ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Զուարթ Սուտճեան Դատի Բացած Է Թուրքիոյ Դէմ` Վերստանալու Համար Իր Ընտանեկան Կալուածը` Տիգրանակերտի Օդակայանը


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Զուարթ Սուտճեան Դատի Բացած Է Թուրքիոյ Դէմ` Վերստանալու Համար Իր Ընտանեկան Կալուածը` Տիգրանակերտի Օդակայանը

  • 26-01-2015 11:45:30   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Հայերը կը պատրաստուին  հազարաւոր ձեռնարկներ կազմակերպելու ամբողջ աշխարհին մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման համար:
Այդ իրադարձութիւններուն նպատակն է աշխարհին յիշեցնել Օսմանեան կայսրութեան կողմէն 1915-1923 թուականներուն գործադրած զանգուածային վայրագութիւնները, այն ակնկալութեամբ, որ միջազգային հանրութիւնը կը ստիպէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը առերեսուելու իր նողկալի անցեալին հետ եւ վերականգնելու ցեղասպանութեան ժառանգներուն իրաւունքները:
Սակայն, այդ վեհ նպատակին հասնելու համար գոյութիւն ունի աւելի արագ եւ արդիւնաւէտ ուղի` դատական հայցը: Վերջին տարիներուն քանի մը ամերիկահայ փաստաբաններ հասած են որոշակի յաջողութիւններու` Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատարաններուն մէջ համատեղ հայցեր ներկայացնելով ընդդէմ ապահովագրական ընկերութիւններու: Այլ հայցեր տակաւին ընթացքի մէջ են:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաշեմին, թէ՛ Հայաստանի կառավարութիւնը, եւ թէ Սփիւռքի որոշ խմբաւորումներ կը քննարկեն միջազգային դատարաններու մէջ Թուրքիոյ դէմ դատական հայցեր ներկայացնելու կարելիութիւնը: Սակայն, նման լուրջ դատերը պէտք է իրականացուին միայն միջազգային իրաւունքի մասնագէտներու, եւ ոչ թէ հայ պարզ անհատներու կամ բարի կամեցողութիւն դրսեւորող համայնքային խումբերու կողմէ: Սխալ ձեւակերպման պարագային այդ հայցերը կրնան երկարատեւ կործանարար ազդեցութիւն ունենալ Թուրքիայէն Հայաստանի ունեցած օրինական պահանջներուն վրայ:
Անցեալ տարուան Սեպտեմբերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը յայտարարեց, որ մտադիր է հայց ներկայացնել Թուրքիոյ դէմ` մինչեւ Ցեղասպանութիւնը Սիսի կաթողիկոսարանին պատկանող գոյքը վերադարձնելու պահանջով: Թուրքիոյ դատարանին կողմէ այս հայցը մերժելու պարագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը այդ որոշումը այնուհետեւ պիտի բողոքարկէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ):
Վերջերս թրքական մամուլը հաղորդեց, որ ամերիկահայ Զուարթ Սուտճեանը դատական հայց ներկայացուցած է` պահանջելով վերադարձնել իր մօր` Պասմաճեաններու ընտանիքին պատկանող հողատարածքը, որուն վրայ կը գտնուի Տիգրանակերտի օդակայանը:
Ես խօսեցայ 94-ամեայ տիկին Սուտճեանին հետ, որ կը բնակի Նիւ Եորք (եւ ոչ թէ Քալիֆորնիա, ինչպէս կը հաղորդէ թրքական մամուլը): Ան պատմեց, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, բռնագաղթելով Տիգրանակերտէն, անոր ընտանիքը սկիզբը տեղափոխուած է Լիբանան, այնուհետեւ Քուպա (ոչ թէ Քորէա` ըստ թրքական մամուլի) եւ վերջապէս հաստատուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ:
1967 թ. Սուտճեան ընտանիքին կալուածը բռնագրաւուած է թրքական կառավարութեան կողմէն` տեղական քանի մը թերթի մէջ յայտարարութիւն տեղադրելէ եւ սեփականատէրերը չգտնելու մասին պնդումներ ընելէն ետք։
Քանի մը տարի առաջ Սուտճեանի փաստաբան Ալի Էլպէյօղլուն անոր անունով հայց ներկայացուց Թուրքիոյ մէջ` ձգտելով վերադարձնել անոր ժառանգութիւնը: 2013ի Ապրիլին դատարանը մերժեց անոր պահանջը` պնդելով, որ 10մեայ վաղեմութեան ժամկէտը անցած է: Վերաքննիչ դատարանը բեկանեց ստորին ատեանի որոշումը եւ պահանջեց գործը վերաքննել՝ հիմնաւորելով, որ Սուտճեանը կրնար տեղեակ չըլլալ Տիգրանակերտի տեղական թերթին մէջ տեղադրուած իրաւական յայտարարութեան մասին գոյքի բռնագրաւումէն առաջ: Դատարանը յայտարարեց, որ անիկա առնուազն պէտք է տեղադրուէր ամբողջ երկրին մէջ լայն տարածում ունեցող թրքական թերթերու մէջ:
Փաստաբան Էլպէյօղլուն պարզաբանեց, որ Սուտճեանի կալուածի բռնագրաւումը  մասնաւոր սեփականութեան իրաւունքի խախտում է, ինչպէս սահմանուած է Մարդու իրաւունքներու եւ  հիմնական ազատութիւններու եւրոպական պայմանագիրով:
Նոյնիսկ եթէ Սուտճեանը շահի իր դատական գործը, քիչ հաւանական է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը վերադարձնէ տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներով գնահատուող շատ արժէքաւոր հողատարածքը, որուն վրայ կը գտնուին Տիգրանակերտի ռազմական եւ քաղաքացիական օդակայանները: Այդ իսկ պատճառով անոր փաստաբանը “Միլլիյէթ”  թերթին յայտնեց, որ Սուտճեանը միայն հատուցում կը պահանջէ իր ընտանիքին պատկանող կալուածի արժէքին  չափով:
Էլպէյօղլուն նաեւ “Միլլիյէթ”ին ըսաւ, որ Սուտճեանի գործը դուռ պիտի բանայ բազմաթիւ նման դատերու առջեւ: Յատկանշական է, որ թրքական թերթը իր յօդուածը վերնագրած է “Սփիւռքի յոյսը”:
Թրքական լրատուամիջոցները չէին անդրադարձած այն պարագային, որ եթէ վերաքննիչ դատարանը չբաւարարէ Սուտճեանի հայցը, ան կրնայ իր գործով դիմել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին: ՄԻԵԴի դրական որոշումը պիտի յառաջացնէ դատական հայցերու ամբողջ հեղեղ մը համայն հայութեան կողմէն, որուն նախնիները ունեցած են կալուածներ, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ բռնագրաւուած են թրքական կառավարութեան կողմէն:
Թուրքիոյ մէջ կան անթիւ այլ արժէքաւոր կալուածներ, որոնք բռնագրաւուած են հայերէն, ներառեալ`
- Անգարայի մէջ նախագահական պալատը, որ մինչեւ վերջերս օգտագործուած է Էրտողանի եւ Թուրքիոյ նախկին նախագահներուն կողմէ, կը գտնուի Գասապեան ընտանիքին պատկանող տարածքին վրայ:
- Պոլսոյ Աթաթուրքի անուան օդակայանը մասամբ կառուցուած է վանեցի Գէորգ Սարեանի ընտանիքին պատկանող տարածքին վրայ:
- Ինճիրլիքի Միացեալ Նահանգներու ռազմակայանը կը գտնուի քանի մը հայ ընտանիքներու պատկանող կալուածներու վրայ, անոնք դատական հայց ներկայացուցած են Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատարան՝ ընդդէմ Թուրքիոյ կառավարութեան:
Այս եւ հայերուն պատկանող հազարաւոր այլ կալուածներ պէտք է վերադարձուին իրենց օրինական տէրերուն՝ իբրեւ արդարութեան մասնակի վերականգնում, զոր Թուրքիան պարտք է հայ ժողովուրդին:
 
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
 
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
՚
 
 
 
  -   Յօդուածներ