Էրտողանի յստակ դիրքաւորումը


Էրտողանի յստակ դիրքաւորումը

  • 27-12-2010 16:59:55   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Վարչապետ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Պիւտճէի ընդունման նիստի վերջաւորութեան մօտաւորապէս մէկ ժամ խօսեցաւ Խորհրդարանին մէջ ու իր ընդհանուր տեսութեանց մէջ պարբերաբար անդրադարձաւ քանի մը շատ կարեւոր կէտերու, որոնք իրենց ամբողջ դրոշմը դրին ճառախօսութեան վրայ։ Ամէնէն գլխաւոր կէտը քրտական հարցի ու երկլեզու դրութեան պահանջքին մասին Վարչապետին ցուցաբերած դիրքաւորումն էր։ Ան ըսաւ որ ինք կը պաշտպանէ քրտական հարցը, բայց Քրտապաշտութեան դէմ է ինչպէս որ դէմ է նաեւ Թրքապաշտութեան։ »Որովհետեւ, ըսաւ ան, մեր քաղաքակրթութեան մէջ ցեղապաշտութիւնը տեղ չունի«։ Այս կէտէն մեկնելով Վարչապետը կտրուկ դիրքաւորում ցոյց տուաւ նաեւ երկու լեզուներու գործածութեան ի նպաստ կարգ մը Քիւրտ քաղաքական գործիչներու ներկայացուցած առաջարկին դէմ։ Մերժեց երկլեզու դրութիւնը։ »Մեր ժողովուրդին պաշտօնական լեզուն մէկ հատ է եւ Թրքերէնն է, ըսաւ ան։ Թրքերէնը հասարակաց լեզու է ու այս իրողութիւնը փոխելու որեւէ ճիգ ընդունելի չէ։ Այսպիսի նիւթ մը բանավէճի դարձնելն իսկ կը վնասէ ժողովրդավարութեան ու եղբայրակցութեան զգացումին«։ Վարչապետին ելոյթին մէջ ուրիշ կարեւոր կէտ մըն ալ ահաբեկչութեան դէմ իր նոր դատապարտութիւնն էր։ Էրտողան ըսաւ որ ահաբեկչութիւնը դարձեալ գործել սկսած է որպէս գործակատար, ինչպէս միշտ ըրած է ընտրութիւններու նախօրեակին, բայց Տիյարպաքըրի աշխատաժողովի ընթացքին պահանջուած ինքնավարութիւնը տգեղ բանավէճ մըն է, Թուրքիա ո՛չ մէկուն պիտի արտօնէ որ իր վրայով գործողութիւն մը կատարուի, ոչ մէկուն պիտի արտօնէ որ ժողովուրդին զգացումներով խաղան։ Ասիկա տգեղ բեմադրութիւնն է այն շրջանակներուն որոնք չեն հանդուրժեր որ Թուրքիա ժողովրդավար նոր քայլեր առնէ։ Վարչապետը իր ճառախօսութեան մէջ բաւական լայն տեղ յատկացուց Ճէ-Հէ-Փէի այսօրուան նոր քաղաքականութիւնը ծաղրելու համար, ըսաւ որ այս կուսակցութիւնը յոյսի ու խոստումի միջնորդութիւն կ’ընէ։ Այնուհետեւ ան կարդաց բազմաթիւ հատուածներ Ճէ-Հէ-Փէի իշխանութեան օրով թերթերու մէջ հրատարակուած լուրերէ, որոնք այնքան սեւ պատկեր մը կը ներկայացնէին Թուրքիոյ վիճակէն ու հայրենակիցներու ենթարկուած զրկանքներէն։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը