Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Տիկ. Հրանոյշ Եակոբէան երէկ կէս գիշերին Իսթանպուլ ժամանեց


Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Տիկ. Հրանոյշ Եակոբէան երէկ կէս գիշերին Իսթանպուլ ժամանեց

  • 05-05-2011 18:05:06   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Տիկ. Հրանոյշ Եակոբէան երէկ կէս գիշերին քաղաքս ժամանեց որպէս հրաւիրէալ »Համաշխարհային Կիներու Գագաթաժողով«ին, որ այսօր կը բացուի։ Հիւր Նախարարուհին, որուն կ’ընկերանար թրքագէտ Աշոտ Սողոմոնէան, Եշիլգիւղի Օդակայանի մէջ դիմաւորուեցաւ Սեւ Ծովէան Համագումարի Հայաստանի Մնայուն Ներկայացուցիչ Միքայէլ Վարդանէանի ու նորընտիր տեղակալ Վազգէն Խուբլարէանի կ'ողմէ ու առաջնորդուեցաւ Ճէւահիր Պանդոկ ուր պիտի իջեւանի։ Համաշխարհային Կնոջական համագումարը ամէն տարի կը կատարուի 1992էն ի վեր ամէն անգամ տարբեր քաղաքի մը մէջ։ Անցէալ տարուանը կայացած էր Չինաստանի մէջ, Պէյճինկ։ Ամէն անգամուն ալ մասնաւոր թէմայ մը կ’ընտրուի։ Համագումարին կը հրաւիրուին այն նշանաւոր կիները որոնք զանազան պաշտօններու վրայ ուշադրութիւն կը գրաւեն ամէն երկրէ ներս։ Այս համագումարին նախագահն է Տիկ. Իրէն Նաթիւիտատ, որ կը բնակի Ուշաինկթընի մէջ եւ որ իրեն կ'էանքի նպատակ դարձուցած է ամէն տարի ի մի հաւաքել կին գործիչներ պաշտօնական կամ անպաշտօն դիրքերու վրայ։ Համագումարին պաշտօնական բացումը կը կատարուի այսօր ժամը 17.30ին մասնաւոր հանդիսութէամբ եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Շաբաթ իրիկուն։ Այս իրիկուն Թուրքիոյ իշխանութիւններու անունով ընթրիք մը պիտի սարքուի Համագումարի հիւրերուն ի պատիւ։ Առաջին անգամ չէ որ Տիկ. Հրանոյշ Եակոբէան քաղաքս կը ժամանէ, ասկէ առաջ ալ եկած էր զանազան պաշտօններով, բայց այս անգամ կը ժամանէ որպէս Նախարար եւ Նախարար մը՝ որ մօտէն կը հետաքրքրուի Սփիւռքով ու բնականաբար նաեւ Իսթանպուլի մեր կէանքով։ Այս տեսակէտէ հասկնալի է որ Տիկին Նախարարուհին իր ժամանակին մէկ մասը պիտի եատկացնէ համայնքային շրջանակներէ ներս այցելութիւններու, այցելելով դպրոցներ, թաղային խորհուրդներ, գերեզմանատուներ։ Ան այս կէսօր պիտի հիւրընկալուի Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին մէջ։ Իսկ առաւօտուն նախատեսուած էր երթալ Թօփգաբուի ու Այա Սօֆիայի թանգարանները։ Պատրիարքարանէն ստացանք հաղորդագրութիւն մը ուր բացատրութիւններ կը տրուին Կիրակի օր սարքելի համայնքային հաւաքոյթի մասին, որու ընթացքին Նախարարը զանազան շքանշաններ պիտի բաշխէ Իսթանպուլահայ գրողներու, նկարիչներու կամ երաժիշտներու։ Հաղորդագրութէան մէջ կը կարդանք հետեւէալը. Այսօր մեր Դ. էջին վրայ հրատարակուած է Պատրիարքական Ընտրութէան Նախաձեռնարկ Մարմնի թրքերէն մէկ հաղորդագրութիւնը,<ՈՅ«ւրկէ կը տեղեկանանք թէ այս մարմինը տակաւին կը շարունակէ դատական հետապնդումներ կատարել Պատրիարքարանի կամ Կ'ուսակալութէան դէմ, առարկելով Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդի տիտղոսին դէմ, շեշտելով նաեւ որ այսպիսի պաշտօն մը գոյութիւն չունի մեր աւանդութէանց մէջ։ Նախաձեռնարկ Մարմինը ինչու՞ պահանջքը զգաց այսպիսի հաղորդագրութիւն մը հրատարակելու եւ ի՞նչ շահ կը սպասէ անոր հրատարակութենէն, չենք գիտեր, բայց ամէն բանէ առաջ կ’ուզենք դիտել տալ որ սխալ է պնդել թէ Պատրիարքական Փոխանորդի պաշտօն մը գոյութիւն չունի մեր աւանդութէան մէջ, եթէ այդ է որ կ’ըսուի։ Մնացէալ կէտերու մասին ըսուածներուն նկատմամբ ալ ունինք վերապահութիւններ, որոնց մասին կ’արտայայտուինք երբ ատենը գայ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը