ԿՈՄԻՏԱՍ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹՆ ՈՒ ԵՐԷԿՈՒԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ


ԿՈՄԻՏԱՍ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹՆ ՈՒ ԵՐԷԿՈՒԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ

  • 29-11-2010 19:10:03   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Կոմիտաս Դպրաց Դաս երգչախումբին համար այս տարին յոբելենական տարի է։ Երգչախումբը կը բոլորէ իր հարիւրամեակը եւ դարադարձի այս առիթով Շաբաթ գիշեր եւ երէկ Կիրակի զոյգ հանդիսութիւններ տեղի ունեցան։ Արդարեւ Շաբաթ գիշեր »Ռամատա« պանդոկի սրահներուն մէջ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը եւ համայնքային յայտնի դէմքեր Կոմիտաս երգչախումբի ընտանիքի եւ համակիրներու հետ միասին բաժնեցին հարիւրամեակի առթած ուրախութիւնն ու ոգեւորութիւնը։ Ճաշկերոյթի պատուոյ հիւրն էր Յունաց Պարթոլոմէոս Պատրիարքը, որ Թաթուլ Ծ. Վարդապետի հետ միասին տեղ գրաւեց պատուոյ սեղանի շուրջ ու հետեւեցաւ յայտագրին։ Ճաշկերոյթի ողջոյնի խօսքը արտասանեցին երգչախումբի նուիրեալ անդամներէն Պր. Գէորգ Թիւյսիւզեան եւ շնորհալի երիտասարդուհի Օր. Գարին Թոկաչ։ Անոնք հայերէնով եւ թրքերէնով ներկայացուցին երգչախումբի պատմականը, կանգ առնելով յատկանշական քանի մը տարեթիւերու վրայ։ Պարքովիզիոնի դրութեամբ պաստառի վրայ տողանցեցին լուսանկարները այն անձերուն, որոնք իրենց ուրոյն դրոշմը թողած էին երգչախումբի պատմութեան մէջ։ Երգչախումբի անդամներէն Հրանդ Գարահան ֆրանսական, իտալական ու յունական սիրուած երգերու փունջ մը հրամցուց եւ իր հեշտալուր ձայնով հաճելի պահեր ապրեցուց ներկաներուն։ Յետոյ բեմը յանձնուեցաւ համայնքիս »ասմունքի իշխանուհի«ին՝ Տիկին Սիլվա Կոմիկեանի որ նախ Ռ. Հատտէճեանի կողմէ Կոմիտասի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով գրուած »Յուշատետր«էն յատկանշական հատուած մը արտասանեց, իսկ յետոյ արտասանեց Պարոյր Սեւակի »Քի՛չ ենք, բայց հայ ենք« անուն բանաստեղծութիւնը եւ իր խիստ տպաւորիչ մեկնաբանութեամբ խօսեցուց ներկաներուն սիրտերը։ Յաջորդ ելոյթը եկաւ Յունաց Պատրիարքէն, որ խօսեցաւ մշակութային հարստութիւնները պահելու հրամայականին մասին եւ երգչախումբին յանձնեց սիրուն յուշանուէր մը, իսկ մօտաւորապէս ժամ մը վերջ ալ բաժնուեցաւ սրահէն։ Յայտագիրը շարունակուեցաւ այլ ելոյթներով։ Այսպէս՝ օփէրայի յայտնի երգչուհի Ժագլին Չարքճը, որու գործունէութեան 25ամեակը կը լրանայ այս տարի, յուզիչ երկու երգերով իր մասնակցութիւնը բերաւ յայտագրին։ Խօսեցաւ Շիշլիի Փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, որ 15 տարի անդամակցած է երգչախումբին եւ յուշեր ունէր այդ օրերէն։ Երգչախումբի երիցագոյն անդամներէն Պր. Արմէն Չրաքեանն ալ յիշատակելի դրուագներ պատմեց հին օրերէն եւ ներկաներուն մտքին ու սրտին մէջ թարմացուց յիշատակելի ինչ ինչ ապրումներ։ Յայտագրի յաջորդ բաժնով 100ամեակի յուշատախտակներ յանձնուեցան ելոյթ ունեցողներուն, բոլոր անդամներուն, վախճանեալ անդամներու մօտիկ պարագաներուն, Հայր Թաթուլին Ծ. Վարդապետին, Անդրէաս եւ Գէորգ Քահանայ Հայրերուն, Յովհան Քհնյ. Իսթանպուլեանին )որ կը բացակայէր_։ Գեղեցիկ յուշապնակ մըն ալ պատրաստուած էր Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետուհիին համար եւ Տիկին Իրմա Փոլատ ճաշկերոյթին ներկայ գտնուող քոյր Թաղային Խորհուրդներու անդամներուն հետ միասին ընդունեց զայն։ Վերջաւորութեան, ծափողջոյններու ներքեւ կտրուեցաւ հարիւրամեակի կարկանդակը եւ ներկաներ գոհունակութեամբ բաժնուեցան սրահէն։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը