ՊԻ-ՊԻ-ՍԻԻ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԸ ՃԱՏՐԱԿԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ


ՊԻ-ՊԻ-ՍԻԻ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԸ ՃԱՏՐԱԿԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ

  • 27-10-2010 19:00:28   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Հայերը Աշխարհի Ամէնէն Խելացի Ժողովուրդն Են Մեր պատուակալ աշխատակից, կրթական Մշակ, Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց ամենօրեայ վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Զարմինէ Պօղոսեան Նիւ Եորքէն մեզի կը տեղեկացնէ թէ Պի-Պի-Սի ձայնասփիւռի կայանը 15 Հոկտեմբերին սփռած է մօտաւորապէս քսան վայրկեան տեւողութեամբ յայտագիր մը, որ հպարտութիւն պէտք է պատճառէ ամէն հայու։ Մեր աշխատակցուհին, արձագանգելով Վահան Թէքէեանի լոզունգին, ըստ որու »մենք հացի եւ ջուրի չափ պէտք ունինք հպարտութեան զգացումի«, կը հաղորդէ թէ Պի-Պի-Սի կանգ առած է ճատրակի վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին Հայաստանցի ճատրակիսթներուն արձանագրած բացառիկ յաջողութիւններուն վրայ, յայտնած է որ հայերը աշխարհի ամէնէն խելացի ժողովուրդը հանդիսացան մանաւանդ ճատրակի մէջ ու հիմա գիտնականները հարց կուտան թէ ո՞ւրկէ կուգայ հայերու այս ուշիմութիւնը։ Գիտնականներ մինչեւ իսկ այս յատկութիւնը կը վերագրեն Հայաստանի ջուրին։ Ձայնասփիւռի կայանը երկար կանգ առած է Լեւոն Արոնեանի ու միւս նշանաւոր հայ ճատրակի ախոյեաններուն արձանագրած յաջողութիւններուն վրայ ու պատմած է թէ հայերը միշտ որքան յաջող եղած են ճատրակի մէջ սկսելով Տիգրան Պետրոսեանի ախոյենութեան օրերէն։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը