Յարութ Սասունեան. Սպիտակ Տունը Պէտք Է Պատասխանէ Արցախի Վերաբերեալ Տասը Հիմնական Հարցումներու


Յարութ Սասունեան. Սպիտակ Տունը Պէտք Է Պատասխանէ Արցախի Վերաբերեալ Տասը Հիմնական Հարցումներու

  • 14-01-2016 12:15:36   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Երկար տարիներէ ի վեր ամերիկահայ համայնքը դժգոհ է Արցախի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութենէն:
 
Ամէն անգամ, երբ Ազրպէյճան կրակ կը բանայ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ, ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք եւ անոր նախորդները, թաքնուելով չէզոքութեան քողի տակ, մեղքը կը բարդեն հակամարտութեան երկու կողմերու վրայ: Այսպիսի անարդար մօտեցում մը կը խրախուսէ Ալիեւը, որ աւելի սաստկացնէ իր յարձակումները:
 
Այսօրինակ արիւնալի յարձակումները վերացնելու կամ գոնէ նուազագոյնի իջեցնելու համար, Քոնկրէսի 85 անդամներ վերջերս համատեղ նամակ մը ստորագրեցին՝ կոչ ընելով Օպամայի վարչակազմին՝ իրականացնելու հետեւեալ երեք քայլերը, երկու երկիրներու միջեւ գտնուող սահմանին վերաբերեալ. նախ՝ դուրս հանել դիպուկահարները, երկրորդ՝ աւելցնել միջազգային դիտորդներու թիւը եւ երրորդ՝ տեղադրել կրակոցներու ուղղութիւնը ճշդող սարքեր:  Զարմանալի չէ, որ Ազրպէյճան կը մերժէ բոլոր երեք առաջարկներն ալ, մինչդեռ Հայաստան, Արցախ եւ Մինսկի խումբի միջնորդները (Ֆրանսա, Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ) կ՛ընդունին զանոնք:
 
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյս անցեալ շաբաթ դռնփակ ճեպազրոյց մը ունեցաւ դեսպան Ուորլիքի հետ, կապուած՝ իր եւ քոնկրէսական Էլիըթ Էնկըլի կողմէ նախաձեռնուած առաջարկներու իրականացման հարցին: Իսկ մինչեւ այդ դռնփակ հանդիպման կայացումը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը տարածեր էր տասը հարցումներ՝ դեսպան Ուորլիքի ուղղուած: Եւ որովհետեւ ցարդ յայտնի չէ, թէ այդ հարցումները հարցուե՞ր են քոնկրէսական ճեպազրոյցի ընթացքին կամ ոչ, ապա պէտք է խնդրել Օպամայի վարչակազմէն, որ հրապարակաւ արձագանգէ այդ տասը հարցումներուն, որպէսզի բոլորը տեղեակ ըլլան Արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ անոր դիրքորոշման:  
 
Պաշտօնական պատասխանի ստացումը ապահովելու համար ես կ՛առաջարկեմ այս հարցումները տեղադրել Սպիտակ տան կայքէջի «Առաջարկներ» բաժնին մէջ: Կայքին մէջ նշուած է, որ Օպամայի վարչակազմը 60 օրուան ընթացքին հանդէս կու գայ պաշտօնական պատասխանով՝ որեւէ առաջարկի մասին, որ տեղադրման պահէն մինչեւ 30 օր կը հաւաքէ 100 հազարէ աւելի ստորագրութիւն: Ազրպէյճանցիները արդէն օգտուած են այս բացառիկ հնարաւորութենէն՝ Սպիտակ Տան կայքէջին մէջ տեղադրելով երկու հակահայկական առաջարկներ, որոնք համապատասխանաբար, հաւաքեր են 105,686 եւ 126,828 ստորագրութիւն: Ինչպէս եւ կ՛ակնկալուէր, Սպիտակ Տունը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ ի պատասխան ազրպէյճանական երկու առաջարկներու:
 
Ստորեւ ներկայացուած են Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տասը հարցումները, որոնք իբրեւ առաջարկ պէտք է տեղադրել Սպիտակ Տան կայքէջին մէջ. 
 
1) Ի՞նչ յատուկ քայլերու ձեռնարկեր է (եթէ կան) Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը՝ ապահովելու համար Ռոյս-Էնկէլի խաղաղութեան հաստատման ուղղուած առաջարկները, մասնաւորապէս՝ դիպուկահարներու սահմանէ հեռացման, դիտորդներու աւելացման եւ շփման գիծի երկայնքով կրակոցներու ուղղութիւնը ճշդող համակարգերու տեղադրման կապուած համաձայնութիւն մը գոյացնելու առնչութեամբ:
 
 2) Միացեալ Նահանգներու Պետական Բաժանմունքը շատ համարձակ եւ յստակ էր, թէ իր կարծիքով, հայկական կողմը ինչպիսի' զիջումներու պէտք է երթայ: Արդեօք Մ. Նահանգներու կառավարութիւնը պատրա՞ստ է այս հանրային դիւանագիտութեան համապատասխան նոյնքան բացայայտ եւ յստակ պահանջներ ներկայացնելու Ազրպէյճանին:  
 
3) Որո՞նք են այն յատուկ փաստերը, իրաւական փաստարկները եւ քաղաքական նկատառումները, զորս յանգեցուցած են մեր կառավարութիւնը՝Քոսովոյի պաշտօնական, սակայն ոչ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման: 
 
4) Արդեօք Ազրպէյճանի կառավարութեան ներքին հալածանքներու եւ փտախտի մասին տուեալները որեւէ ձեւով կ՛ազդե՞ն այն իրականութեան վրայ, թէ մեր կառավարութիւնը ինչպէ՞ս կը  նայի Լեռնային Ղարաբաղի վրայ իշխանութիւն տարածելու Ազրպէյճանի ձգտումին:
 
5) Ինչո՞ւ Ազրպէյճանի կողմէ Ջուղայի միջնադարեան հայկական գերեզմանատան լիովին փաստագրուած (եւ տեսանկարահանուած) ոչնչացումը երբեք տեղ չգտաւ  Պետական Բաժանմունքի Մարդու իրաւունքներու կամ կրօնական ազատութեան մասին զեկոյցներուն մէջ:
 
 6) Ի՞նչ է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ներկայ պահանջը (եթէ կայ)՝ արդէն ազատ արձակուած եւ մինչեւ այսօր չզղջացող մարդասպան, կացնահարող Ռամիլ Սաֆարովը կրկին բանտարկելու հարցին վերաբերեալ:
 
 7) Ինչպիսի՞ն է Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը՝ Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ ԱՄՆ-ի հայկական ծագում ունեցող քաղաքացիներու դէմ ի գործ դրուած ճամբորդական սահմանափակումներու վերաբերեալ:
 
8) Ինչպիսի՞ն է Ամերիկայի քաղաքականութիւնը՝ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու եւ յատկապէս Թուրքիոյ նկատմամբ, որ յարձակողական արդի զէնքեր կը վաճառէ կամ կը փոխանցէ Ազրպէյճանի:
 
 9) Ի՞նչ յատուկ սահմանափակումներ գոյութիւն ունին ճամբորդական եւ կապի առնչութեամբ՝ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու եւ պաշտօնատար անձերու եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ: Ի՞նչ հիմնաւորումներ կան այս ազատութիււններու գծով գործադրուած որեւէ սահմանափակումի համար: Որո՞նք են նման սահմանափակումներու (եթէ կան) ենթադրեալ օգուտները:
 
 10) Ձեր կարծիքով՝ ի՞նչ օգուտներ կը հետապնդուին (եթէ կան) Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական հանրայայտ զսպուածութեամբ՝ Ազրպէյճանի բացայայտ հակահայկական սադրանքները, սպառնալիքները եւ միջսահմանային յարձակումները վիճարկելու գծով: 
 
Կը կարծեմ, որ լայն հնչեղութիւն ստացած առաջարկը կրնայ 100 հազարէն աւելի ստորագրութիւն հաւաքել Սպիտակ Տան կայքէջին մէջ տեղադրուելէն մինչեւ 30 օր, յատկապէս եթէ նշանաւոր անձերու բազմաթիւ հետեւորդներ նեցուկ կանգնին տուեալ առաջարկին:
 
 
 
 Յարութ Սասունեան 
«Գալիֆորնիա Գուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանութիւնը՝ Ռուզաննա Աւագեանի
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ