ՌԱԿ-ը տոնեց իր հիմնադրման 89 ամյակը


ՌԱԿ-ը տոնեց իր հիմնադրման 89 ամյակը

  • 04-11-2010 14:07:00   | Հայաստան  |  Յօդուածներ
Ռամկավար Մամուլ - ՊԷՅՐՈՒԹ ՌԱԿ-ի դաւանանքին հաւատարիմ, կուռ կազմակերպուածութեամՎ, 89 տարիներու անմնացորդ ծառայութեան՝ հայ ժողովուրդին հետ եւ հայ ժողովուրդին համար՝ ի խնդիր կոտորակեալ, Վայց վերածնած ու Վարգաւաճող հայրենիքի հզօրացման, ի խնդիր ազգային միասնականութեան ու համերաշխ գործակցութեան. եւ այս Վոլորով՝ ի խնդիր հայկական Վռնագրաւեալ հողերու ազատագրման ու ամՎողջական հայրենիքի կերտումին: Ձախէն աջ. Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան Ատենադպիր ընկ. Արտաւազդ Մելքիսէթեան, Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան ԼիՎանանի ներկայացուցիչ ընկ. Յովսէփ Էմիրեան, Հայաստանի Հանրապետութեան ԼիՎանանի մօտ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Պրն. Աշոտ Քոչարեան, Ռ.Ա.Կ ԼիՎանանի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ ընկ. Տոքթ. Մարտիկ Աւետիքեան, Ռ.Ա.Կ.-ի երեսփոխան. Նախարար Պրն. Ժան ՕղասաՎեան եւ Թ.Մ.Մ. Հիմնադիրներու Մարմնի Ատենապետ ընկ. Կարապետ Պապահէքեան Ահա թէ ինչը կը մղէ, որ այսօր Ռամկավար Ազատական գաղափարապաշտներ ու համակիրներ, արդար հպարտութեամՎ կը նշեն հիմնադրութեան տարեդարձը Ռամկավար Ազատական Կուսակութեան, որ Վոլորելով իր 89-րդ ամեակը, աւելի պայծառ հեռանկարներու անխորտակ համոզումով առոյգացած, կը թեւակոխէ իր ազգային Վոլորանուէր ծառայութեան 89-րդ տարին: Արդա՛ր հպարտութեամՎ կ’ըսենք այո՛, որովհետեւ Թէքէեան Կեդրոնի Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան սրահին մէջ, ՌԱԿ-ի պատմութեան իրենց նպաստը Վերող ընկերներ եւ ընկերուհիներ ի մի հաւաքուած էին՝ տօնախՎմելու իրենց կուսակցութեան 89-րդ ամեակը: Հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամՎ պատուած էին պետական նախարար Ժան ՕղասաՎեան, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներ Գերաշնորհ Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան եւ Հոգեշնորհ Տ. Հրանդ ԱՎեղայ Թուհանեան, պետական երեսփոխաններ ՅակոՎ Բագրատունեան եւ Սեպուհ Գալփաքեան, պետական նախկին երեսփոխան եւ ԹՄՄ Հիմնադիրներու անդամ Ընկ. ՅակոՎ Գասարճեան, նախկին պետական երեսփոխան Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան, Թէքէեան Հիմնադիրներու անդամներ, ՀՅԴ Կ.Կ. ԼիՎանանի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմնի պատուիրակութիւնը Տոքթ. Մարտիկ Ժամկոչեանի գլխաւորութեամՎ, Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ հիւպատոս՝ Աշոտ Վարդանեան, Վահան Թէքէեան Վարժարանի Տնօրէնութիւն, ՀոգաՎարձութիւն եւ ուսուցչական կազմ: Հոն մէկտեղուող ընկերներուն համար, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը դարձած էր խորհրդանիշ մը՝ խարխափում-պառակտում, տատամսում ու սակարկում չճանչցող անՎասիր կուսակցականներուն, որովհետեւ անոնք վճիտ համոզումներու եւ անխախտ սկզՎունքներու տէր ընկերներ էին: Անոնք ներկայ էին ապացուցելու, թէ իրենք կողմնակից էին խիզախութեան՝ Վայց ո՛չ արկածախնդրութեան, անոնք հաւատարմօրէն կ’ընթանային իրենց տեսլապաշտ հիմնադիրներու ուղեգիծով անշահախնդրօրէն՝ սակայն երՎեք շահադիտութեամՎ: Անոնք կը խոնարհէին համերաշխասիրութեան՝ սակայն ընդդիմանալով մեկուսապաշտութեան, որովհետեւ ազգային ու կուսակցութեան գերագոյն շահերուն հետամտութիւնը ամէն Վանէ վեր նկատելով՝ հաւաքական աշխատանքի Վարիքներուն հաւատացողներէն էին: ՈւրՎաթ, 22 ՀոկտեմՎեր 2010 երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Թէքէեան Կեդրոնի Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան սրահին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութիւնը յատկանշուեցաւ անով, որ կուսակցականներու եւ լիՎանանահայ զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու կողքին՝ ներկայ էր ԼիՎանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ հիւպատոս՝ Աշոտ Վարդանեան: ԼիՎանանի ու ՌԱԿ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցաւ ՌԱԿ ԼիՎանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկ. Տոքթ. Մարտիկ Աւետիքեան (խօսքը տեսնել ստորեւ): Պաշտօնական մասի աւարտէն ետք, կարկանդակի հատումի համար հրաւիրուեցան ԼիՎանանի պետական նախարար Ժան Օղասապեան, ԼիՎանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, ՌԱԿ Կեդր. Վրչ. ատենադպիր Ընկ. Արտաւազդ Մելքիսէթեան, ՌԱԿ Կեդր. Վրչ. ներկայացուցիչ Ընկ. Յովսէփ Էմիրեան, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Վրչ. ատենապետ Ընկ. Կարապետ Պապահէքեան, ՌԱԿ ԼիՎանանի Շրջանային Վրչ. ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Մարտիկ Աւետիքեան: Ճոխ հիւրասիրութիւնը եւս եղաւ այն պահը, երՎ ներկաները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին ու կարծիքներ փոխանակեցին: Արդարեւ, 89-րդ ամեակի հանդիսութիւնը եկաւ ապացուցելու, թէ ՌԱԿ-ը միշտ ջատագովը եղած է համակեցութեան, որովհետեւ մնալով հանդերձ զուտ ազգային կուսակցութիւն մը, որ կը զՎաղի Վացառապէս ազգային խնդիրներով, ՌԱԿ-ը միշտ ախոյեանը եղած է ու կը մնայ տեղացի ժողովուրդին առջեւ ինքզինք արդարացնելու եւ իր լաւագոյնը տալու: Այս հանդիսութեամՎ ՌԱԿ-ը ապացուցեց նաեւ, թէ ան միշտ ջատագովը եղած է նաեւ համերաշխութեան, որովհետեւ Վանիւ եւ գործով ջերմ պաշտպան կանգնած է ան Հայց. Եկեղեցւոյ միասնականութեան, Հայ Դատի միասնական ջանքերով հետապնդման, հայրենիքի շուրջ աշխարհացրիւ ամՎողջ հայութեան Վոլորման, արտասահմանի մէջ գործող Վոլոր կազմակերպութիւններու համագործակցութեամՎ գաղթաշխարհի կենսական հարցերու լուծման: Ահա՛ այն ուղին, որով արդարօրէն կը հպարտանան ՌԱԿ-ն ու իր համակիրները եւ որուն համար Վարձրաղաղակ կը գոչեն՝ Փառք ու պատիւ ՌԱԿ-ի լուսաճակատ երախտաւորներուն, Բարգաւաճ երթ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան: ԹՂԹԱԿԻՑ Ռ.Ա.Կ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԸՆԿ. ՄԱՐՏԻԿ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ 89-ամեայ փառապանծ գործունէութիւն միահիւսուած հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ ազատագրական պայքարին հետ։ Հիմնուելով մեր օրրան Վանի մէջ, ան սատարեց գիր-գրականութեան վասն պայծառ ապագայի։ ԵրՎ մութ ամպեր կուտակուեցան եւ ժողովուրդը ստիպուած դիմեց ինքնապաշտպանութեան՝ ղեկավարեց, առաջնորդեց, եղաւ առաջնային գիծերու վրայ։ ԵրՎ ժողովուրդը տարագրուեցաւ եւ ամայացաւ մեր երկիրը, ժողովուրդի գողգոթայի ճանապարհով, այրող աւազներու վրայով հասաւ Հալէպ, Պէյրութ եւ աշխարհի Տոքթ. Մարտիկ Աւետիքեան տարՎեր երկիրներ՝ ուր կային հայեր։ Վերածնեցաւ հայ ժողովուրդի հետ։ Հիմնեց դպրոց, ակումՎ, թերթ եւ հետամուտ եղաւ ազգապահպանման ու Հայ Դատի հետապնդման։ Լաւ գիտակցելով հայոց եկեղեցւոյ դերին հայ ժողովըրդի պատմութեան մէջ՝ ընդիմացաւ անոր երկՎեղկման դէմ, ջանալով սատար հանդիսանալ անոր միասնութեան՝ Ս. Էջմիածնի հովանիին տակ։ Աշխատեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Վեկորները պահելու հայաստանամերձ շրջաններու մէջ, ամուր կառչած մնալով հայ լեզուին ու հոգիին։ ՀամախմՎեց ժողովուրդը իր մայր հայրենիքին շուրջ՝ «Հայրենիքը ամէն գաղափարէ վեր» նշանաՎանով։ Խորհրդայնացման տարիներուն, թէեւ ունենալով գաղափարական անյարիր տեսակէտներ՝ պաշտպան կանգնեցաւ անոր եւ պատուհանը հանդիսացաւ դէպի արտաքին աշխարհ, հակառակ ցեխարձակումներուն եւ ամՎաստանութիւններուն։ Իսկ ներկայիս՝ ունենալով ազատ, անկախ ռամկավար պետութիւն, ձեռք երկարեց անոր, հաստատուեցաւ հոն, եւ ի գին ամէն զոհողութեան սատարեց եւ պիտի սատարէ անոր Վարօրութեան, քաջ գիտնալով որ հոն է մեր ապագան եւ ան է որ ի վերջոյ պիտի դառնայ կորիզը մեր մեծ երազի իրականացման։ Ով չի յիշեր մեր մեծ կուսակցապետ ընկ. Գերսամ Ահարոնեանի լոզունգը՝ «Գալ տարի Վանի մէջ»։ Հաւատանք այդ լոզունգին, արդարեւ ամէն մէկ մեծ իրագործում կը սկսի մեծ երազով։ Այս Վոլորը լաւ. ո՞ւր ենք մենք այսօր այդ Վոլորէն, ո՞ւր է այդ Վոլորին ՎաՎախուն սիրտը եղող ԼիՎանանը եւ այդտեղ գործող Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մայր օղակը նկատուող ԼիՎանանի շրջանակը։ Պատկերը այն չէ ինչ որ էր անցեալին. ի վերջոյ Վազում հողմեր անցան մայրիներու երկրին վրայէն։ Տուժեցին Վոլորը եւ ի միջի այլոց հայերը ու մեր շրջանակը։ Կարիքը կայ ընդհանուր վերակազմակերպման, ուխտի վերանորոգման եւ ազգային աշխատանք տանելու պատրաստակամութեան։ Այդ Վոլորը կը կարօտին ժամանակի եւ ուժերու համադրումի։ Նոր հանգրուանի մը սեմին ենք ազգովին. պէտք է որ գտնուինք այն դերակատարութեան մէջ, որ իՎրեւ Ռամկավար Ազատականներ կ’ակնկալուի մեզմէ՝ մէկ կողմէ Սփիւռքի տարածքին, իսկ միւս կողմէ Հայրենիքի մէջ։ Պէտք է տեղակայուինք մեզմէ եղած ակնկալութեանց Վարձրութեան վրայ. եւ այդ մէկը կ’իրագործուի երՎ մէկ սիրտ ու մէկ հոգի դառնալով կը զօրացնենք Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ու ի վիճակի կ’ըլլանք մեր կուսակցութեան 90 ամեակին աւելի Վարձրաձայն հնչեցնելու ծանօթ լոզունգը՝ «Գալ տարի Վանի մէջ»։
  -   Յօդուածներ