ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԵՌԵԱԿ ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐԸ ՆՇՈՒԵՑԱՆ ՀԱՅԱԲՈՅՐ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ


ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԵՌԵԱԿ ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐԸ ՆՇՈՒԵՑԱՆ ՀԱՅԱԲՈՅՐ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ

  • 29-11-2010 19:12:38   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Շաբաթավերջի յատկանշական ու կարեւոր միջոցառումներէն մէկը Զուարթնոց Դպրաց Դաս երգչախումբի եռեակ տարեդարձներուն նուիրուած հանդիսութիւններն էին, որոնք տեղի ունեցան Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ եւ հայաբոյր ու հայաշունչ մթնոլորտով ապրելու լաւագոյն առիթը ստեղծեցին երգչախումբի համակիրներուն եւ հրաւիրեալներուն։ Հոգշ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ այս եկեղեցւոյ մէջ իր անդրանիկ Ս. Պատարագը մատոյց եւ խօսեցաւ հրաշալի քարոզ մը, որ հոգեպէս զօրացուց ներկայ հաւատացեալները։ Զուարթնոց Դպրաց Դաս երգչախումբը, իր ամբողջական կազմով եւ քոյր երգչախումբերու անդամներուն հետ միասին, Կոմիտասեան բազմաձայն եղանակաւ երգեց Ս. Պատարագը՝ ղեկավարութեամբ Տիար Գէորգ Չաղլըչուպուքճուի եւ փոխ-վարիչ Ժիրայր Ագմէրճեանի, երգեհոնահարութեամբ Հերման Փորթաքալեանի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ քարոզիչ քահանան՝ Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճը։ Տէրունական Աղօթքէն առաջ գեղահիւս քարոզ մը խօսեցաւ Թաթուլ Հայր Սուրբը, որ խօսեցաւ Աստուծոյ արքայութեան եւ փառաբանութեան, Աստուծոյ հանդէպ վստահութեան եւ ծառայասիրութեան գաղափարներու մասին։ Քարոզիչ Վարդապետը նշեց որ միշտ պէտք է խորհինք Աստուծոյ մասին եւ Անիկա պէտք է դառնայ մեր կեանքի ուղեցոյցը։ Աստուծոյ թագաւորութիւնը հաստատուած է Քրիստոսի ծնունդով ու վստահութեամբ, վստահութիւն զոր ահաւասիկ մենք չունինք մեր կեանքի մէջ։ »Կան մարդիկ, որոնք շրթունքով կը փառաբանեն, սակայն անոնց սիրտը դատարկ է։ Մենք սիրտով կը մօտենանք Աստուծոյ եւ ո՛չ թէ շրթունքով, սիրտով պէտք է աղօթենք Աստուծոյ արքայութեան համար։ Աստուծոյ խօսքը զոր կը լսենք, իր տեղն ունի եւ պէտք է ունենայ մեր կեանքի, սրտի ու գործի մէջ«, ըսաւ Թաթուլ Հայր Սուրբը։ Յետոյ կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն Դասէն անդարձ բաժնուած նախագահներու, դպրապետներու, երաժշտապետներու, դպիրներու եւ սատարողներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Ս. Պատարագէն ետք հաւաքոյթ մը սարքուեցաւ յարակից սրահին մէջ եւ երգչախումբի համակիրներն ու հրաւիրեալները Տիկնանց Կազմի կողմէ սարքուած ճաշակաւոր սեղաններու շուրջ համախմբուեցան։ Պատուոյ սեղանին շուրջ Թաթուլ Հայր Սուրբին հետ միասին տեղ գրաւեցին Զաւէն Քահանայ Հայրը, Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Պր. Յարութիւն Շանլը, վաստակաշատ յոբելեար դպրապետ Բրշ. Լեւոն Սրկ. Էօզբէմպէ եւ այլ ազգայիններ։ Բացման խօսքը արտասանեց եւ հանդիսութիւնը վարեց »Կամք Հայախօսութեան« խմբակի սիւներէն Տիկին Մարիամ Տրամէրեան, որ շեշտեց թէ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցին իր պատմական օրերէն մին կ’ապրի եռեակ տարեդարձներու՝ Դպրաց Դասու հիմնարկութեան 119րդ, երգչախումբի կազմութեան 74րդ եւ »Հարիւր մանկանց« երգչախումբի կազմութեան 54րդ տարեդարձի առիթով։ Նշեց թէ երգչախումբի անդամները մեծ ուրախութիւն կ’ապրին վայելելով Թաթուլ Ծ. Վարդապետի ներկայութիւնը եւ հետեւելով անոր ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագին։ Այս եռեակ տարեդարձները առիթ կուտան մեզի որպէսզի մէկտեղուինք ու վերյիշենք այն կամաւոր սպասաւորները, որոնք ամէն Կիրակի, ամառ թէ ձմեռ կուգան ու իրենց աստուածահաճոյ ծառայութիւնը կը բերեն Ս. Յովհաննէս եկեղեցիին, դիտել տուաւ հանդիսավարը եւ ծանրացաւ Դպրաց Դասերու տարած անփոխարինելի աշխատանքին վրայ։ Յետոյ մատնանշեց կարեւոր կէտ մը. յիշեցուց որ համայնքային բոլոր հաստատութիւններու համար զանազան առիթներով նուիրահաւաքումներ կը կատարուին, ինչ ինչ ձեռնարկներ կը սարքուին, սակայն հայատառ մամուլը, որ համայնքի պատմութիւնը կ’արձանագրէ, նիւթական գետնի վրայ որեւէ բաժին չի ստանար այդ նուիրահաւաքումէն։ »Բոլորս ալ գիտենք որ »Կամք Հայախօսութիւն« խմբակի առաջնահերթ նպատակներէն մէկն էր համայնքի ուշադրութիւնը կեդրոնացնել մամուլի վրայ եւ հիմա ալ հրապարակաւ անգամ մը եւս կը կրկնեմ որ բոլորիս պարտականութիւնն է տէր կանգնիլ մեր թերթերուն, որոնք նիւթական գետնի վրայ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Պոլսահայ մամուլը հարիւր տարի առաջ ալ գոյութիւն ունէր եւ ասկէ վերջ ալ պիտի շարունակէ պատմութիւնը արձանագրել իր սիւնակներուն վրայ, բայց մենք ալ մեր պարտաւորութիւններն ունինք անոնց հանդէպ եւ պէտք է տէր կանգնինք մեր թերթերուն«, ըսաւ Տիկին Տրամէրեան։ Իր խօսքի վերջաւորութեան ան շնորհակալութիւն յայտնեց Թաղային Խորհուրդին, երգչախումբի անդամներուն եւ Տիկնանց Կազմին, որոնք միասնաբար կանգուն կը պահեն այս եկեղեցւոյ կանթեղը։ Յետոյ երգչախումբի 2009-2010ի ամփոփ տեղեկագիրը կարդաց Բ. ատենադպիր Պր. Կարօ Ակօշեան։ Համայնքէս շնորհալի երգեհոնահար Ռոպէր Տօղանայ, հայաստանցի ջութակահար Մեսրոպ Օհանեան եւ Սէսիլ Տէմիրճի երգերով ու գեղեցիկ մեղեդիներով փայլ տուին յայտագրին։ Յոբելեար դպրապետ Լեւոն Սրկ. Էօզբէմպէ, որու եկեղեցական ծառայութեան 70ամեայ յոբելեանը նշուած էր անցեալ տարի, հանդիսաւորապէս այս հաւաքոյթի ընթացքին իր »Յուշամատեան«ը բաժնեց ներկաներուն եւ Թաթուլ Հայր Սուրբին։ Թաղային Խորհուրդի անունով Ատենապետ Պր. Յարութիւն Շանլը արծաթեայ շատ գեղեցիկ խաչ մը նուիրեց Թաթուլ Ծ. Վարդապետին։ Վերջաւորութեան իր սրտի խօսքը արտասանեց երգչախումբի սիւներէն Պր. Կարօ Գաբրիէլեան։ Ան նշեց թէ երգչախումբի ընտանիքը գեղեցիկ օր մը կ’ապրի այս մէկտեղումով եւ իրեն համար ալ մեծ պարծանք է անոնց միջեւ գտնուիլ։ Գնահատալից արտայայտութիւններ ունեցաւ Զաւէն Քահանայ Հօր մասին եւ շեշտեց թէ ան իսկապէս հովուութիւն կ’ընէ այս եկեղեցւոյ մէջ։ »Ամէն Կիրակի 80-100 հաւատացեալներ այս եկեղեցին կուգան, կը հետեւին Ս. Պատարագին, յետոյ այս սրահին մէջ կը վայելեն Թաղային Խորհուրդի կողմէ պատրաստուած ճաշերը։ Թէեւ թաղին մէջ գրեթէ հայեր չկան, սակայն ամէն Կիրակի եկեղեցին բերնէ բերան լեցուն է հաւատացեալներով«, ըսաւ Կարօ Գաբրիէլեան ու իր խօսքը վերջացուց շնորհակալութեան արտայայտութիւններ ունենալով Թաղային Խորհուրդին, Տիկնանց Կազմին եւ հանդիսավար Տիկին Մարիամ Տրամէրեանին, որ ամէն առիթով կ’օգնէ իրենց եւ կը ստանձնէ ամէն տեսակ պարտականութիւն։ Հուսկ բանքը խօսեցաւ Թաթուլ Ծ. Վարդապետը, որ գնահատալից խօսքեր ուղղեց յոբելեար Լեւոն Սրկ. Էօզբէմպէին, նաեւ մաղթեց ու աղօթեց որ այս համայնքին մէջ գտնուին լուրջ գիտակցութեամբ օժտուած մարդիկ։ Յետոյ խօսափողը յանձնեց յոբելեար դպրապետ Լեւոն Սրկ. Էօզբէմպէի, որ իր կարգին նշեց թէ առանց որեւէ ակնկալութեան ծառայած են եկեղեցիին ու մայրենի լեզուի ջատագով հանդիսացած են ամէն առիթով։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը