ԱՐՑԱԽԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԸ ՄԵԾ ԱՂՄՈՒԿ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՑ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ


ԱՐՑԱԽԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԸ ՄԵԾ ԱՂՄՈՒԿ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՑ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ

  • 27-10-2010 18:48:32   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Երէկ, մօտաւորապէս 55 երկիրներու մասնակցութեամբ Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ բացուեցաւ Մամլոյ եւ լրատուական գործակալութիւններու 17րդ միջազգային ցուցահանդէսը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 31 Հոկտեմբեր։ Ցուցահանդէսը աւանդական դարձած է եւ անոր նպատակն է երկրի մը մէջ հաւաքել մամլոյ ներկայացուցիչները եւ կարելիութիւններ ստեղծել որպէսզի մամուլի եւ գիրքերու օգնութեամբ ներկայացուին մասնակից երկիրները։ Այս անգամ ցուցահանդէսին կը մասնակցէին ո՛չ միայն ԱՊՀի, այլ նաեւ բազմաթիւ՝ ափրիկեան, լատին-ամերիկեան, եւրոպական ու ասիական պետութիւններ։ Հայկական պատուիրակութիւնը կը ներկայացնէին »Ազգ« օրաթերթն ու »Փան Արմէնիըն« լրատու գործակալութիւնը։ Ցուցահանդէսի բացումէն ետք ազերիներ մեծ աղմուկ բարձրացուին, որովհետեւ հայկական տաղաւարին մէջ փակցուած էին Արցախի խորհրդանիշը՝ »Մենք ենք, մեր սարերը« )Տատիկ-Պապիկ_ յուշարձանի լուսանկարը, ինչպէս նաեւ Արցախի քարտէսի ու դրօշակի նկարները։ Ազերի մասնակիցները պահանջած են հանել այդ նկարները՝ »գրգռութիւն« որակելով անոնց ներկայութիւնը։ Հայկական կողմը պատասխանած է որ Արցախի խորհրդանիշի այդ նկարը տաղաւարի մէջ զետեղուած է ցուցահանդէսի կազմակերպիչներու կողմէ, իսկ Լեռնային Ղարապաղի դրօշի ու քարտէսի նկարները՝ իրենք փակցուցած են։ Թուրք լրագրողները իրենց կարգին կազմակերպիչներուն յայտնած են որ եթէ այդ նկարները չհանուին ցուցահանդէսէն, իրենք եւս, ազերիներու պատուիրակութեան հետ միասին պիտի հեռանան ցուցահանդէսէն։ »Ազգ« օրաթերթը այսօր մանրամասնութիւններ հաղորդելով այս դէպքի մասին, կը յայտնէ թէ այնպիսի աղմուկ մը բարձրացած էր հայկական տաղաւարի մօտ, որ գրեթէ բոլոր երկիրներու պատուիրակութիւնները հաւաքուած էին հոն։ Օտարերկրեայ լրագրողներ կը մօտենային, կը հարցնէին աղմուկի պատճառի մասին եւ կը լուսանկարէին հայկական տաղաւարը։ Ազերի լրագրող մը, վիրաւորական խօսքեր ուղղելով Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի հասցէին, փրցուց պատի վրայ ամրացուած Հայաստանի ու Ղարապաղի քարտէսները եւ ուզեց պատռել զանոնք, սակայն կազմակերպիչներ մեծ ճիգերով ստիպեցին որ ազերի լրագրողը հեռանայ տաղաւարէն։ Այդ դէպքէն ետք, այցելուներու եւ մասնակից երկիրներու հետաքրքրութիւնը Հայաստանի եւ »Տատիկ-Պապիկ« յուշարձանի նկատմամբ աւելի մեծցաւ, շատեր ուղղակի կը մօտենային ու կը խնդրէին լուսանկարուիլ յուշարձանի նկարի հետ։ Իրանական կողմը յուշարձանի ներկայութիւնը կը բացատրէր այն հանգամանքով թէ տեղեակ չէր ղարապաղեան հակամարտութեան մասին եւ համոզուած էր թէ »Տատիկ-Պապիկ« յուշարձանը հայկական պետական ազգային խորհրդանիշ է, այնպէս ինչպէս ֆրանսական տաղաւարի մէջ ներկայացուած Էյֆէլի աշտարակը։ Թէպէտ լուսանկարը հանուեցաւ տապաւարի պատի վրայէն, սակայն հայկական կողմի պնդումով անիկա շարունակեց մնալ հայկական տաղաւարի մէջ եւ ներկայացուեցաւ մասնակիցներուն։ Միջադէպի պատճառով հայկական տաղաւարը աւելի հեռու տեղ մը փոխադրեց՝ անվտանգութեան առումներով։ Ըստ »Ազգ«ին ազերի լրագրողներու տգեղ արարքը դատապարտուեցաւ ցուցահանդէսի գրեթէ բոլոր մասնակիցներու կողմէ, որոնց ուշադրութիւնը աւելի մեծցած էր հայկական տաղաւարի նկատմամբ։ Իրանական երկու կայաններ հարցազրոյցներ վարեցին հայաստանցի լրագրողներու հետ, խնդրելով ամենայն մանրամասնութեամբ ներկայացնել տաղաւարի մէջ ցուցադրուած տեղեկութիւնները։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը