Յարութ Սասունեան. Փրոֆ. Օրոն Խստօրէն Քննադատեց Իսրայէլի Նախագահը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ջարդ Անուանելուն Համար


Յարութ Սասունեան. Փրոֆ. Օրոն Խստօրէն Քննադատեց Իսրայէլի Նախագահը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ջարդ Անուանելուն Համար

  • 14-02-2015 17:52:40   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

 
Իսրայէլի նախագահ Ռուվեն Ռիվլինի Յունուար 28ի ելոյթը՝ Նիւ Եորքի ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին մէջ, լուրջ բանավէճի նիւթ դարձաւ:
 
Ռիվլին, որպէս Քնեսեթի (Իսրայէլի խորհրդարան) նախագահ եւ անդամ, երկար տարիներ պայքարած է, որպէսզի Իսրայէլը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Սակայն նախագահ դառնալէն ետք, ինչպէս ԱՄՆ նախագահ Օպաման, Ռիվլին նոյնպէս չկամեցաւ վերահաստատել իր սկզբունքային դիրքորոշումը այս հարցին առնչութեամբ:
 
Անցեալ ամիս, նախագահ Ռիվլին հզօր ելոյթ մը ունեցաւ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին առջեւ, Ողջակիզման զոհերու յիշատակի միջազգային օրուան արարողութէան ժամանակ: Ցաւօք, Իսրայէլի նախագահը երկու լուրջ սխալ թոյլ տուաւ: Ան Հայոց Ցեղասպանութիւնը անուանեց ջարդ, եւ այդ մեկնաբանութիւնը հաւասարակշռելու համար՝ անդրադարձաւ արցախեան պատերազմի ժամանակ Խոջալու գիւղին մէջ տեղի ունեցած ատրպէյճանցիներու սպանութիւններուն:
 
Ահա հատուած մը՝ ՄԱԿի մէջ Ռիվլինի ունեցած ելոյթէն.
 
«Երբ 1915 թուականին կը կոտորէին հայ ժողովուրդի զաւակները, Աւշալոմ Ֆէյնպըրկը՝ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ դաշնակիցներուն հետ գործակցող «Նիլի» հրէական լրտեսական ցանցի ղեկավար անդամներէն մէկը, գրած էր՝ կը մէջբերեմ. «Ես ցասումէն ատամներս կրճտացնելով կը մտածէի, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ յաջորդը: Երուսաղէմի ճանապարհին, երբ կը քալէի օրհնուած եւ սուրբ հողին վրայով, ես ինծի հարց տուի, թէ ինչպիսի՞ ժամանակներու մէջ կ՛ապրինք, արդեօք այժմ 1915 թուակա՞նն է, թէ Թիթոսի կամ Նապուքոտոնոսորի դարաշրջանը: Արդեօք մոռցա՞ծ եմ, որ հրեայ եմ: Ես նաեւ հարցուցի ես ինծի՝ արդեօք իրաւունք ունի՞մ լալու միայն իմ ժողովուրդի ողբերգութեան վրայ. միթէ Երեմիա մարգարէն արիւնոտ արցունքներ չէ՞ր թափած նաեւ հայերու համար»: Աւշալոմ Ֆէյնպըրկ այս մէկը գրած է ճիշդ 100 տարի առաջ… Վարանումի եւ ժխտումի 100 տարի: Սակայն այդ տարիներու Իսրայէլի գետնին վրայ, Երուսաղէմի մէջ, ուր ես ծնած եմ, ոչ մէկը կը համարձակէր հերքել տեղի ունեցած ջարդը: Երուսաղէմի բնակիչները, իմ ծնողներս եւ ընտանիքի անդամներս տեսած են այդ աղէտը վերապրած՝ սովալլուկ ու թշուառ հազարաւոր հայ փախստականները: Անոնք Երուսաղէմի մէջ ապաստան գտան, եւ մինչեւ այսօր անոնց ժառանգորդները կը շարունակեն այնտեղ ապրիլ»:
 
Իսրայէլի «Բաց» համալսարանի փրոֆեսոր, ականաւոր մտաւորական Եայիր Օրոն, զայրացած է իր նախագահին բառերու ընտրութենէն, հակառակ անոր հետ ունեցած իր անձնական մտերմութեան: Օրոն եղած է Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վաղեմի ջատագով եւ այդ առնչութեամբ՝ քանի մը գիրքերու հեղինակ: Այժմ ան կը դասաւանդէ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ:
 
Յունուար 31ին, երբ ես դասախօսութիւն կու տայի Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, Երեւանի նորաբաց Կոմիտասի թանգարանին մէջ, փրոֆ. Օրոն մօտեցաւ ինծի եւ հարցուց, որ արդեօք կրնա՞յ դիմել լսարանին: Թոյլտուութիւն ստանալէ ետք, ան կարդաց իր անձնական յայտարարութիւնը, զոր վերնագրած էր՝ «Ներողութիւն կը խնդրեմ իմ հայ եղբայրներէս».
 
«Իսրայէլի նախագահ Ռուվեն Ռիվլին հանդէս եկած է ուշագրաւ ելոյթով մը՝ շատ յուզիչ նախադասութիւններով անկեղծօրէն եւ խորապէս ներկայացնելով հայ ժողովուրդի տառապանքները: Սակայն, ան միտումնաւոր կերպով չօգտագործեց «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը՝ ո՛չ եբրայերէնով, ո՛չ անգլերէնով»: Փրոֆ. Օրոն շարունակեց՝ բացայայտելով, որ նախագահ Ռիվլին անձամբ ըսած է իրեն, թէ՝ «չէ փոխած իր կարծիքը, սակայն չի կրնար այդ մէկը (ցեղասպանութիւնը) յայտարարել՝ իբրեւ Իսրայէլի նախագահ: Ասիկա ես կրնամ հասկնալ: Սակայն, ելոյթի վերջին վայրկեանին, ինչ որ մէկը, հաւանաբար՝ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութենէն, գուցէ նոյնիսկ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանը, զայն թելադրեց, որ ներառէ հետեւեալ սարսափելի նախադասութիւնը. «Արդեօք ցեղասպանութեան դէմ մեր պայքարը՝ այս Ընդ. ժողովին պայքարը, բաւարար չափով արդիւնաւէ՞տ էր: Արդեօք անիկա արդիւնաւէ՞տ էր Պոսնիոյ մէջ: Արդեօք արդիւնաւէ՞տ էր Խոջալուի սպանութիւնները կանխելու համար»:
 
Ճրոֆ. Օրոն շարունակեց իր քննադատական ելոյթը. «Պարո՛ն նախագահ, դուք Խոջալուի անունը կիրառեցիք ցեղասպանութեան պարունակին մէջ: Դուք շատ լաւ գիտէք ցեղասպանութեան եւ ջարդերու տարբերութիւնը… ո՞վ առաջարկեց ձեզի, պարո՛ն նախագահ, ո՞վ խնդրեց, որ ընէք այս սարսափելի սխալը: Դուք չօգտագործեցիք ցեղասպանութիւն եզրը Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշատակելու ատեն: Ցեղասպանութեան եզրի կիրառումը Լեռնային Ղարաբաղի գիւղի մը վերաբերեալ անընդունելի՛ է… Դուք չէք համարձակիր ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործել Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ, իսկ այս գիւղի արիւնահեղութիւնը, որուն անունը, վստահ եմ, չէիք գիտեր ձեր ելոյթէն քանի մը վայրկեան առաջ, կը բնորոշէք որպէս ցեղասպանութիւն: Ատիկա սրբապղծութի՛ւն է, եւ ատով դուք կը դաւաճանէք Հոլոքոսթի եւ անոր զոհերու յիշատակը»:
 
Արդարամիտ փրոֆեսորը իր սրտի խօսքը աւարտեց՝ խոստանալով. «Իմ հայ եղբայրնե՛ր, թոյլ տուէք իմ եւ իսրայէլացի բազմաթիւ հրեաներու անունով ներողութիւն խնդրել ձեզմէ: Մենք ձեզի հետ ենք: Մենք չենք դադրեցներ մեր պայքարը, մինչեւ Իսրայէլ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:
 
 
Յարութ Սասունեան
“Քալիֆորնիա Քուրիըր” թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
 
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ