ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀԱՏՈՒԱԾԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ ԷՐ ՈՐՊԷՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆ


ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀԱՏՈՒԱԾԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ ԷՐ ՈՐՊԷՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

  • 01-11-2010 16:08:41   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա »Նիւզ.Ամ« գործակալութիւնը այսօր արձագանգ կը հանդիսանայ քաղաքիս մէջ սարքուած արտակարգ ցուցահանդէսի մը, որ 29 Հոկտեմբերի առիթով կազմակերպուած էր Ճէ Հէ Փէ կուսակցութեան երիտասարդական թեւի համաժողովէն առաջ եւ որ կը ներկայացնէր »ԱԳ կուսակցութեան հալածեալները« անունով ծաղրանկարներու շարք մը։ Ցուցահանդէսին ներկայ էր Ճէ Հէ Փէի առաջնորդ Քէմալ Քըլըճտարօղլու, որ կանգնած էր այն նկարի մօտ, ուր ներկայացուած էին Էրտողանն ու իր կինը, փոխ-վարչապետ Պիւլէնտ Արընչը, ԱԳի փոխ-նախագահ Ապտիւլքատիր Աքսու եւ էթուլլահ Կիւլէն եւ բոլորն ալ կուլային։ Յիշեալ նկարի տակ գրուած էր հարցում մը թէ լուսանկարի մէջ պատկերուած անձերէն ո՞վ է որ կեղծ արտասուք կը թափէ։ Քըլըճտարօղլու նշումներ կատարեց բոլոր անուններու տակ։ Ցուցահանդէսին ներկայացուած լուսանկարներու միջեւ կար »Զատորոշուած Թուրքիա« անունով քարտէս մը, ուր ներկայացուած էին երկրի զանազան նահանգները՝ զանազան երկիրներու անուններով։ Օրինակ, Թուրքիոյ արեւելեան հատուածի զգալի մէկ մասը ներկայացուած էր Ռուսաստանի՝ ռուսական դրօշով եւ Հայաստանի՝ հայկական եռագոյնով։ Ինչպէս տեղական մամուլն ալ լայնօրէն արձագանգ հանդիսացած էր, այս ցուցահանդէսի մէջ արտառոց լուսանկարներէն մէկն ալ Էրտողանի ծաղրանկարն էր՝ Հիթլէրի նմանութեամբ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը