30-11-2015 11:13:53 | | Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Le Progrès» թերթը Նոյեմբեր 26ի իր թիւին մէջ հաղորդէ, թէ Ազէրպայճան դատի դիմած է երեսփոխան Ֆրանսուա Ռոշպլուանի դէմ:
Պատճառը այն է, որ Լուառ նահանգի երեսփոխանը՝ հայ մամուլին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ ըսած էր, թէ «Ազէրպայճան կը վարուի ահաբեկիչ պետութեան մը նման»: Ան այդ ձեւով կ՚ակնարկէր Արցախեան հակամարտութեան մէջ այդ երկրին կեցուածքին:
Այս առթիւ Պաքու յայտարարած է, թէ «Ազէրպայճանի Հանրապետութիւնը որոշած է այլեւս թոյլ չտալ ոտնակոխել իր եւ իր ժողովուրդին պատիւը»: Ռոշպլուան ալ մեկնաբանելով Ազէրպայճանի այս քայլը, յայտնած է, թէ բնաւ չէ զարմացած, եւ թէ այդ երկիրը, որ կը բանտարկէ լրագրողներ, ցոյց տուաւ, որ չ՚ընդունիր իրականութիւնը: