայրը տուրզի է, իսկ մայրը` սուննի մահմետական: Երկու տարեկանին անոր ընտանիքը կը տեղափոխուի Մեծ Բրիտանիա: Իրաւաբանական կրթութիւնը ստացած է Նիւ Եորքի համալսարանի իրաւաբանական Բաժանմունքի մէջ եւ աշխատած՝ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ (Համաշխարհային դատարան): 2010 թուականի Լոնտոն վերադառնալէն ետք ան դարձած է “Տաութի Սթրիթ չեմպըրզ” (Doughty Street Chambers) փաստաբան: Եղած է Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿ-ի յատուկ յանձնակատար Քոֆի Անանի խորհրդականը, իսկ 2013 թուականին` ՄԱԿ-ի անօդաչու սարքերու քննութեամբ զբաղող խումբի փաստաբանը: Ան գերազանց կը տիրապետէ անգլերէնին, ֆրանսերէնին եւ արաբերէնին: 2014 թուականի Սեպտեմբերին անոր ամուսնութիւնը Ճորճ Քլունիի հետ լայնօրէն լուսաբանուեցաւ միջազգային մամուլի մէջ:
Տիկին Քլունին, նման անթերի արժանիքներով, մեծ առաւելութիւն մը պիտի ըլլայ Հայաստանի իրաւական խումբի համար Սթրազպուրկի մէջ՝ Յունուար 28-ին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ “Փերինչէքը ընդդէմ Զուիցերիոյ” վերաքննութեան գործին:
Դատական գործը կապուած է զուիցերական դատարաններու կողմէ թրքական փոքրիկ կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փէրինչէքին մեղաւոր ճանչնալուն հետ, որ 2005-ին մեկնած էր Զուիցերիա` յատուկ դիտաւորութեամբ ժխտելու Հայոց ցեղասպանութիւնը: 2008-ին Փէրինչէքը Զուիցերիոյ դատարանի որոշումը բողոքարկեց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ: 2013-ի Դեկտեմբեր 17-ին ՄԻԵԴ-ի եօթ դատաւորներէն հինգը որոշում կայացուցին, որ Զուիցերիան խախտած է Փէրինչէքի ազատ խօսքի իրաւունքը:
Ասիկա երկակի չափանիշներով կայացուած անարդար եւ անընդունելի որոշում էր, քանի որ դատարանը հրէաներու Հոլոքոսթի ժխտումը յանցանք համարած է, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման արգելումը` խօսքի ազատութեան ոտնահարում: Հինգ դատաւորները, որոնք որոշում կայացուցած էին ընդդէմ Զուիցերիոյ, թոյլ տուած են դատողութեան եւ տուեալներու անհամար սխալներու` աղաւաղելով Փէրինչէքի պնդումները, խեղաթիւրելով Զուիցերիոյ օրէնքներն ու դատավճիռները, չունենալով Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ տարրական գիտելիքներ եւ բազմիցս հակասելով իրենք իրենց: Եօթ դատաւորներէն երկուքը չհամաձայնեցան մեծամասնութեան որոշումին եւ ներկայացուցին 19 էջնոց համապարփակ զեկոյց մը Հայոց ցեղասպանութեան մասին` կողմնակից ըլլալով զուիցերիական դատարանին:
2014-ի Մարտ 17-ին Զուիցերիա որոշեց բողոքարկել ՄԻԵԴ-ի վճիռը 17 դատաւորներէ կազմուած Մեծ պալատին` պաշտպանելու համար իր երկրի օրէնքներու եւ իրաւական համակարգի վարկը: Մասնաւորապէս, Զուիցերիոյ կառավարութիւնը դատարանի որոշումը վիճարկեց հետեւեալ երեք պատճառներով.
 1) ՄԻԵԴ-ը նախապէս երբեք չէ զբաղած ցեղասպանութեան իրաւական որակաւորմամբ եւ խօսքի ազատութեան սահմանումով.
2) Զուիցերիոյ “հայեցողութեան շրջանակի” անհարկի ձեւով նուազեցում` ըստ ՄԻԵԴ-ի իրաւագիտութեան փորձի.
3) “Արհեստական տարբերութիւններու” ստեղծում. միջազգային դատավճիռի բացակայութեան պայմաններու մէջ ՄԻԵԴ-ը պէտք է դիտարկեր թրքական դատարանի 1919-ի վճիռը ընդդէմ Հայոց ցեղասպանութեան հեղինակներու` որպէս Միջազգային դատարանի իրաւագիտութեան փորձի առնչուող ապացոյց:
Անցեալ տարի Հայաստան չէ մասնակցած ՄԻԵԴ-ի ստորին ատեանի դատարանի կայացած Փէրինչէքի գործով դատավարութեան: Սակայն, Թուրքիան միջամտած է` ներկայացնելով Հայոց ցեղասպանութիւնը կասկածի տակ դնող ծաւալուն փաստաթուղթեր: Այս անգամ Հայաստան պիտի մասնակցի ուժեղ իրաւաբաններու խումբով, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած է միջազգային նշանաւոր իրաւաբան եւ “Անյարմար ցեղասպանութիւն. ո՞վ այսօր կը յիշէ հայերու մասին” ուշագրաւ գիրքի հեղինակ Ճեֆրի Ռապըրթսընը: Դատարանին մէջ Ռապըրթսընին պիտի միանան անոր գործընկեր Ամալ Քլունին եւ Հայաստանի կառավարութեան երկու ներկայացուցիչներ` Գէորգ Կոստանեանը եւ Էմիլ Բաբայեանը:
Շատ կարեւոր է, որ 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրէին, ՄԻԵԴ-ի Մեծ պալատը վերանայի ստորին ատեանի դատարանի թերի որոշումը` վերականգնելով Զուիցերիոյ օրէնքներու իրաւացիութիւնը եւ կանխելով Թուրքիոյ եւ Փէրինչէքի կողմէ ցեղասպանութեան ժխտողականութեան արտահանումը Եւրոպա եւ այլուր…
 
 
Յարութ Սասունեան
“Քալիֆորնիա Քուրիըր” թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 
Թարգմանութիւնը` Ռուզաննա Աւագեանի
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ