Տավուտօղլու. «Ես լաւ կը հասկնամ Հայերու ցաւը, բայց անոնք ալ մեր ցաւը լաւ թող հասկնան»


Տավուտօղլու. «Ես լաւ կը հասկնամ Հայերու ցաւը, բայց անոնք ալ մեր ցաւը լաւ թող հասկնան»

  • 27-12-2010 17:02:39   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Արտաքին Նախարար Ահմէտ Տավուտօղլու երկարաշունչ ելոյթ մը ունեցաւ ու Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան վիճակին մասին տարեվերջի ընդհանուր գնահատանք մը ըրաւ։ Նախարարին անդրադարձած հարցերէն մէկն ալ ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու Տան մօտ սպասող Հայկական Բանաձեւի խնդիրն էր։ Տավուտօղլու ըսաւ. «Մենք այն երկիրը չենք որ որպէս ցեղասպան երկիր պիտի ամբաստանուի այն ժողովուրդներուն կողմէ որոնց հետ այս հողերուն վրայ միասին ապրեր ենք հազարաւոր տարիներ։ Ճիշդ չեմ գտներ որ այսպիսի յանցագործութիւն մը վերագրուի մեր ժողովուրդին։ Այս խնդրին մէջ մեզի կ’ուզեն բեռցնել յանցագործութեան զգացում մը, ինչպէս բեռցուեցաւ Գերմաններու վրայ։ Բայց Գերմանները արժանի էին այդպիսի մեղադրանքի մը։ Մինչդեռ Թուրքիա ցեղասպանութեան յանցանք չէ գործած։ Ես լաւ կը հասկնամ Հայերու ցաւը, բայց անոնք ալ մեր ցաւը լաւ թող հասկնան։ Կը խօսինք շրջանի մը մասին երբ հսկայ կայսրութիւն մը հաշուեյարդարի ենթարկուած էր։ Այդ շրջանին ամէն մարդ կը տառապէր։ Հայերը այժմ կ’աշխատին որ Քոնկրէսի մօտ սպասող բանաձեւը իբր հիմ ծառայէ հատուցում պահանջելու դատերուն։ Մենք Օսմանեան կայսրութեան պարտքերը արդէն վճարած ենք, բայց եթէ անհատական պարտքերու մասին ալ պիտի խօսինք, այն ատեն մենք ալ Պալքաններու, Իրաքի կամ Կիպրոսի մասին հաշուեցուցակներ կը պատրաստենք։ Եթէ այս տեղերու մեր անհատական վնասները մեզի պիտի վերադարձուին, մենք ալ բանանք այս նիւթերը»։ Արտաքին Նախարարը ակնարկութիւններ ըրաւ նաեւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու առընչութեամբ ու ըսաւ. »Երբ Իսրայէլի մէջ հրդեհ ծագեցաւ, մենք երկու վայրկեանէն որոշում ընդունեցինք օգնական օդանաւ ղրկելու, բայց եթէ հրդեհը Թուրքիոյ մէջ պատահած ըլլար, Իսրայէլ օրեր շարունակ իր Խորհրդարանին մէջ պիտի վիճաբանէր նմանօրինակ որոշում մը ընդունելու համար«։ Ահմէտ Տավուտօղլուի այս վերջին ակնարկութեան անմիջապէս պատասխան մը եկաւ։ Իսրայէլի Արտաքին Նախարարութեան Բանբեր Եիկալ Փալմոր յիշեցուց որ անցեալի մէջ Իսրայէլ ինչպիսի օժանդակութիւններ ցուցաբերած է Թուրքիոյ ու պնդեց որ այս բոլորը շատ խօսուն են արդէն։ Իսրայէլ երկու անգամ երկրաշարժի օժանդակութիւն ցոյց տուաւ Թուրքիոյ, վերջերս ալ Իսրայէլ նոր օժանդակութիւն առաջարկեց բայց Թուրքիա մերժեց, ըսաւ Բանբերը։ Ան աւելցուց որ գաղտնիք մը չէ որ Իսրայէլ միշտ փափաքած է լաւ յարաբերութիւններ ունենալ Թուրքիոյ հետ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը