Հայկական համերգ Մոնտեվիդեոյում


Հայկական համերգ Մոնտեվիդեոյում

  • 02-12-2010 19:04:12   |   |  Մշակոյթ
 Անցեալ Ուրբաթ 26 Նոյեմբերի երեկոն անմոռանալի յուշերով արձանագրուած պիտի մնայ Ուրուկուահայ արուեստասէր հասարակութեան մտքին մէջ, երբ երջանկութիւնը ունեցանք վայելելու մեր անզուգական եւ մեր սրտին հասնող անաղարտ հայկական զուլալ ժողովրդական երգն ու եղանակը: Արդարեւ այդ վայելքը պարգեւեց մեզի ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը երբ գեղեցիկ նախաձեռնութեամբ մը մեր շրջանը ուղղարկեց յայտնի ժողովրդական երգի եւ երաժշտութեան մեկնաբաններ ինչպիսիքն են թարի մեծ վարպետ Արտիոմ Խաչատուրը, քանոնի սքանչելի մենակատար Կարինէ Յովաննէսեանը, հանրածանօթ տուտուկահար Գէորգ Տապաղեանը, տուտուկահար Գրիգոր Թաքուշեանը, տհոլի լաւագոյն կատարողներէն Կամօ Խաչատրեանը եւ մեր բոլորին ծանօթ հայ երգի իշխան Գուրգէն Տապաղեանը: Նման բարձր մակարթակի երաժիշտներու համերգին ներկայ գտնուելու հաճոյքը ունեցանք ՍԹԵԼԼԱ թատերասրահին մէջ: Գուրգէնի երիտասարդ եւ կամաց կամաց ինքզինք պարտադրող անոյշ ձայնը, հրաշալի երաժիշտներու կատարումները մեզի մտովին փոխադրեցին մեր Հայրենի գեղեցիկ բնութեան գիրկը, ուր մեր լեռները, աղբիւրները, կանաչ դաշտերը դարձեալ նիւթ հանդիսացան գովերգելու մաքուր սէրը, բարի կեանքը մեր մեծ աշուղներու երգի ու բանաստեղծութեան ընդմէջէն, սկսելով մեծն Սայաթ Նովայէն , Ճիւանէն, Շերամէն հասնելով նորերուն, աշուղ Գէորգին, աշուղ Երամին, Արտիոմ Խաչատուրին: Ներկայ էր նաեւ հայ երգի հսկան Կոմիտաս Վարդապետը իր Հորովելով: Մեր անկեղծ շնորհակալութիւնները ՀՀ Սփիւրքի Նախարարութեան որ ներկայացուած էր իր փոխ նախարարի Տօքթ. Ստեփան Պետրոսեանի կողմէ, ջերմ, շատ շուտ հաղորդակցւող եւ համակրելի անձնաւորութիւն մը, ինչպէս նաեւ ՀՀ Դեսպանութեան, որոնք հովանաւորեցին բարձրորակ այդ համերգը եւ յատկապէս Ուրուկուայի մօտ Հաաստանի պատւոյ հիւպատոս Պր. Ռուբէն Աբրահամեանին եւ իր գործակիցներուն որ կազմակերպեց այս անմոռանալի երեկոն: Կարօ Հէքիմեան Կոմիտաս Ռատիօժամ
  -   Մշակոյթ