ՆԷՆՍԻ ՓԷԼՈՍԻ ԿՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՆԵՑՈՒԿ ԿԱՆԳՆԻԼ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ<br /> ԲԱՆԱՁԵՎԻՆ


ՆԷՆՍԻ ՓԷԼՈՍԻ ԿՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՆԵՑՈՒԿ ԿԱՆԳՆԻԼ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
ԲԱՆԱՁԵՎԻՆ

  • 22-11-2010 18:12:22   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու Տան նախագահ տէմօքրաթ Նէնսի Փէլոսի, որ վերջին ընտրութիւններու արդիւնքով իր պաշտօնը պիտի փոխանցէ Հանրապետական Ճօն Պոհէրին, ըսաւ որ պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ հայկական ցեղասպանութեան բանաձեւին եւ ամէն ինչ պիտի ընէ որպէսզի բանաձեւը վաւերացուի Քոնկրէսի կողմէ։ Նէնսի Փէլոսիի մասին գնահատական արտայայտութիւններ եկան ԱՆԳԱ-ի նախագահ Արամ Համբարեանէն, որ յայտնեց թէ հայկական բանաձեւին նկատմամբ նոյն տաքուկ վերաբերումը կարելի պիտի չըլլայ սպասել նորընտիր նախագահ Ճօն Պոհէրէն։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը