ԷՐՏՈՂԱՆԷՆ ՅԵՏՈՅ ԵՒ ԿԻՒԼԷՆ ԱՌԱՋ


ԷՐՏՈՂԱՆԷՆ ՅԵՏՈՅ ԵՒ ԿԻՒԼԷՆ ԱՌԱՋ

  • 27-11-2010 09:55:12   |   |  Յօդուածներ
Թուրքիոյ վարչապետին այցելութեան նախօրէին իսկ լիբանանեան մամուլը քանի մը առիթով կը գրէր նախագահ Կիւլին Լիբանան այցելութեան հաւանական թուականին մասին: Դեկտեմբերի կէսերուն իրականացուելիք այցելութիւն էր նախագահական մակարդակով, պետական այցի արարողակարգային կարգավիճակով: Երէկ, Լիբանանի մէջ թուրք դեսպանը կը յայտարարէր, որ նախագահ Կիւլ Լիբանան պիտի այցելէ յառաջիկայ գարնան, ընդառաջելով Լիբանանի իր գործընկերոջ հրաւէրին: : Նման բարձրաստիճան պաշտօնատարներու այցելութեան թուականներու յարափոփոխելիութիւնը օրինաչափ դարձած է թուրք պետական պաշտօնատարներու պարագային: Նոյնը պատահած էր վարչապետ Էրտողանին համար, որուն այցելութիւնը կայացաւ առ նուազն երեք անգամ յետաձգուելէ ետք: Նոյեմբերն ու դեկտեմբերը ժամանակի հասկացողութեամբ նեղ անմիջականութիւն կ՛ենթադրեն անշուշտ, մանաւանդ երբ նկատի կ՛ունենանք նոյն երկրի վարչապետին եւ ապա նախագահին տալիք այցելութիւները: Այսուհանդերձ քաղաքական յարաբերութիւններու գերաշխուժացման գործընթացին հետ կապ ունեցող կշռոյթ է ցոյց տրուածը: Ի վրեջոյ երկկողմանի է ճիգը, տրուած ըլլալով որ հրաւիրող եւ ընդառաջող կողմերը համատեղ համաձայնութեամբ կը ճշդեն նման այցելութիւներու թուականները: Նոր թուականի յայտարարութիւնը սակայն դիտարկման երկու ամփոփ կէտ կը կեդրոնացնէ իր վրան: Առաջինը այն է, որ ոչ առաջնային կարգով կը կատարուի յայտարարութիւնը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն կամ նախագահի գրասենեակէն չէ յայտարարութիւնը, այլ տեղւոյն թուրք դեսպանին կողմէ, այն ալ ի մէջ այլոց, եւ ոչ թէ դեսպանատունէն հրապարակուած յատուկ հաղորդագրութեամբ: Այստեղ, յայտնաբար յետաձումի իրողութիւնն է, որուն վրայ շուք կը փորձուի պատել: Հայկական գործօնի գերարժեւորման փորձ կատարուած կ՛ըլլայ, եթէ մտածուի, որ վարչապետ Էրտողանի նկատմամբ ցուցաբերուած լիբանանահայ ,դիմաւորութիւնեն էր, որ պատճառ դարձաւ նախագահ Կիւլի այցելութեան թուականի փոփոխութեան: Այսուհանդերձ լիբանանահայութեան բողոքը, այնտեղ կատարուած յայտարարութիւններուն լիբանանեան ,արաբական շեշտադրումները եւ մանաւանդ արձանագրուածին լիբանանեան, արաբական եւ միջազգային արձանգանգի ալիքներուն նկատառելի տարողութիւնը կը համոզեն դիպաշարին հետեւողը, որ լիբանանահայ քաղաքական գործօնը յաջողեցաւ կացութիւն ստեղծել: Պատահածը անշուշտ աննկատ չանցաւ տեղւոյն թրքական դեսպանատունէն եւ առ այդ` պաշտօնական Անգարայէն: Թափանցուած միջավայրին մէջ ի վերջոյ գոյութիւն ունի անշրջանցելի գործօն, որ լիբանանեան-արաբական գունաւորում կու տայ հարցին բովանդակութեան, թրքական գործօնի գերաշխուժացումը ընկալելով իբրեւ Լիբանանը հարուածող երեւոյթ: Պէտք է ընդունիլ անշուշտ, որ թրքական այս խաղը կը տարուի բաւական վարպետութեամբ: Եթէ մէկ կողմէ կայ ամբոխային պարզամատութիւն, որ կ՛առաջնորդէ թրքական քայլերուն դիմաց համակրանքի ալիքի բարձրացման, միւս կողմէ կայ թէկուզ կարճաժամկէտ այսուհանդերձ առաջադրուած շահերու համընկնումի իրականութիւն: Հայկական գործօնը հոս է, որ թէկուզ առանձինը, ճիշդ շարժառիթներ գործածեց հարցին տալու համար լիբանանեան-արաբական բնոյթ: Ժամանակի որոշ հեռաւորութենէ դիտուած տակաւ կը նկատուի հաւանաբար, որ ենթահող կը շահին լիբանանահայութեան արծարծած հարցերը: Լիբանանեան զանազան կողմեր` Թուրքիոյ վարչապետին բարի գալուստ մաղթող, զօրակցող թէ լուռ մնացող, համալիբանանեան մտածողութեան զարգացման առընթեր պիտի գիտակցին, որ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը շրջանին եւ Լիբանանին մէջ չի ծառայեր այս երկրի շահերուն: Կը ծառայէ առաջին հերթին այս նախաձեռնողականութիւնը ցոյց տուող Անգարային եւ ապա Լիբանանի հակառակորդին, Անգարայի ռազմավարական յատուկ գործընկեր` Թել Աւիւին: Յուսանք, որ մինչեւ գարուն, կամ նախագահ Կիւլի Պէյրութ ժամանումը (եթէ նոր յետաձգում չըլլայ անշուշտ) այս գիտակցութեան հասնին Լիբանանի պետութիւնն ու հասարակութիւնը: Շահան Գանտահարեան ,Ազդակեի գլխաւոր խմբագիր
  -   Յօդուածներ