ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Տասը Պատճառ, Թէ Ինչու Պէտք է Նախագահ Օպաման Ապրիլ 24-ին Հայաստան Այցելէ


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Տասը Պատճառ, Թէ Ինչու Պէտք է Նախագահ Օպաման Ապրիլ 24-ին Հայաստան Այցելէ

  • 27-03-2015 12:13:42   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Ապրիլ 24-ին Երեւան հրաւիրած է շարք մը երկիրներու ղեկավարներ` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը ոգեկոչելու համար:
Ֆրանսայի, Ռուսաստանի, Լեհաստանի եւ Պելառուսիոյ նախագահները արդէն ընդունած են նախագահ Սարգսեանի հրաւէրը: Սպիտակ տունը դեռ հանդէս չէ եկած յայտարարութեամբ, թէ արդեօք նախագահ Օպաման պիտի այցելէ՞ Հայաստան այս մեծաշուք առիթով:
Հարիւր տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ԱՄՆ դեսպան Հենրի Մորկենթաուն 1.5 միլիոն հայերու կազմակերպուած բնաջնջումը բնութագրեց իբրեւ «Ողջ ազգի սպանութիւն»: Հրէական ծագումով լեհ իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմգինը «Սի Պի Էս»-ին յայտնեց, որ ան ցեղասպանութիւն եզրոյթը յօրինած է` Առաջին աշխարհամարտին հայերու եւ Երկրորդ աշխարհամարտին հրեաներու դէմ իրագործուած զանգուածային ոճրագործութիւններուն հիման վրայ:
Ահա այն տասը պատճառները, թէ ինչու պէտք է ԱՄՆ նախագահի օդանաւը Ապրիլ 24-ին վայրէջք կատարէ Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայան.
1. Նախագահ Օպաման յարգանքի տուրք  պիտի մատուցէ Ամերիկայի հարիւր հազարաւոր գթասիրտ քաղաքացիներուն` Ցեղասպանութենէն ետք թշուառ հայերուն օգնելու նպատակով 117 միլիոն տոլար (այսօր աւելի քան 2 միլիառ տոլարին համարժէք գումար) հանգանակելու համար: Դեսպան Մորկենթաուի նախաձեռնութեամբ եւ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի աջակցութեամբ, Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցը օգնեց փրկել եւ խնամել աւելի քան 132 հազար հայ որբ: Այս հսկայական բարեգործական նախաձեռնութիւնը առաջին միջազգային մարդասիրական օգնութիւնն էր Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ:
2. Այս առիթով այցելելով Հայաստան, նախագահ Օպամա պիտի վերահաստատէ շատոնց ԱՄՆ-ի կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը.  Ցեղասպանութիւնը  իբրեւ հաստատուած պատմական փաստ ճանչցած են.
- ԱՄՆ կառավարութիւնը՝ Միջազգային դատարան ներկայացուցած փաստաթուղթին մէջ, 1951 թ.-ին,
- ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը 1975 եւ 1984 թթ. Բանաձեւերուն մէջ,
- Նախագահ Ռոնըլտ Ռէկընը նախագահական հռչակագիրին մէջ 1981 թ. Ապրիլ 22-ին,
- ԱՄՆ 50 նահանգներէն 43-ը,
- Աշխարհի աւելի քան երկու տասնեակ երկիրներ, ներառեալ Ֆրանսան, Իտալիան, Ռուսաստանը, Գանատան, Հոլանտան, Վատիկանը, Զուիցերիան, Շուէտը, Արժանթինը, Լիբանանը, Յունաստանը, Կիպրոսը, Լեհաստանը եւ Վենեզուելան,
- Շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններ, ներառեալ ՄԱԿ-ի խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովը, Եւրոխորհրդարանը եւ Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը:
3. 100-րդ տարելիցը կրնայ նաեւ նախագահ Օպամայի վերջին հնարաւորութիւնը ըլլալ` վերականգնելու ամերիկահայ համայնքին վստահութիւնը`  յարգելով Հայոց  Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ իր լուրջ խոստումները իբրեւ ծերակուտական եւ նախագահի թեկնածու:
4. Նախագահ Օպամա կրնայ հիմք դնել հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման` հիմնուած ճշմարտութեան եւ արդարութեան վրայ, համահունչ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ սպասուող բանաձեւին եւ իր նախորդ ապրիլքսանչորսեան ուղերձներուն` յայտարարելով, որ «փաստերու լիարժէք, անկեղծ ու արդար ճանաչումը կը բխի բոլորիս շահերէն»: Նախագահ Օպամայի այցը նաեւ պիտի խրախուսէ մարդու իրաւունքներու թուրք պաշտպանները` շարունակելու իրենց դժուար աշխատանքը` օժանդակելու Թուրքիոյ կառավարութեան` հաշուի նստելու իր անցեալի ամենամութ էջերուն հետ:
5. ԱՄՆ նախագահը օգտուելով այս այցէն կրնայ կոչ ընել Թուրքիոյ վերացնելու Հայաստանի շրջափակումը` հայեացք նետելով փակ սահմանէն քիչ մը այն կողմ գտնուող բիբլիական Արարատ լերան:
6. Ի պատասխան Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի վրայ յարձակումներու աշխոյժացման` նախագահ Օպամա կրնայ շեշտել այս բարդ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած Ուաշինկթընի լուրջ աջակցութիւնը:
7. Նախագահ Օպամայի այցը պիտի օգնէ հաւասարակշռել Հայաստանի յարաբերութիւնները Արեւմուտքի հետ, յատկապէս Ռուսաստանի գլխաւորած Եւրասիական տնտեսական միութեան անոր անդամակցութենէն ետք, եւ հաշուի առնելով Ապրիլ 24-ին Պութինի նախատեսուող այցը Երեւան: Հայաստանը սերտ յարաբերութիւններու մէջ է Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ եւ ներգրաւուած է միջազգային խաղաղապահ ուժերուն՝ Աֆղանիստանի, Իրաքի, Քոսովոյի եւ Լիբանանի մէջ: Վերջերս, ՀՀ նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի նշանակումը ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին, կ՝ընդգծէ, թէ Երեւանը որքան կարեւորութիւն կու տայ Միացեալ Նահանգներու հետ իր յարաբերութիւններուն:
8. Քանի որ նախագահ Օպամա ուքրանական ճգնաժամին պատճառով պիտի չմեկնի  Մոսկուա` մասնակցելու Մայիս 9-ին կայանալիք Երկրորդ աշխարհամարտին իրականացած Յաղթանակի օրուան տօնակատարութիւններուն, ուստի Երեւանի մէջ ան հնարաւորութիւն պիտի ունենայ հանդիպելու նախագահ Պութինին` աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ:
9. Նախագահ Օպամայի այցը Հայաստան բարի կամքի կարեւոր դրսեւորում պիտի ըլլայ ամերիկահայ համայնքի նկատմամբ: Անցեալ շաբաթ 16 խոշոր ամերիկահայ կազմակերպութիւններ միասնական նամակով դիմեցին ԱՄՆ նախագահին` կոչ ընելով անոր մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն Հայաստանի մէջ:
10. Նախագահ Օպամա պիտի կատարէ ԱՄՆ նախագահական առաջին պատմական այցը Հայաստան, որուն նախորդած են շարք մը բարձրաստիճան ամերիկացի պաշտօնեաներ` պետական քարտուղար Ճէյմս Պէյքըր III-ը, 1992 թ., պաշտպանութեան քարտուղար Տոնալտ Ռամսֆելտը 2001 թ. եւ պետական քարտուղար Հիլըրի Քլինթընը 2010 եւ 2012 թուականներուն, երբ վերջինս ծաղկեպսակ դրաւ Երեւանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ, ինչպէս կ՝ընեն Միացեալ Նահանգներու բոլոր դեսպանները ամէն տարի Ապրիլ 24-ին` Հայաստանի 1991 թուականի անկախացումէն ի վեր:
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
 “Քալիֆորնիա Քուրիըր” թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ