Օրէնքին առջեւ բոլորին հաւասարեցումը, իրաւական պետութեան ձեւաւորման եւ կայացման կարեւոր հիմնաքայլ է


Օրէնքին առջեւ բոլորին հաւասարեցումը, իրաւական պետութեան ձեւաւորման եւ կայացման կարեւոր հիմնաքայլ է

  • 10-12-2010 19:21:35   | Հայաստան  |  Յօդուածներ
Երեւանի քաղաքապետին, Արդարադատութեան նախարարին եւ Հայաստանի նախագահի անձնակազմի գլխաւոր հաշուապահին պաշտօնազրկումները մտածել կու տան, որ Հայաստանի նախագահի մակարդակով ներքին դաշտը կանոնաւորելու որոշում առնուած է եւ ձեռնարկուած համապատասխան գործողութիւններու: Պետական հաստատութիւններու մէջ կատարուած միջադէպերուն իբրեւ արդիւնք պատասխանատուութիւններու ճշդումի եւ համապատասխան վերաբերումի առաջին լուրջ նախաքայլերն են, որոնք կ՛երեւին այս ձեւով Հայաստանի ներքին կեանքին մէջ եւ իբրեւ այդպիսին մտածել կու տան բացուող նոր էջի մը, նոր գործելաձեւի մը մասին: Անհրաժեշտութիւնը չ՛զգացուիր անշուշտ գերխանդավառութիւն ցոյց տալու: Կանխահաս է հիմնական հաստատումներ ընելը, որ Հայաստանի ներքին դաշտը կարգաւորուելու, կոռուպցիան վերացնելու կամ առ հասարակ իրաւական պետութիւն հաստատելու ռազմավարութիւն մշակուած է ամենաբարձր մակարդակով: Անպատժելիութիւնը, հովանաւորչութիւնը, փտածութիւնը, հարստապետութիւնը, ստուերային տնտեսութիւնը մեր երկրի դատաիրաւական համակարգի ամենախոցելի կէտերն են, որոնց սրբագրումը մեծ ճիգ, բազում դժուարութիւններ կը պահանջէ եւ կը յուշէ, որ Հայաստանի նման երկրի մը մէջ բարեկարգչական որեւէ գործընթաց կրնայ ղեկավարուիլ միայն նախագահի մակարդակով: Քայլը, որ առնուած է նախագահին կողմէ պատահական չէ անշուշտ: Հիմնական խնդիրները արդարութեան եւ արդարադատութեան կը վերաբերին եւ հիմնականօրէն առնչուած են դատաւիրաւական համակարգի տարբեր ոլորտներուն հետ: Ժողովրդավարական կարգերու սկզբունքները կը նշեն, որ դատաիրաւական համակարգը պէտք է անջատ ըլլլայ քաղաքական ընդհանուր դրութենէն եւ իբրեւ այդպիսին գորէ լրիւ անկախ: Բայց մենք կը խօսինք միջավայրի մը մասին, որուն իւրայատկութիւնները կը համոզեն, որ բարեկարգումը այս բոլորին մէջ կրնայ ձեռնարկուիլ միայն քաղաքական կեդրոններէ, այն ալ բարձրագոյն մակարդակի ներշնչումով: Արդ, պէտք է համաձայնիլ ուրեմն,, որ քաղաքական միջամտութիւններով միայն կարելիէ պատրաստել դատաիրաւական համակարգի անկախացումը: Օրէնքի գերադասումը կրնայ ապահովուիլ քաղաքական գերադաս մարմիններու կողմէ: Օրէնքին առջեւ բոլորին հաւասարեցումը, իրաւական պետութեան ձեւաւորման եւ կայացման կարեւոր հիմնաքայլ է, առանց որուն պարագայական եւ պատահական բնոյթ կը ստանան նման գործողութիններ: Ինքնանպատակայնութիւնը եւ պարզապէս տպաւորութիւն ձգելու քայլերը շուտով կը չէզոքացուին եւ կ՛իմաստազրկեն առնուած նախաձեռնութիւնները: Միաժամանակ հասկնալի է անշուշտ, որ միանգամայն, կտրուկ ձեւով, լայնածաւալ եւ համատարած գործողութիւններ սանձազերծելը եւս կրնայ վտանգել ներքին դաշտը մաքրազտելու խիստ անհրաժեշտ քաղաքականութեան իրականացումը: Նման պաշտօնազրկումներ եւ պատիժներ կրնան ցնցել իւրաքանչիւր ոլորտի համակարգը. ի վերջոյ իւրաքանչիւր պաշտօնեայի անձին կապուած են մարդիկ, պաշտօնատարներ եւ բրգաձեւ կառոյցներ: Օրէնքի գերակայութեան հաստատումը դժուարին ճանապարհ կ՛ենթադրէ: Նախադրեալները ցոյց կու տան, որ այդ ուղղութեամբ լրջագոյն քայլեր առնուելու ուղղուածութիւնը ինքզինք կը դրսեւորէ: Տարատեսակ մտածողութիւն չկայ այն իրականութեան նկատմամբ, որ ներքին իրավիճակն ու արտաքին քաղաքականութիւնը սերտօրէն փոխկապակցուած են: Ներքին դաշտի մաքրագործումը ամուր յենարանի կը վերածուի արտաքին քաղաքականութեան համար: Իրաւական պետութիւնը կը հարթէ ներդրումային դեաշտը, ապահովելով ներդրողներու օրէնքով պաշտպանուածութիւնը կը քաջալերէ տնտեսութեան զարգացումը եւ որոշակիօրէն կը կանխարգիլէ արտաքին միջամտութիւններն ու պատուէրներու տարողութիւնը: Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններուն թէ արցախեան բանակցութիւններուն մէջ հայրենի արտաքին քաղաքականութիւնը վերջին շրջանին ինքզինք կը դրսեւորէ ամբողջականօրէն: Ուիլսընեան իրաւարար վճիռի 90ամեակի թէ Ասթանայի վեհաժողովին առիթով Հայաստանի հանրապետութեան նախագահին արտասանած խօսքերը որեւէ յաւելեալ մեկնաբանութեան չեն կարօտիր եւ կ՛ընդգծեն համայն հայութեան պահանջներուն պետականացումը: Սեւրեան Հայաստանի իրաւական եւ այժմէական նշանակութենէն մինչեւ Արցախի հետ ռազմաքաղաքական դաշինք կնքելու նախապատրաստութեան յայտարարութիւնը: Արտաքին քաղաքականութեան այս կարեւոր հիմնադրոյթներուն նկատմամբ նախագահի բանաձեւած ամրագրումները յաւելեալ ուժ կը ստանան, երբ կարգաւորուի նաեւ ներքին դաշտը: Սկսեալ արդարադատութենէն անցնելով կրթական, ընտրական,ընկերային- տնտեսական ոլորտներ յանգելու համար կայուն, առողջ հասարակարգի ձեւաւորում եւ կայացում: Ներքին հարթութեան վրայ նախագահի առած քայլերը այս ուղղութեամբ յուսադրիչ դառնալու նախադրեալները կը պարփակեն: Անոնց կայացումը եւ իրաւական պետութեան սահմաններու մէջ ժողովրդավար կարգերու կատարելագործումը կը նպաստէ զարգանալ առանց զիջելու սկզբունքի իրականացման: Շահան Գանտահարեան «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր
  -   Յօդուածներ