<br /> Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի ներկայացուցիչները եւ Դոկտ. Փրոֆ. Ճուլիեթայ Կ'իւլամիրէան այցելեցին Հայաստանի Դեսպանատուն <br />



Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի ներկայացուցիչները եւ Դոկտ. Փրոֆ. Ճուլիեթայ Կ'իւլամիրէան այցելեցին Հայաստանի Դեսպանատուն

  • 04-05-2011 18:49:46   |   |  Հասարակութիւն
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը եւ հայրենի մանկավարժ Դոկտ. Փրոֆ. Ճուլիեթայ Կ'իւլամիրէան 4 Մայիսին այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութէան դեսպանատուն` Պէյրութի մէջ Փրոֆ. Կ'իւլամիրէանի ղեկավարութէամբ մանկավարժական կազմաւորումի միամսէակի մեկնարկին առիթով: Պատուիրակութէան մաս կազմեցին կեդրոնի տնօրէն հայր Վարդան վարդապետ Գազանճէան, Դպրոցական հայագիտութէան զարգացման գրասենէակի վարիչ Վարդան Թաշճէան եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի կրթական մարմնի անդամ տիկին Զուարթ Նաճարէան: Անոնք ընդունուեցան արտակարգ եւ լիազօր դէպան պրն. Աշոտ Քոչարէանի կ'ողմէ: Ինչպէս եայտնի է, Խաչատուր Աբովէանի անուան Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի մանկավարժական ամբիոնի դասախօս Դոկտ. Կ'իւլամիրէան ամբողջ մէկ ամիս պիտի գտնուի Պէյրութ` Լիբանանահայ մանկապարտէզներու եւ տարրական դասարաններու մանկավարժներուն ուղղուած Հայերէնի ուսուցման մեթոտի եւ մանկավարժական կազմաւորումի վերաբերէալ դասընթացքներ վարելու նպատակով: Ծրագիրը կ'իրականանայ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին հովանաւորութեմբ եւ Հայաստանի կրթական նախարարութէան եւ Խաչատուր Աբովէանի անուան մանկավարժական համալսարանի գործակցութէամբ: Հանդիպման ընթացքին Նարեկացի կեդրոնի պատասխանատուները պարզեցին հայ աշակերտներուն հայերէնի ուսուցման եղանակները զարգացնելու նկատմամբ Հայ կաթողիկէ կրթական մարմիններուն եանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ մանկավարժներուն մասնագիտական օգնութիւն տրամադրելու անոնց պատրաստակամութիւնը, որուն ուղղութէամբ կատարուող աշխատանքներուն մէջ կը դիմուի նաեւ Հայաստանի համապատասխան մարմիններու եւ մասնագէտներու օգնութէան: Անոնք ներկայացուցին կատարուելիք աշխատանքներուն ընդհանուր բովանդակութիւնն ու նպատակները: Դեսպան Քոչարէան իր հերթին ողջունեց Դոկտ. Կ'իւլամիրէանի այցելութիւնը` Պէյրութ, գնահատեց կրթական մարզին մէջ լիբանանահայ կառոյցներուն տարած աշխատանքը եւ եաջողութիւն մաղթեց առաջադրուած աշխատանքներուն: Ան կարեւորեց սփիւռքէան համայնքներուն եւ Հայաստանի միջեւ եարաբերութիւններու ընդլայնումը` ի խնդիր փոխադարձ ճանաչումի եւ համատեղ աշխատանքներու կազմակերպման:
  -   Հասարակութիւն