ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ


ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

  • 23-11-2010 13:24:39   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - 18-20 Նոյեմբեր 2010, Սոֆիայի մէջ, Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու) մասնակցեցաւ Ալֆա Դասընթացքի կազմակերպած Ուղղափառ Եկեղեցիներու Աստուածաշունչի սերտողութեան նուիրուած համագումարին։ Լիբանանէն, Ռուսաստանէն, Մոլտովայէն, Ռումանիայէն, Մեծն Բրիտանիայէն եւ Պուլկարիայէն ժամանած 75 հոգեւորականներ եւ աշխարհականներ ներկայ գտնուեցան այս համագումարին, որուն գլխաւոր դասախօսն էր Ալֆա Դասընթացքի հիմնադիր Նիգի Գէմպըլ անկլիքան հովիւը։ Համագումարը առիթ մը եղաւ որ մասնակիցներ բացատրեն իրենց Եկեղեցիներէն ներս Աստուածաշունչին ընթերցման եւ սերտողութեան առնչուած ծրագիրները, ներկայացնեն մասնայատուկ պարագաներ, քննարկեն հասարակաց հարցեր եւ խօսին Ալֆա Դասընթացքին արձանագրած յաջողութիւններուն մասին։ Յայտնենք որ Ալֆա Դասընթացքը աւելի քան 30 տարիներ առաջ սկսած է եւ կը շարունակուի Լոնտոնի Ս. Երրորդութիւն Անկլիքան Եկեղեցւոյ մէջ ու տարածում գտած է Ուղղափառ, Կաթոլիկ եւ Բողոքական Եկեղեցիներու մէջ։ Այսօր 163 երկիրներու մէջ զանազան լեզուներով 34 հազար Ալֆա դասեր կը տրուին։
  -   Մամլո հաղորդագրություն