Յարութ Սասունեան. Ո՞վ Պատասխանատու Է Էրտողանի Մոլեռանդ Բռնակալ Դառնալուն


Յարութ Սասունեան. Ո՞վ Պատասխանատու Է Էրտողանի Մոլեռանդ Բռնակալ Դառնալուն

  • 25-02-2015 11:28:50   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Երբ 2002 թուականին Թուրքիոյ մէջ իշխանութեան գլուխ եկաւ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը, բարեպաշտ մահմետականի տպաւորութիւն կը ձգէր անոր հիմնադիր Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը, որ կը ձգտէր վերացնել կաշառակերութիւնը եւ բարելաւել Թուրքիոյ քաղաքացիներու կենսամակարդակը:
 
Վերջին 13 տարիներուն ընթացքին, Էրտողան աստիճանաբար վերածուեցաւ կաշառակեր բռնակալի՝ ժամանակակից օսմանեան սուլթանի հովերով տարուած: Արդեօք ի սկզբանէ ան եղա՞ծ է գառնուկի մորթ հագած գայլ, թէ շփացած է միջազգային հանրութեան կոյր աջակցութեան եւ շռայլ գովասանքներուն պատճառով: Յատկանշական է, որ նախագահ Օպամա Էրտողանը կ՛անուանէր մէկը աշխարհի այդ հինգ ղեկավարներէն, որոնց հետ ինք յատուկ մտերմութիւն ունի: Օպամա եւ այլ պետութիւններու ղեկավարները վերջապէս հասկցան, որ իրենց ստեղծած հրէշը դուրս եկած է շիշէն եւ վերահսկողութենէ: Էրտողանի հանդէպ վստահութեան չարաշահման գլխաւոր զոհը ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ՝ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը:
 
Էրտողանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներուն ամբարտաւան դառնալը ցոյց կու տան ստորեւ գրուած հատուածները, որոնք առնուած են անոնց վերջին հրապարակային ելոյթներէն եւ որոնք ներկայացուած են Մերձաւոր Արեւելքի լրատուամիջոցներու հետազօտութիւններու հիմնարկին կողմէ։
 
Յունուար 21ին, Պոլսոյ մէջ կայացած Իսլամական երկիրներու միջխորհրդարանական միութեան համաժողովին, Էրտողան իր ճառով աւելի շատ նմանեցաւ Իսլամական պետութեան առաջնորդի մը, քան՝ ՆԱԹՕի անդամ պետութեան նախագահի, կոչ ուղղելով մահմետական երկիրներուն՝ «միաւորուելու եւ պարտութեան մատնելու Արաբական Լորանսի յետնորդները, որոնք կը ձգտին քայքայել Միջին Արեւելքը»: Ան մեղադրեց Արեւմուտքը իսլամական աշխարհին դէմ դաւադրութիւն կազմակերպելուն եւ մահմետականներու եղբայրասպանութեան պատճառ դառնալուն համար:
 
Վերջերս Ճիպութի կատարած իր այցելութեան ժամանակ, Էրտողան պարծանքով ըսաւ. «Թուրքիան հզօր երկիր է: Եթէ դուք (Եւրոմիութիւն) Թուրքիան դեռ կը դիտէք որպէս երկիր մը, որ պիտի աղաչէ ձեր (ԵՄ) դրան սեմին, ապա Թուրքիան աղաչող երկիր չէ»: Ի պատասխան Թուրքիոյ մէջ լրատուամիջոցներու դէմ կիրարկուած պատժամիջոցներուն վերաբերեալ կատարուած եւրոպական քննադատութեան՝ Էրտողան յայտարարեց ԵՄ ղեկավարներուն. «Ձեզի պահեցէք ձեր գաղափարները… Բարի եղէք գալ Թուրքիա, որպէսզի Թուրքիան ձեզի՛ ժողովրդավարութեան դասեր տայ»:
 
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ, ուղեկցելով Էրտողանին՝ Ափրիկէ կատարած ճամբորդութեան ընթացքին, անամօթաբար գործածեց ցեղապաշտութեան քարտը՝ դիմելով տեղացիներուն. «Օսմանեան կայսրութեան անկումէն ետք, ափրիկեցիները առաջին անգամ կը տեսնեն սպիտակ ձեռք, որ չի շահագործեր, չի ստրկացներ կամ բռունցքով չի հարուածեր անոնց գլուխը. սպիտակ ձեռք, որ չի շահագործեր անոնց հանքերը, չի վերացներ անոնց արժէքները, չի ձուլեր զանոնք կամ չի դիտեր որպէս ստորադաս արարածներ: Անոնք կը տեսնեն Թուրքիոյ սպիտակ ձեռքը, որ զիրենք կ՛ընդունի որպէս հաւասար եւ եղբայր… Մենք կը փորձենք օժանդակել այս սեւամորթ, բայց ջերմ սիրտ ունեցող մարդոց վերածնունդին»։ Քուրթուլմուշ հաւանաբար յոյսով էր, որ իր ափրիկեան ունկնդիրները անտեղեակ պիտի ըլլան, թէ Էրտողան յաճախակիօրէն կ՛օգտագործէ «զենճի» (սեւամորթ) նսեմացուցիչ եւ ցեղապաշտական եզրը՝ ցած դասակարգի մարդիկ բնութագրելու համար…
 
Չուզելով ամբարտաւանութեամբ եւ կրօնական մոլեռանդութեամբ ետ մնալ Էրտողանէն եւ Քուրթուլմուշէն՝ վարչապետ Տաւութօղլու անցեալ ամիս, Ցիւրիխի մէջ տեղւոյն թուրք բնակչութեան բազմամարդ հանրահաւաքին յայտարարեց. «Իսլամութիւնը Եւրոպայի բնիկ կրօնն է եւ պիտի շարունակէ այդպէս մնալ: Հակառակ խոչընդոտներու, նախապաշարումներու եւ բազմաթիւ սադրանքներու, Թուրքիա պիտի շարունակէ քալել ԵՄ անդամակցութեան ուղիով… Ալլահին ողորմածութեամբ, մենք երբեք չենք խոնարհեր մեր գլուխը: Մենք թոռներն ենք Կալիփոլիի մէջ մարտնչած հերոսներուն, որոնք երբեք չեն խոնարհած իրենց գլուխը: Երբ 2002ին մենք եկանք իշխանութեան գլուխ, անոնք (ԵՄ) ըսին, որ Թուրքիա շատ աղքատ, շատ տկար երկիր է եւ բեռ պիտի դառնայ Եւրոպայի համար: Շնորհակալութի՛ւն Ալլահին, Թուրքիա այսօր ուժեղ երկիր է… Մենք բեռ չենք Եւրոպայի համար: Թուրքիան դարման է Եւրոպայի համար… Թուրքիա դարման է անոնց ցեղապաշտ հիւանդութեան: Մենք դարման ենք անոնց տնտեսական անկման համար: Մենք դարման ենք անոնց ուժի կորուստին… Անտալուսիայէն (Սպանիա) մինչեւ Օսմանեան կայսրութիւն, եւ կէս դար առաջ սուրբ երթովը մեր ժողովուրդին, որ եկաւ այստեղ՝ Անատոլիոյ բոլոր կողմերէն, «ազան»ի ձայնը (իսլամական աղօթքի կանչ) այս հերոսները բերաւ դէպի Եւրոպա: Մզկիթներու «մինարէ»ները, զորս անոնք սփռած են այս աշխարհամասին մէջ, պաշտպանուած պիտի ըլլան. մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ այն ձեռքերուն դէմ, որոնք կը ձգտին անոնց վնաս հասցնել: Ես կը համբուրեմ իմ եղբայրներուն ճակատները, որոնք «թաքպիր»ը («Ալլահու աքպար» աղօթքի կոչը) հասցուցին Ցիւրիխ… Որքա՛ն սուրբ էին այն մարդիկ, որոնք եկան եւ սերմեր ցանեցին այստեղ, եւ որոնք Ալլահին զօրութեամբ պիտի շարունակեն վերաճիլ արդարութեան հսկայական ծառի մը՝ Եւրոպայի կեդրոնին մէջ: Ոչ ոք կրնայ կանգնեցնել ասիկա…»:
 
Տաւութօղլու յամառօրէն շարունակեց իր անհեթեթ ու ամբարտաւան յայտարարութիւնները անցեալ շաբաթ, այս անգամ՝ արդէն իսկ Անգարայի մէջ, ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն ըսելով. «Մենք դաս պիտի տանք Եւրոպայի ցեղապաշտներուն»:
 
 
Յարութ Սասունեան
 “Քալիֆորնիա Քուրիըր” թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
  -   Յօդուածներ