Ատրպէյճանի Ճնշումը Իսրայէլի Վրայ` Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտման Համար, Պէտք Է Արժանանայ Հայերու Հակազդեցութեան. ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ


Ատրպէյճանի Ճնշումը Իսրայէլի Վրայ` Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտման Համար, Պէտք Է Արժանանայ Հայերու Հակազդեցութեան. ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

  • 09-11-2015 11:03:08   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Քանի որ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն դարձած են աւելի լարուած` ռազմավարական դաշինքէն անցնելով բացայայտ թշնամութեան, ապա շատ մը վերլուծաբաններ սկսած են զարմանալ Իսրայէլի կառավարութեան ոչ բնորոշ զուսպ արձագանգին վրայ` Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հակասեմական ելոյթներուն եւ հակաիսրայէլեան գործողութիւններուն:
 
Այս պայմաններուն մէջ հայերը եւ անոնց կողմնակիցները զարմացած են վարչապետ Պենիամին Նեթանեահուի շարունակական մեղսակցութենէն` թրքական կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման եւ Քնեսեթի մէջ (խորհրդարան) անոր ճանաչման արգելակման գործին:
Միջին Արեւելքի որոշ փորձագէտներ երկու բացատրութիւն ունին Իսրայէլի տարօրինակ դիրքորոշման վերաբերեալ.
1) Հակառակ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ առկայ առերեւոյթ ատելութեան` երկու երկիրները կը շարունակեն իրենց հետախուզական տուեալներու գաղտնի փոխանակումը եւ զէնքի առեւտուրը:
2) Ատրպէյճան` Թուրքիոյ կրտսեր եղբայրը, թշնամական դեր ստանձնած է՝ ճնշելով Իսրայէլի վրայ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանաչելու համար, որպէս լծակ օգտագործելով իսրայէլեան արդիական զէնքերու միլիառաւոր տոլարներու գնումը` Իսրայէլին ապահովելով խիստ անհրաժեշտ նաւթամթերքներով եւ տրամադրելով Ատրպէյճանի մէջ ռազմակայան` Իրան ներթափանցելու եւ լրտեսելու համար, որուն հետ ան ունի 700 քմ. սահման:
Իսրայէլի կառավարութիւնը Ատրպէյճանի թելադրանքներուն նկատմամբ այնքան գերզգայուն դարձած է, որ վերջերս Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Երուսաղէմ կատարած այցելութեան ժամանակ, հակառակ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարի դժկամութեան, պարոն Նալբանդեան կրցաւ հանդիպիլ Իսրայէլի նախագահին հետ:
«Ճերուզալեմ Փոսթ» թերթի Նոյեմբեր 1ի թիւին մէջ յօդուած մը լիովին ցոյց կու տայ Իսրայէլի` Ատրպէյճանին հաճոյանալու աստիճանը: Այն ժամանակ, երբ արեւմտեան խումբերուն մեծ մասը, ներառեալ՝ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ), հրաժարեցաւ դիտորդ ուղարկել Ատրպէյճանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն Պաքուի կիրարկած սահմանափակումներուն պատճառով, Իսրայէլի Քնեսեթի չորս անդամներ շտապեցին Ատրպէյճան` ցոյց տալու իրենց աջակցութիւնը Ալիեւի բռնատիրական վարչակարգին… Իսրայէլի նախկին արտաքին գործոց նախարար, այժմ Իսրայէլ-Ատրպէյճան խորհրդարանական խումբի նախագահ Աւիկտոր Լիպերմանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի նախկին դեսպան Մայքըլ Օրենը, Սոֆա Լանտվըրը եւ Եոէլ Ռազպոզովը:
«Ճերուզալեմ Փոսթ»ը կը հաղորդէ, որ Լիպըրման, որպէս արտաքին գործոց նախարար, «աշխատած է ամրապնդել Իսրայէլի կապերը Ատրպէյճանի հետ», եւ մէջբերած է Պաքուի մէջ ըսած անոր խօսքերը, որ ան՝ “Իսրայէլի համար կարեւոր երկիր է եւ լաւ բարեկամ… նոյնիսկ՝ Խորհրդային Միութեան ժամանակ, [Ատրպէյճանը” յայտնի էր հրէական համայնքի նկատմամբ իր լաւ վերաբերմունքով, եւ այնտեղ հակասեմականութիւն չկայ: Մենք պէտք է շարունակենք ամրապնդել մեր յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ»: «Ազերնիւզ» գործակալութիւնը եւս մէջբերած է Ընտրական լրատուական կեդրոնին յայտնած անոր խօսքերը, որ՝ «Ատրպէյճան կը հանդիսանայ ժողովրդավարութեան, կայունութեան եւ յաջող արտաքին քաղաքականութեան օրինակ»: Նման անհեթեթ եւ կեղծ յայտարարութիւնները անընդունելի են իրազեկ մարդոց մեծ մասին կողմէ:
Հետաքրքրական  է, թէ ինչու արտաքին գործոց նախկին նախարարը այդքան շահագրգռուած է արդարացնելու Ատրպէյճանի անցեալի եւ ներկայի հակասեմականութիւնը: Պաքուէն Քնեսեթի չորս անդամներու վերադարձէն ետք անոնց պէտք է խնդրել բացայայտել այն շռայլ նուէրները, որոնք անոնք հաւանաբար ստացած են որպէս երախտիքի նշան Ատրպէյճանի անարդար ընտրութիւնները կուրօրէն վաւերական ճանչնալու համար: Զարմանալի չէ, որ Ալիեւ պահպանեց իր վերահսկողութիւնը իշխանութեան վրայ` շարունակելով անոր տիրող կուսակցութեան մեծամասնութիւնը խորհրդարանին մէջ, մինչ հիմնական ընդդիմութիւնը պոյքոթի ենթարկեց նախորդ Կիրակիի ընտրութիւնները:
«Ճերուզալեմ Փոսթ»-ը հաղորդեց, որ՝ «Ատրպէյճան կը համարուի ամենամտերիմ մահմետական երկիրը Իսրայէլի համար, եւ երկու երկիրները ունին սերտ կապեր ու նշանակալից առեւտուր: Ատրպէյճանը Իսրայէլի քարիւղի մեծագոյն մատակարարն է, եւ ապրանքաշրջանառութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ հասած է 5 միլիառ տոլարի, աւելի քան՝ Ֆրանսայի հետ: Վերջին տարիներուն Լիպըրման, այն ժամանակուան նախագահ Շիմոն Փերես եւ պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն ալցելած են Պաքու»:
Ձեռնամուխ ըլլալով քարիւղ` զէնքի դիմաց քաղաքականութեան, Իսրայէլի պաշտօնեաներուն շատ յարմար է անտեսել Ատրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումները, խօսքի ազատութեան բացակայութիւնը եւ լրագրողներու ու հասարակական գործիչներու, որոնց շարքին` Պաքուի Խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան հիմնարկի ղեկավար Լէյլա Եունուսի եւ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հետաքննող-լրագրող Խատիճա Իսմայիլովայի ազատազրկումը:
Թէեւ որոշ չափով հասկնալի է, որ Իսրայէլ եւ Ատրպէյճան կը հետապնդեն իրենց սեփական շահերը, անկախ անկէ, թէ որքան դատապարտելի են միջոցները, սակայն Հայաստան եւս պէտք է հետամուտ ըլլայ իր ազգային շահերուն եւ հակազդէ որեւէ երկրի գործողութիւններուն, որոնք կը սպառնան անոր անվտանգութեան եւ հարցականի տակ կը դնեն Ցեղասպանութիւնը: Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է յստակօրէն հասկցնէ Իսրայէլի պաշտօնեաներուն, որ Ատրպէյճանին բազմամիլիառ տոլարներու ժամանակակից զէնք վաճառելով՝ անոնք պատասխանատուութիւն կը կրեն հազարաւոր հայերու կեանքը վտանգելու համար: Ատրպէյճանցի պաշտօնեաները հրապարակայնօրէն կը յայտարարեն, որ Իսրայէլէն ձեռք բերուած զէնքով իրենք նպատակ ունին յարձակելու Արցախի եւ Հայաստանի վրայ:
Վերջապէս, Հայաստան պէտք է զգուշացնէ Ատրպէյճանը, որ Հայոց ցեղասպանութեան անոր անտեղի ժխտումները եւ այլ երկիրներու, ինչպէս, օրինակ, Իսրայէլի վրայ ճնշումները` իր ժխտողական գործերուն միանալու համար, աւելի կը թշնամացնեն հայերը` անհնար դարձնելով որեւէ զիջումի  երթալու արցախեան հակամարտութեան հարցով:
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Թարգմանութիւնը կատարեց ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը
 
  -   Յօդուածներ