Ամերիկաբնակ թուրք գործարարներու կարծիքը


Ամերիկաբնակ թուրք գործարարներու կարծիքը

  • 27-12-2010 17:08:28   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Թուրք-Ամերիկացի Գործարարներու Միութեան Նախագահ Ուղուր Թէրզիօղլու վստահութիւն յայտնեց այն մասին թէ Հայկական Բանաձեւը Յունուարի ընթացքին ալ օրակարգի չի կրնար բերուիլ։ Թէրզիօղլուի կարծիքով, Ամերիկա Թուրքիոյ հետ իր առեւտրական ու զօրակցական կապերը 2011 թուականին ալ պիտի չուզէ վտանգել Հայկական Բանաձեւի պատճառաւ։ ԱՄՆ-ի կողմէ ցուցաբերուած ուշադրութիւնը անպայման երկրի ապահովութեան ու շահերու տեսանկիւնէն չէ որ ծնունդ կ’առնէ, այլ ծնունդ կ’առնէ նաեւ առեւտրական շահերէ։ Թէրզիօղլու, որ կը խօսի գործարարի հանգամանքով, պնդեց թէ Քոնկրէասականները շատ լաւ գիտեն թէ ասիկա միայն ազգային ապահովութեան հարց մը չէ, այլ կայ նաեւ առետրական շահու երեսակ մը որ կարեւոր է։ Թուրքիոյ ի նպաստ լոպիական աշխատանք տանողները այս խնդիրը լուսաբանելու մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը