ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՊԱՅՊԸԼ ԼԵՆՏԶ»Ի ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ


ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՊԱՅՊԸԼ ԼԵՆՏԶ»Ի ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

  • 02-11-2010 17:04:17   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Երկուշաբթի 1 Նոյեմբեր 2010-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Պայպլ Լենտզ» միջազգային կազմակերպութեան պատասխանատուները, որոնք աւելի քան մէկ ժամ հանդիպում ունեցան Նորին Սրբութեան հետ: Խօսելով ընդհանրապէս Միջին Արեւելեան երկիրներէ ներս մեր ժողովուրդի հաստատած գաղութներուն, մեր եկեղեցւոյ ճամբով իրագործուող մարդասիրական ծառայութիւններուն մասին, Վեհափառ Հայրապետը համապարփակ տեղեկութիւններ փոխանցեց, յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով իրագործուող աշխատանքներուն մասին: Միջազգային վերոյիշեալ կազմակերպութեան բարձրաստիճան պատասխանատուները լայն հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին յատկապէս միջ-եկեղեցական կալուածէն ներս Կիլիկեան Ս. Աթոռին ներդրումին, եւ անոր ճամբով քրիստոնէական տարբեր եկեղեցիներու, խորհուրդներու եւ ժողովուրդներու հաւաքական վկայութ եան: Նորին Սրբութիւնը յատկապէս շեշտեց ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրները միասնաբար դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը: Տարբեր եկեղեցիներու միջեւ, առանց խտրականութեան, գէթ մարդասիրական կալուածէն ներս գործակցութիւնը գնահատելի ու դէպի միասնականութիւն առաջնորդող գետին նկատեց Վեհափառ Հայրապետը: Նշենք, որ «Պայպլ Լենտզ» կազմակերպութիւնը իր կարեւոր նպաստը կը բերէ արդէն, Կաթողիկոսարանի անմիջական հովանաւորութիւնը վայելող «Թռչնոց Բոյն» հաստատութեան, որ հայ կարիքաւոր մանուկներու պատսպարանն է, հայ եկեղեցւոյ կողմէ կառավարուող:
  -   Մամլո հաղորդագրություն