ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ.Նախագահ Օպաման Պէտք է Ազատ Արձակէ Դեսպան Պերը` ԻՊ–ի Դաշնակից Թուրքիոյ Հաճոյանալուն Համար


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ.Նախագահ Օպաման Պէտք է Ազատ Արձակէ Դեսպան Պերը` ԻՊ–ի Դաշնակից Թուրքիոյ Հաճոյանալուն Համար

  • 28-12-2015 14:07:47   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Այժմ նոյնիսկ աշխարհի ամենաանտեղեակ մարդը գիտէ, որ Թուրքիան «Իսլամական պետութեան» գլխաւոր մեղսակիցն է: Թուրքիոյ յանցագործութիւնը փաստող անհամար հրապարակումներ եղած են համաշխարհային լրատուամիջոցներու մէջ: Զարմանալի է, բայց կայ ամերիկացի դեսպան մը, որ կարծես թէ անտեղեակ է Թուրքիոյ կործանարար դերակատարութեան մասին տարածաշրջանին մէջ, ոչ միայն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, այլ նաեւ Արցախի…
 
Ինչպէ՞ս կրնայ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ (ԵԱՀԿ) Միացեալ Նահանգներու դեսպանը այդքան անտեղեակ ըլլալ` իր ելոյթով գովաբանելու Թուրքիոյ «արժէքաւոր» դերակատարութիւնը Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերուն մէջ:
ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդին մէջ դեսպան Տանիէլ Պերը Դեկտեմբեր 17-ին յանդգնութիւն ունեցաւ իր ելոյթով փառաբանելու Թուրքիոյ «կառուցողական դերակատարութիւնը իբրեւ Մինսկի խումբի անդամ» Արցախեան հակամարտութեան մէջ: Այնուհետեւ, ան նշեց, որ «Թուրքիան Մինսկի խումբի արժէքաւոր անդամ եղած է եւ աշխատած է համանախագահներու հետ համագործակցելով` խաղաղ բանակցային ճանապարհ գտնելու ուղղութեամբ» Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ:
Դեսպան Պերն իր անհամաձայութիւնը յայտնած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Ալեքսանդր Լուքաշեւիչին, որ երկու օր առաջ կասկածի տակ դրած էր «Թուրքիոյ կառուցողականութիւնը իբրեւ Մինսկի խումբի անդամ»: Ռուսաստանի դեսպանը քննադատած էր Թուրքիան` «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէկ կողմին (Ատրպէյճանին»» սատարելու համար, եւ Անգարայի դիրքորոշումը բնութագրած էր իբրեւ «անընդունելի» եւ «բացարձակ կործանարար»:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Քէն Խաչիկեան դատապարտեց դեսպան Պերի յայտարարութիւնը, զայն անուանելով «անխոհեմ»: Խաչիկեան մատնանշեց Թուրքիոյ մոլի ատրպէյճանամէտ քաղաքականութեան երկար ցանկը. «Էրտողանի կառավարութիւնը աշխոյժօրէն կ՝աջակցի Ալիեւի ռազմատենչ հակահայկական դիրքորոշման, բացայայտ ռազմական օգնութիւն ցուցաբերելով եւ մարզելով ատրպէյճանցի զինուորականները, միեւնոյն ժամանակ, շրջափակելով Հայաստանը, հակասելով միջազգային իրաւունքին, եւ ձգտելով մեկուսացնել Երեւանը միջազգային ասպարէզի մէջ»:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահը զարմացած է, թէ ինչո՞ւ «ԱՄՆ պաշտօնեաները կ՝արտօնեն, որ իրենց իբրեւ նեցուկ օգտագործեն Էրտողանի խեղկատակութեան մէջ, ձեւացնելով, թէ իբր Թուրքիոյ կառավարութիւնը` բոլոր ապացոյցներուն հակառակ, անաչառ միջնորդի դեր կը խաղայ»: Խաչիկեանը եզրափակեց. «Այս վարչակազմի ամօթալի ժառանգութիւնը` անվերջ տեղի տալով թրքական սպառնալիքներուն` ամերիկեան սեփական արժէքներու եւ պետութեան շահերու գնով, իրօք, ազգային խայտառակութիւն է` ամերիկացի ժողովուրդի արժանապատւութիւնը ստորացնող»:
ԱՄՆ Քոնկրէսի քանի մը անդամ նոյնպէս դատապարտեց դեսպան Պերի խայտառակ ելոյթը: Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոն ըսաւ, որ ան «անհանգստացած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչին կողմէն կատարուած` Թուրքիոյ դերակատարութիւնը Մինսկի խումբի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ գովաբանող վերջին յայտարարութեամբ: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ամենասկիզբէն  Թուրքիան բացայայտ կերպով, աշխոյժօրէն իր աջակցութիւնը ցուցաբերած է Ատրպէյճանին: Նմանօրինակ յայտարարութիւնը միայն պիտի նպաստէ բանակցային գործընթացի բեւեռացման»:
ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի հետախուզութեան հարցերով յանձնաժողովին մէջ Դեմոկրատական կուսակցութեան գլխաւոր ներկայացուցիչ Ատամ Շիֆ աներկբայօրէն յայտարարեց, որ «հաշուի առնելով Թուրքիոյ վարքագիծը եւ վաղեմի աջակցութիւնը Պաքուին` ան չի կրնար որեւէ կերպով հանդէս գալ իբրեւ չէզոք միջնորդ այս հակամարտութեան մէջ, որ աւելի ու աւելի կը սրուի սահմանագծի ամբողջ երկայնքով»: Քոնկրէսական Շիֆ նաեւ առաջարկեց, որ «Լեռնային Ղարաբաղի դէմ կանգնելու փոխարէն, բոլոր երկիրները պէտք է պնդեն սահմանի երկայնքով կարգաւորման սարքերու տեղադրման համար, քայլ մը, որուն Հայաստանը պատրաստակամօրէն համաձայնած է, իսկ Ատրպէյճանը`  ընդդիմացած, քանի որ ատիկա անկասկած ցոյց պիտի տար անոր հրահրած յարձակումները»:
Տողերու հեղինակը դեռ չէ տեսած դեսպան Պերի անխոհեմ եւ անտեղի ելոյթը վիճարկող Հայաստանի արձագանգը: Լռութիւնը կ՝ենթադրէ համաձայնութիւն ԱՄՆ դեսպանի անյաջող խօսքերուն: Պերը պէտք է խիստ քննադատութեան արժանանայ բոլորի, հայերու եւ ոչ հայերու կողմէ` Արցախեան հակամարտութեան մէջ Թուրքիոյ վնասակար միջամտութիւնը խրախուսելու համար: Թուրքիոյ «կառուցողական» եւ «արժէքաւոր» դերակատարութիւնը գովաբանելու փոխարէն, ԱՄՆ դեսպանը պէտք է հետեւեր իր ռուս գործընկերոջ օրինակին եւ խարազանէր Անգարայի չարամիտ եւ կործանարար ջանքերը:
Երկու տարի առաջ, երբ Պերը երդում կու տար իբրեւ Ամերիկայի դեսպան ԵԱՀԿ-ի մէջ, ան տեսանիւթ մը  հրապարակեց, ուր ուրախութեամբ կը յայտարարէր. «Իմ կողակից Պրայեանը եւ ես, ուրախ ենք, որ պիտի ապրինք Վիեննայի մէջ, մեր շան` Քլէոյի հետ միասին: Մենք անհամբեր կը սպասենք բացայայտելու այս հրաշալի քաղաքը, լեռներ մագլցելու եւ դահուկ քշելու Աւստրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ ճանապարհորդելու ԵԱՀԿ-ի տարածաշրջանին մէջ»:
 Դեսպան Պերը, կարծես թէ, աւելի շատ հետաքրքրուած է զբօսաշրջութեամբ` ամերիկացի հարկատուներու հաշուին, քան լուրջ դիւանագիտական աշխատանքով: Եթէ այդպէս է, ուստի նախագահ Օպաման պէտք է դեսպանը ազատ արձակէ իր պարտականութիւններէն, որպէսզի ան կարենայ շարունակել իր շրջագայութիւնը Եւրոպայի տեսարժան վայրերով` իր սեփական միջոցներու հաշուին…
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
 
 
 
 
 
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ