Մոսկուայի մէջ կը շարունակուի հայ եկեղեցական համալիրի շինութիւնը


Մոսկուայի մէջ կը շարունակուի հայ եկեղեցական համալիրի շինութիւնը

  • 17-12-2010 18:21:58   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ռուբէն Հայրապետեան կը տեղեկացնէ Մոսկուայէն.- Մոսկուայի մէջ կը շարունակուի հայ եկեղեցական համալիրի շինութիւնը։ Համալիրի նորաբաց մատրան մէջ անցեալ շաբաթավերջին ռուսաստանաբնակ յայտնի գործարար, միլիոնատէր Ռուբէն Վարդանեան իր երկու զաւակները՝ Մարիամն ու Գէորգը կը մկրտէր հոն։ Ռուբէն Վարդանեանի դէմքը կը ճառագայթէր։ Ամենայն հաւանականութեամբ ան այդ պահուն չէր ալ խորհեր թէ քանի միլիոն տոլար »ներարկած էր« կառոյցի շինութեան մէջ։ Ի՞նչ արժէ այս վեհաշուք պահը..։ Ոչի՛նչ, փոքրիկն Գէորգ չէր իջներ իր հօր եւ մօր գիրկէն եւ նյնիսկ պապիկներու եւ տատիկներու ներկայութեան կ’ընդվզէր Առաջնորդ Եզրաս Սրբազանի շողարձակող խաչի օրհնող շարժումներուն դէմ...։ Հայց. Եկեղեցւոյ Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի թեմի Առաջնորդ Եզրաս Սրբազանի հետ այս անգամ խօսեցանք համալիրի շինութեան »համապարփակ« նիւթական հարցերու մասին։ Սրբազանը Թեմական Խորհուրդի նիստերու ընթացքին կանոնաւոր կերպով հաշուետուութիւն կը ներկայացնէ բարերարներուն, քաղաքի անուանի հայերուն եւ վերջիններն ալ կը հաւատան տուեալներուն։ Հակառակ պարագային, ինչպէս կ’ըսեն »ո՛չ ոք իր ձեռքը գրպանին պիտի տանէր«։ Եւ այսպէս, համալիրի շինութեան սկզբնական գումարը կը կազմէ մօտաւորապէս 60 միլիոն տոլար։ Կատարուած է աշխատանքներու մօտաւորապէս 90 տոկոսը, 54 միլիոն տոլար արժողութեամբ։ Սակայն շահեկան բան մը կայ. կանխիկ ծախսուած է սոսկ 16 միլիոն տոլար, իսկ մնացեալը ռուսաստանցի պարկեշտ հայեր ամբողջացուցած են շինանիւթերու մատակարարումով, թէքնիք սարքերով, ճարտարագիտական աշխատանքներով, ֆիզիքական մասնակցութեամբ, եւլն.։ Վերջին նորութիւնը. մօտ օրէն մայր տաճարի գմբէթի վրայ պիտի զետեղուի պատկառզդու ոսկեզօծ մայր խաչը, զոր իրենց անձնական միջոցներով պատրաստած են Փէրմ քաղաքի հայերը։ Կը թուի որ այստեղ նոյնիսկ բարոյական օգնութիւնն ալ կը վերածուի նիւթականի...։ Շինութիւնը աւարտելու համար 12 միլիոն տոլարի կարիքը կը զգացուի, սկայն Եզրաս Սրբազան մեծ հաւատք ունի բարերարներու նկատմամբ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը