Թուրքիա կ’ողջունէ Ուաշինկթընի կեցուածքը


Թուրքիա կ’ողջունէ Ուաշինկթընի կեցուածքը

  • 24-12-2010 17:47:07   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Հայկական բանաձեւը կասեցնելու մասին արձագանգները կը շարունակուէին երէկ եւս եւ թրքական աղբիւրներ մեծ գոհունակութեամբ կ’արձանագրեն այն փաստը որ ողջմտութիւնը յաղթանակեց եւ կարելի եղաւ կանխարգիլել բանաձեւի քուէարկութիւնը։ Արտաքին Նախարար Ահմէտ Տավուտօղլու յայտնեց որ պատմական գործերը պէտք չէ քաղաքականութեան գործիք դառնան ու պատմաբաններն է որ պէտք է զբաղին պատմական դէպքերով։ Թրքական աղբիւրներ այսօր կը հաղորդեն նաեւ որ »Հայոց ցեղասպանութեան« մասին թիւ 252 բանաձեւի քուէարկութիւնը կասեցուեցաւ շնորհիւ ջանքերուն հանրապետական Ճոն Պոհնէրի, որ յայտնի է »Պրոնզէ մարդ« ծածկանունով։ Ըստ տեղական մամուլին, բանաձեւը կասեցնելու հարցին մէջ ուղղակի անակնկալ էր Հանրապետականներու կողմէ Թուրքիոյ նկատմամբ ցուցաբերուած աջակցութիւնը։ Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Իրանի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու հարցին մէջ Թուրքիոյ կեցուածքն ու Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու ձգտեալ վիճակը սեպ խրած էին Թուրքիա-Ամերիկա յարաբերութիւններու մէջ, այս աջակցութիւնը իրականացաւ Պոհնէրի ճիգերով։ Պոհնէր 3 Յունուար 2011էն սկսեալ պիտի գլխաւորէ Ներկայացուցիչներու Տունը եւ ա՛ն իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնելով աջակցեցաւ բանաձեւի ձախողութեան։ Պոհնէրի խորհրդականներէն մէկը, որ գաղտնի պահեց իր անունը, »Հիւրրիյէթ«ին հաստատեց որ Հանրապետականներ իրենց կարելին ըրին բանաձեւը կանխելու ուղղութեամբ։ Իր խօսքերով, 22 Դեկտեմբերի նիստի ընթացքին բոլոր հանրապետականներուն յատուկ պատգամ մը ղրկուած էր։ Իր կարգին, »Հիւրրիյէթ« կը թուէ երկու պատճառներ, որոնք վճռական դերակատարութիւն ունեցած են բանաձեւի ձախողութեան համար։ 1_ Նախ Թուրքիոյ Վարչապետի, իսկ յետոյ Նախագահի կողմէ Պարաք Օպամային ղրկուած ազդարարիչ ուղերձները վճռորոշ եղան բանաձեւի կասեցումը ապահովելու տեսակէտէ։ Բացի ատկէ, Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թանն ալ լոպիական կարեւոր աշխատանք տարաւ եւ կրցաւ քանի մը օրուայ ընթացքին բանակցութիւններ վարել 80 քոնկրէսականներու հետ։ 2_ Բանաձեւի ձախողութեան հարցի մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ նաեւ Ամերիկայի թրքական համայնքը, որ արագօրէն համախմբուեցաւ։ Այս մասին նախապէս անկարելի էր նոյնիսկ երազել։ Միւս կողմէ, թիւ 252 բանաձեւի հեղինակ, քոնկրէսական Էտըմ Շիֆ հրապարակեց յայտարարութիւն մը, խոստանալով որ պիտի շարունակէ ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ իր քայլերը, որպէսզի ամերիկացիներու ազգային գիտակցութեան մէջ ընդմիշտ պահպանուի յիշատակը այն մարդոց, որոնք զոհ գացին 1915-1923ի »ցեղասպանութեան«։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը