ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ.Թրամփ Կ՛արատաւորէ Իր Վարկը՝ Ատրպէյճանական Ափ Մը Տոլարի Սիրոյն


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ.Թրամփ Կ՛արատաւորէ Իր Վարկը՝ Ատրպէյճանական Ափ Մը Տոլարի Սիրոյն

  • 08-08-2015 15:43:09   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
 
Այս օրերուն, նախագահական թեկնածու Տանըլտ Թրամփի համար ամէնէն վերջին անհրաժեշտութիւնը այլ բանավէճ մըն է։ Միւս կողմէ, Թրամփ երբեք չէ խուսափած բանավէճերէ եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ողջունէ որեւէ յայտարարութիւն, դրական թէ ժխտական, այնքան ատեն, որ իր անունը կը յայտնուի խորագիրներու մէջ:
Թրամփ՝ իր հանրածանօթ անուան եւ անմիջականութեան շնորհիւ կը գլխաւորէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի 17 հանրապետական թեկնածուներու մեծ դաշտը՝ ըստ վերջին պաշտօնական հարցախոյզներուն:
 
Քանի մը տարի առաջ, երբ Թրամփ համաձայնեցաւ իր անունը տալ Ատրպէյճանի մէջ պանդոկի մը, ան չէր կրնար կանխատեսել, որ շփումը Պաքուի տխրահռչակ մեծահարուստ պաշտօնեայի հետ ոչ միայն ժխտական անդրադարձ պիտի ունենար իր քաղաքական յաւակնութիւններուն վրայ, այլ նաեւ պիտի ստեղծէ շահերու լուրջ բախում, եթէ ան դառնայ նախագահ:
Հակառակ անոր, որ պանդոկը պիտի կրէ իր անունը, Թրամփ Trump International Hotel & Tower Baku-ի ո՛չ կառուցողն է, ո՛չ ալ սեփականատէրը: Այնուամենայնիւ, ան կը վաստակի «կառավարման շահութաբեր վճարներ՝ իր անունն ու փորձը այս նախագիծին տալուն համար», ըստ Ռաս Չոմայի քննադատական յօդուածին, որ նախորդ շաբաթ հրապարակուեցաւ Mother Jones ամսագիրին մէջ՝ «Տանըլտ Թրամփ գործարարութիւն կ՛ընէ վիճայարոյց ատրպէյճանցի մեծահարուստ պաշտօնեայի մը հետ» խորագիրով:
Վերջերս Թրամփի ներկայացուցած նիւթական յայտարարագիրէն, որ կը պահանջուի նախագահական թեկնածուներէն, պարզուած է, որ 2014 թուականին անոր ընկերութիւնը 2.5 միլիոն տոլար ստացած է Պաքուէն, թէեւ պանդոկին բացումը նախատեսուած է այս տարուան աւարտին:
Թրամփ իր ընդհանուր հարստութիւնը կը գնահատէ աւելի քան 10 միլիառ տոլարով:
Չոման կը հաղորդէ. «Այս գործարքին մէջ Թրամփի գործընկերն է Անար Մամետով, 34ամեայ միլիառատէր փլէյպոյ մը, որուն հայրը Ատրպէյճանի փոխադրամիջոցի նախարարն է»:
Յօդուածագիրը այնուհետեւ կը մէջբերէ անունները մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան քանի մը մեծ կազմակերպութիւններու, որոնք Ատրպէյճանը կը նկարագրեն իբրեւ «աշխարհի առաւել զսպողական եւ կաշառակեր երկիրներէն մէկը՝ այլախոհութեան նկատմամբ վարչաձեւի անհանդուրժողականութեան եւ քաղաքական վերնախաւի ու անոնց ընտանիքներու ձեռքին մէջ խիստ կեդրոնացած հարստութեան համար»:
Կ՛ըսուի, որ Մամետովի նիւթական կարողութիւնը կը շրջանցէ 1 միլիառ տոլարը, եւ ան «Կարանթ»ընկերութեան նախագահն է, «Թրամփ Թաուըր»ի կառուցողն ու սեփականատէրը: Անոր հայրը՝ Զիյա Մամետով, սերտ յարաբերութիւններ ունի Ատրպէյճանի բռնակալ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Չոմայի յօդուածէն հայերուն համար առաւել էական է այն, որ որ Անար Մամետով «կը ղեկավարէ Ատրպէյճանական-ամերիկեան դաշինքը, եւ Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան բաժանմունքին մէջ շրջան մը արձանագրուած էր իբրեւ օտարերկրեայ լոպիիստ: Անցեալ տարի դաշինքը աւելի քան 2.8 միլիոն տոլար ծախսեց լոպիական գործունէութեան վրայ՝ Քոնկրեսի եւ Պետական բաժանմունքին մէջ Միացեալ Նահանգներ-Ատրպէյճան կապերը բարելաւելու համար»:
Ըստ OpenSecrets.org-ի՝ դաշինքը վերջին չորս տարիներուն ընթացքին ծախսած է 11.5 միլիոն տոլար Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիրներու եւ պաշտօնատար անձերու լոպիինկին վրայ: Չոման բացայայտած է, որ «2011 թուականին Մամետով, ըստ Միացեալ Նահանգներու Օտար գործակալներու արձանագրութեան օրէնքին՝ անձամբ արձանագրուած է դաշինքին հետ իր աշխատանքին առիթով: Հակառակ անոր որ Մամետով դեռ պատուաւոր տեղ կը գրաւէ կազմակերպութեան կայքին վրայ, ան այլեւս նշուած չէ իբրեւ օտար լոպիիստ: Սակայն կը թուի, թէ ան տակաւին մեծապէս շահագրգռուած է ամերիկեան քաղաքական հզօր գործիչները սիրաշահելով:
Մամետովի անձնական կայքին վրայ կ՛երեւի անցեալ տարուան Նոյեմբերին խումբին կայացուցած ուաշինկթընեան շռայլ տօնախմբութեան նկարագրութիւնը, որուն կազմակերպիչը ինք էր: Ձեռնարկին ներկայ եղած են ծերակուտականներ Չաք Շումըր, Ռիչըրտ Պըր, Մարք Փրայըր, Մարք Ուըրնըր եւ զոյգ կուսակցութիւններու բազմաթիւ անդամներ Ներկայացուցիչներու տունէն… Մամետովի Դիմատետրի էջը լեցուն է գործարարի լուսանկարներով՝ քաղաքական տարբեր գործիչներու հետ, ներառեալ՝ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Ճոն Պէյնըրի»:
Տանըլտ Թրամփ հպարտութեամբ յայտարարեց, որ Trump International Hotel & Tower Baku-ն «կը ներկայացնէ «Թրամփ» կազմակերպութեան կատարելութեան անսասան չափանիշը եւ մեր ներգրաւուածութիւնը միայն լաւագոյն համաշխարհային զարգացման ծրագիրներու մէջ: Երբ 2015 թուականին անոր բացումը կատարենք, այցելուները եւ բնակիչները պիտի վայելեն շքեղ կառոյց մը, որուն նմանը չկայ Պաքուի մէջ. անիկա լաւագոյններէն մէկը պիտի ըլլայ ամբողջ աշխարհի մէջ»:
Վերջերս Պաքու կատարած այցելութեան ընթացքին Իւանքա Թրամփ արձագանգեց իր հօր վստահութիւնը պանդոկի նախագիծին յաջողութեան մէջ. «Այս աներեւակայելի շէնքը կ՛արտացոլացնէ բարձրագոյն մակարդակի շքեղութիւն եւ նրբաճաշակութիւն, Կասպից ծովէն ներշնչուած բացառիկ ճարտարապետութեամբ եւ վայելուչ ներքնամասով, որոնք համերաշխօրէն կը համատեղեն ժամանակակից ոճը յաւերժական հմայքին հետ: Անհամբեր կը սպասենք մեր անզուգական «Թրամփ»ի ծառայութիւններն ու յարմարութիւնները Ատրպէյճան բերելուն»:
Պաքուի «Թրամփ Թաուր»ը 33 յարկանի է եւ ունի առագաստանաւի տեսք: Անիկա կը ներառէ 75 շքեղ յարկաբաժին, 190 հիւրասենեակ, «սփա» եւ վայելչութեան կեդրոններ, փակ լողաւազան, գործարար կեդրոն, պարասրահ, խանութներ, ճաշարան՝ շրջապատուած այգիներով, զբօսավայրերով եւ շատրուաններով:
Տանըլտ Թրամփ՝ ընկերակցելով կեղեքիչ վարչակարգի կասկածելի գործարարներու հետ, դրամի սիրոյն կը վտանգէ իր վարկը՝ նախագահական ընտրութիւններու ամէնէն եռուն շրջանին…
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
  -   Յօդուածներ