ԿԱՐԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԻՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԻՐՔԸ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ


ԿԱՐԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԻՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԻՐՔԸ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ

  • 23-11-2010 21:33:38   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Նոր անուն մը այս օրերուն սկսած է տարածուիլ ամերիկահայ գրական մեր շրջանակներէն ներս, երբ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին Արտաքին Նախարարին, Րաֆֆի Յովհաննէսեանի որդին՝ Կարինը հրապարակ հանեց իր երախայրիքը «Ստուերներ ընտանիքին»։ Հակառակ որ տակաւին նոր հրապարակ ելած է, արդէն իսկ Ամերիկայի արեւելեան ափէն մինչեւ արեւմտեան հայաշատ քաղաքներու մէջ արագօրէն լայն հետաքրքրութիւն գտաւ երիտասարդ հեղինակին գիրքը։ Նիւ Եորքի «Հարփըր Քոլլինկ» հրատարակչատունը օրեր առաջ հաղորդած էր որ գիրքը լոյս պիտի տեսնէր Հայաստանի անկախութեան օրը, 21 Սեպտեմբերին։ Գիրքը նուիրուած է Յովհաննէսեան ընտանիքի մէկ դարու պատմութեան, սկսելով տեղահանութենէն դէպի ամերիկեան երազ եւ Հայաստանի անկախութեան իրականութիւն։ Այս պատմութիւնն է իրաւ ամերիկահայուն, որ եղաւ տարբեր չէր իր նմաններէն. ան ալ անցեալ դարասկզբին, ազատութեան տենչանքով ապահով երդիք մը փնտռեց օտար ափերուն վրայ, որպէսզի քանի մը տոլար կարենար ղրկել երկրի իր հարազատներուն։ Ան թէեւ հասակ առաւ Ուսթըրի, Փրաւիտընսի, Նիւ Եորքի թէ Ֆրէզնոյի մէջ, սակայն մնաց աւելի կապուած իր հայրենի ծննդավայրին եւ մանաւանդ Հայաստանին։ Յովհաննէսեանները ահա այսպէս դար մը ամբողջ հասած ըլլալով ամերիկեան երազին... դարձան նաեւ նորածին Հայաստանի անկախութեան կառավարութեան անդամ։ Անոնք շահած էին ամերիկեան եւ հայկական երազը միաժամանակ։ Կարին թոռն է յայտնի պատմաբան Փրօֆ. Րիչըրտ Յովհաննէսեանի։ Ան շրջանաւարտ է Գալիֆորնիոյ համալսարանէն եւ կը հետեւի լրագրութեան ճիւղին՝ Պոսթընի Գոլոմպիա համալսարանէն ներս։ Ունի գրութիւններ »Լոս Անճէլըս Թայմս«, »Լիպըրթի« թերթերու եւ »Արարատ« հանդէսին մէջ։ Արժանացած է »Ֆուլպրայթ ելոուշիպ« մրցանակին։ 8 Հոկտեմբերին, Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Նիւ Եորքի մասնաճիւղին, Հայ ուսանողաց միութեան եւ Վարդանանց ասպետներուն, տեղի ունեցաւ 24-ամեայ երիտասարդ հեղինակին գրքի շնորհանդէսը։ Հեղինակը լայնօրէն ներկայացուց իր գիրքը եւ նորատիպ հատորը մակագրեց փափաքողներուն։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը