ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Ճգնաժամերը Դիմակայելու Համար Անհրաժեշտ է Համահայկական Համադրում


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Ճգնաժամերը Դիմակայելու Համար Անհրաժեշտ է Համահայկական Համադրում

  • 06-09-2015 15:16:46   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
Միջազգային կարեւորագոյն հարցերու առնչութեամբ առկայ է համակարգման լուրջ թերութիւն: Աշխարհասփիւռ հայերը բազմիցս վտանգի ենթարկուած են, սակայն Հայաստանը կամ Սփիւռքը հազիւ թէ օգնութեան հասած են անոնց:
 
2003ին Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Իրաքի գրաւումէն ետք հայերը, միլիոնաւոր այլ իրաքցիներու հետ միասին, մեծ կորուստներ կրեցին: Թէեւ շատ բան կարելի չէր ընել անոնց ֆիզիքական անվտանգութիւնը ապահովելու համար, սակայն Հայաստանի կառավարութիւնը եւ սփիւռքահայերը պէտք է կազմակերպուած ջանքեր գործադրէին օգնելու անոնց, որոնք ձգեցին իրենց ամբողջ ունեցուածքը եւ փախան երկիրէն: Ցաւօք, ոչինչ կատարուեցաւ իրաքահայ գաղթականներուն օգնելու, որպեսզի վերաբնակին հայրենիքի մէջ կամ երթան այլ տեղեր։
 
Բարեբախտաբար, հայերու արձագանգը աւելի զօրաւոր եղաւ տակաւին շարունակուող սուրիական հակամարտութեան ընթացքին: Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը աջակցեցաւ 15 հազար սուրիահայերէն շատերու, որոնք տեղափոխուեցան հայրենիք, իսկ սփիւռքահայ գաղութները աշխուժօրէն դրամահաւաքներ կազմակերպեցին Սուրիոյ մէջ մնացած սուրիահայերուն օգնելու համար: Սակայն, ցաւօք, աջակցութիւնը անբաւարար էր Սուրիոյ մէջ մնացած եւ Լիբանան կամ Հայաստան փախած հայերու հսկայական կարիքները հոգալու համար:
 
Կրնան պատահիլ նաեւ այլ անսպասելի մարդածին կամ բնական աղէտներ, ինչպէս՝ 1988ին Հայաստանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժը, որուն հետեւանքները վերացնելու եւ աղէտի գօտին վերականգնելու աշխատանքները դեռ կը շարունակուին 25 տարի անց…
 
Իսկ ի՞նչ կ՛ըսէք Արցախին սպառնացող շարունակական վտանգին մասին: Տարիներով այդ մասին բարբաջելէ ետք, եթէ օր մը Ատրպէյճանի մտախտաւոր նախագահը որոշէ լայնածաւալ յարձակումի ձեռնարկել Արցախի դէմ, արդեօք աշխարհասփիւռ հայերը պատրա՞ստ են օգնութեան փութալու իրենց հայրենակիցներուն: Հակառակ անոր, որ սահմաններու պաշտպանութեան պատասխանատուութիւնը երկու հայկական հանրապետութիւններու զինուած ուժերու ուսերուն է, սակայն սփիւռքահայերը արդեօք պէտք չէ՞ համադրուած գործողութիւններու ծրագիր ունենան, որպէսզի կարենան դիմակայել նման
 
գոյապայքար մը: Անհրաժեշտ բոլոր քայլերը պէտք է նախօրօք կազմակերպել, որպէսզի յարձակման պարագային կարելի ըլլայ անմիջապէս հակազդել:
 
Կարեւորագոյն այլ խնդիր են նաեւ, որուն հայերը անյապաղ ուշադրութիւն պէտք է դարձնեն՝ Թուրքիոյ մէջ տիրող քաոսային իրավիճակն ու հայ համայնքին առջեւ ծառացած հաւանական վտանգները, մասնաւորապէս՝
 
1. Թուրքիոյ կառավարութեան մէջ ընդհանուր խառնաշփոթը՝ կապուած վերջերս իշխող կուսակցութեան կողմէ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կորսնցնելու եւ Նոյեմբեր 1ին նախատեսուող նոր ընտրութիւններ իրականացնելուն հետ.
 
2. Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերուն կողմէ հերթական յարձակումները հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջաններու մէջ եւ բախումները թրքական զինուորականներու ու քիւրտերու միջեւ Թուրքիոյ մէջ.
 
3. Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի բռնակալական իշխանութեան միջազգային քննադատութիւնը, անոր աջակցութիւնը «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներուն եւ ձեռնարկած անողոք քայլերը ընդդէմ քաղաքական ընդդիմախօսներու:
 
Թուրքիայէն դուրս գտնուող հայերուն համար հիանալի առիթ է միանալու հակաէրտողանեան թափօրին: Միաժամանակ յարմար պահ է համագործակցելու միլիոնաւոր քիւրտերու հետ, որոնք դէմ են Էրտողանի վարչակարգին: Սակայն ճիշդ ժամը չէ լուռ մնալու, երբ թրքական վարչակարգը կը ձերբակալէ Տիարպեքիրի Սուրի շրջանի համաքաղաքապետ Ֆաթմա Պարութը: Ո՞ւր է ցասման ալիքը՝ ընդդէմ խիզախ հայուհիի կամայական ձերբակալութեան: Ցաւօք, ոեւէ մէկը չբողոքեց Հայաստանի մէջ կամ՝ Սփիւռքի… Անցեալ ամիս քաղաքապետ Պարութ եւ անոր ընտանիքը Երեւան էին՝ մասնակցելու Համահայկական խաղերուն: Այս առիթով անոնք այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ թանգարան՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու 1.5 միլիոն հայ նահատակներու յիշատակին:
 
Աշխարհասփիւռ հայերը պէտք է նաեւ աջակցին Պոլսոյ մէջ «Նոր Զարթօնք» երիտասարդական շարժման, որ կը պայքարի հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն՝ Թուրքիոյ մէջ հայերու եւ միւս ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքները պաշտպանելու համար: Այդ խումբի պայքարողներէն մէկը բողոքած է, որ անոնք նոյնիսկ բարոյական աջակցութիւն չեն ստանար Սփիւռքէն, չխօսած՝ Հայաստանի մասին: «Նոր Զարթօնք»ի անդամները, որոնք ֆիզիքական բռնութեան ենթարկուած են թրքական ծայրայեղականներու կողմէ, վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին բողոքի հաւաքներ իրականացուցած են «Արմէն» ճամբարին մօտ՝ թրքական կառավարութենէն պահանջելով բռնագրաւուած որբանոցը վերադարձնել հայկական համայնքին:
 
Քանի որ հայերը սփռուած են աշխարհով մէկ, անոնք կրնան դժբախտ միջադէպերու զոհ դառնալ ապագային: Խիստ անհրաժեշտ է, որ համաշխարհային հայկական յանձնախումբ մը՝ կազմուած Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի
 
կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէ, ծրագիրներ մշակէ՝ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ հայերուն սպառնացող արտակարգ իրավիճակներու պարագային: Դրամահաւաքներու իրականացման եւ գործողութիւններու ծրագիրներ կազմելու ժողովները պէտք է իրականացնել ողբերգական իրադարձութիւններէն առաջ, այլ՝ ոչ թէ յետոյ:
 
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնաժողովը իր յառաջիկայ երեւանեան համաժողովին կրնայ վերանուանուիլ եւ վերածուիլ մշտապէս գործող համահայկական մարմինի, որ պիտի զբաղի Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու բոլոր հարցերով, յատկապէս՝ արտակարգ իրավիճակներու մէջ:
 
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
 
 
  -   Յօդուածներ