Ֆրանսայի Ծերակոյտը մերժեց »հայոց ցեղասպանութէան« ուրացումը եանցագործութիւն նկատող բանաձեւը


Ֆրանսայի Ծերակոյտը մերժեց »հայոց ցեղասպանութէան« ուրացումը եանցագործութիւն նկատող բանաձեւը

  • 05-05-2011 17:32:44   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Երէկ, Ֆրանսայի Ծերակոյտը մերժեց »հայոց ցեղասպանութէան« ուրացումը եանցագործութիւն նկատող բանաձեւը։ Բանաձեւին ժխտական գնահատական տուած էր Ծերակոյտի Սահմանադրական եանձնաժողովը, ինչպէս նաեւ կառավարութիւնը։ Բանաձեւը առաջարկուած էր Ընկերվարական կ'ուսակցութէան կողմէ։ Բանաձեւին քննարկումը կասեցնելու ի նպաստ քուէարկեցին 196 ծերակուտականներ, իսկ զայն քննարկելու համամիտ էին՝ 74 ուրիշներ։ Նոյն ժամերուն հազարաւոր ֆրանսահայեր, զանազան վերտառութիւններ կրելով, հաւաքուած էին Ծերակոյտի շէնքի մօտ ու կը սպասէին զարգացումներուն։ Յիշեցնենք որ Շաբաթ օր Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու հակամարգող խորհուրդը հանդիպում մը ունեցած էր երկրին Նախագահին հետ, որ ըսած էր թէ կառավարութիւնը Ծերակոյտին կը ձգէր այս հարցին շուրջ վերջին որոշումը։ Ֆրանսայի Դատական Նախարարութիւնը, ցոլացնելով անշուշտ կառավարութէան տեսակէտը, վերջին վայրկէանին խոստացաւ մերժուած օրինագծին փոխարէն պատրաստել շրջաբերական մը որ նոյն ոգիին պիտի ծառայէ, այսինքն պատիժ պիտի սահմանէ հայկական ցեղասպանութիւնը ուրացողներուն։ Դատական Նախարար Միշէլ Մէրսիէն է որ պաշտօնապէս խոստացաւ օրինագծին տեղ շրջաբերական մը պատրաստել։ Մէրսիէ Ծերակոյտի նիստի ընթացքին խօսեցաւ ու ըսաւ որ այս շաբթուան մէջ պիտի պատրաստուի շրջաբերական մը։ Այս շրջաբերականին նպատակը պիտի ըլլայ արգելք հանդիսանալ հայ հաւաքականութիւնը իբր թիրախ ընդունող ցեղապաշտ եարձակումներու ու պատիժ սահմանել ուրացումի հակումներու համար։ Մէրսիէ այս շրջաբերականին մասին խօսելու ընթացքին որպէս բաղդատութիւն յիշեցուց այն եատուկ եանձնախումբը որ կը գործէ Ֆրանսայի հրէայ համայնքի ու Ֆրանսայի Դատական Նախարարութէան միջեւ։ Նախարարը կոչ ըրաւ Ֆրանսայի հայ համայնքին, որպէսզի համայնքի ղեկավարները, դատական համակարգի ու Դատական Նախարարութէան հետ գործակցելով ճշդեն ուրացումի պարագաներն ու ցեղապաշտ արարքները։ Ըստ նոր շրջաբերականին, կարելի պիտի ըլլայ դատ բանալ հայկական ցեղասպանութիւնը ուրացողներուն դէմ։ Թուրք մամուլը, որ անախորժ անակնկալ մը կը նկատէ օրինագծի դէմ առաջարկուած այս շրջաբերականը, դիտել կ'ուտայ որ կառավարութիւնը տեղի տուաւ հայերու ճնշումներուն, որովհետեւ եառաջիկայ տարի ընտրութիւններ կան Ֆրանսայի մէջ։ »Զաման« այսօր կը գրէ որ Ֆրանսահայերը ուրախութէամբ դիմաւորեցին շրջաբերականի առաջարկը։ Իսկ Թուրքերը, որոնք այնքան աշխատանք տարած էին որպէսզի օրինագիծը մերժուի Ծերակոյտին կողմէ, ցնցում ապրեցան այս նոր անակնկալին դիմաց։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը