Մենք Տարբեր Էինք...


Մենք Տարբեր Էինք...

  • 24-12-2010 18:26:18   |   |  Յօդուածներ
«Եւ ի՞նչ լեզուով բարեբանեմ ի՛նքն իսկ – լեզո՜ւն... Ինչպէ՞ս ասեմ, որ հասկանան, Թէ աշխարհում` հացից բացի, Կայ Հացեկա՜ց, Տեսնելո՛ւց զատ կայ եւ տեսիլք, Որ սեփական մորթո՜ւց էլ մօտ – կայ մագաղաթ, Կայ լիացում` ճառագայթուած գրի՜ լոյսից: Ինչպէ՞ս ասեմ, Որ ոսկու կուշտ շարից բացի Կայ շարակա՜ն...» Սիլվայ Կապուտիկեան Հաւանաբար սփիւռքեան մեր գաղթօճախներու ամենամեծ հարցերէն մէկն է լեզուի հարցը: Առօրեայ մեր մտահոգութիւնները, մեր բազմազբաղ վիճակը, մեր զաւակները լաւագոյնս կեանքի վերիվայրումներուն պատրաստելու մեր փափաքը, մեր փառասիրութիւնները եւ նման այլ նկատառումներ շատ անգամներ պատճառաբանութիւններ կը հայթայթեն, որ մենք ընտրենք դիւրին ձեւեր, որոնց կարգին նաեւ զլանանք մեր զաւակներուն ջամբելէ մեր լեզուն իր հարստութիւններով, մեր լեզուն` որ մեր ինքնութեան խարիսխներէն ամենակարեւորն է, մեր լեզուն` որ մեր միաբանութեան ու միակամութեան գրաւականներէն է, մեր լեզուն` որ մեզ կը բնորոշէ միւսներէն` այս խառնարաններուն մէջ: Յատկապէս մեր նման ազգի մը համար, որ տաղտղնուած է աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ, լեզուն` հայերէնը, կը հանդիսանայ մեր ազգային ինքնագիտակցութեան կեդրոնական առանցքը, քանի ան ոչ միայն մեզի կու տայ ինքնութիւն այլ նաեւ մեզ կը կապէ մէր անցեալին հետ, մեզ կը կապէ մեր հայրենիքին եւ հայրենաբնակ ազգակիցներուն հետ, ինչպէս նաեւ մեր ապագային հետ ստեղծելով շարունակականութիւն: Եւ մայրենի լեզուին հանդէպ սէրը, մայրենի լեզուն վայելելու եւ հպարտութեամբ ու գիտակցաբար գործածելու զգացումը, զայն ինքնաբերաբար գործածելու սովորութիւնը կը սկսի մեր տուներէն եւ ծնողներէն: Բնական է որ սփիւռքեան պայմաններու եւ միջավայրերու մէջ երեխան, պարմանուհին կամ երիտասարդը ուզեն դպրոցը կամ դուրսը ընդհանրապէս գործածած լեզուն շարունակել գործածել նաեւ տան մէջ եւ իրարու միջեւ: Վերջ ի վերջոյ` անոնք իրենց մայրենի լեզուն պիտի գործածէին եթէ միայն այդ փաստօրէ՛ն ըլլար իրենց մայրենի լեզուն` այսինքն եթէ մենք, ծնողներս, զայն գործածելը վերածած ըլլայինք, դարձուցած ըլլայինք իրենց մայրենի լեզուին, ու փոքր տարիքէն մինչեւ չափահասութիւն իրենց հետ այդ մայրենի լեզուով հաղորդակցած ըլլայինք: Դժբախտաբար, այդ չէ կացութիւնը մեզմէ շատերուն համար: Շատերս օտար` տեղական լեզուն գործածելը տան մէջ եւս կը նկատենք մեր զաւակներուն օգտակար ըլլալու եւ անոնց աւելի տեղացի դարձնելու մէկ միջոց, հաւատալով թէ անոնք կրնան տեղական լեզուին տիրանալ միայն եթէ տան մէջ ալ զայն գործածեն: Շատերս կը հաւատանք թէ զլանալով մեզի բաժին ինկած այս պարտականութիւնը կատարելէն, պարզապէս մեր զաւակները կըրնանք մեր ազգային կազմակերբութիւններուն գիրկը նետելով հարցը լուծել: Անընդհատ կը գանգատինք թէ անոնք չեն կրնար այլեւս իրենց առաքելութիւնները լի ու լի կատարել, թէ նոր սերունդը չի ախորժիր նման բաներէ, թէ` ,մեր ատեն տարբեր էր, մենք տարբեր էինք...»: Բայց արդէօք մե՞նք տարբեր էինք թէ մեր ծնողները տակաւին չէին շլացած օտարամոլ եւ քաղքենիական հակումներէ... Այսօր ես ինքզինքս կը գտնեմ նման իրավիճակի մը մէջ: Կ'ապրիմ, բառին բուն իմաստովը, խառնարանի մը մէջ, ուր ինծի պէս կան ամէն տեսակի ազգութիւններ, որոնք իրենց կարելին կը կատարեն բոլորէն շուտ ,տեղացիե դառնալու: Սակայն եւ այնպէս, իրաւունքը ունի՞մ ազգութիւնս պահելու եւ զաւակներուս միջոցաւ յարատեւելու հաւակնութիւնը ունենալ առանց իմ բաժինս կատարելու իմ ազգիս ու հայրենիքիս համար.. Իրաւունք ունի՞նք մրթմրթալու թէ` «մենք տարբեր էինք»: Ժանոյ Իփճեան "Ողջույն Լոնդոն"
  -   Յօդուածներ