ՅարութՍասունեան.ԹալէաթիԱնձնականԶեկոյցըՀայկականԿոտորածներուՄասին


ՅարութՍասունեան.ԹալէաթիԱնձնականԶեկոյցըՀայկականԿոտորածներուՄասին

  • 15-02-2016 15:34:11   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Նախորդ շաբթուան յօդուածովս տեղեկացուցած էի, որ Թալէաթ փաշան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչը, 1921 թուականին բրիտանացի հետախոյզ Օպրի Հըրպըրթի տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած էր, որ «յուշագիր գրած էր հայկական կոտորածներու մասին»: 

 
Ներկայ յօդուածովս կը փափաքիմ ներկայացնել համառօտ հատուածներ Թալէաթի ծաւալուն զեկոյցէն, որ Նոյեմբերի 1921-ին հրապարակուած է «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի կողմէ հրատարակուող «Քարընթ Հիսթըրի» (Current History) ամսագիրին մէջ՝ «Թալէաթ փաշայի յետմահու յուշերը» վերնագիրով եւ հետեւեալ ենթավերնագիրով. «Նախկին Մեծ Վեզիրի անձնական զեկոյցը՝ գրուած անոր սպանութենէն կարճ ժամանակ առաջ, թէ ինչու եւ ինչպէս Թուրքիա մտաւ պատերազմի մէջ:  Գաղտնի դաշինք, որ նախորդեց հակամարտութեան: Հայկական կոտորածներու պատճառները՝ ներկայացուած անոնց պատուիրատուին կողմէ»:
 
«Քարընթ Հիսթըրի»-ի խմբագիրները ներածական ծանօթութեան մէջ կը բացատրեն, թէ ինչպէս ձեռք բերեր են այս բացայայտող զեկոյցի օրինակը. «... Թալէաթի մահէն ետք, այս ձեռագիրը անցաւ Գերմանիա մնացած անոր կնոջ ձեռքը: Կինը տակաւին չէր հրապարակած ամբողջական զեկոյցը, սակայն իր ամուսինը գնդակահարողին ազատ արձակուելէն ետք, ան Կոստանդնուպոլիս հրապարակուող լիպերալ թրքական «Վաքիթ» թերթի Փարիզի թղթակիցին արտօնութիւն տուաւ հրատարակելու նիւթին ամէնէն հետաքրքրական հատուածները: «Քարընթ Հիսթըրի»-ի համար հատուածները թրքերենէ անգլերէնի թարգմանեց բնիկ պոլսեցի Մ. Զեքերիան: Ատոնք մօտաւորապէս յիսուն էջերն էին բնօրինակ ձեռագիր գրութեան, որուն առաջին նախադասութիւնը՝ «Ես չեմ ըսեր ամբողջ ճշմարտութիւնը, սակայն այն, ինչ որ կ՛ըսեմ՝ ճշմարիտ է», մեծ ցնցում յառաջացուց Թուրքիոյ մէջ»:
 
Ինչպէս Օպրի Հըրպըրթի հետ հարցազրոյցին, Թալէաթ իր յուշերուն մէջ եւս կը փորձէ արդարացնել ինքզինք՝ Հայոց Ցեղասպանութեան համար մեղադրելով բոլորը՝ հայերը, ռուսերը, նոյնիսկ թուրքերը: Ան չի ժխտեր «հայերու, իսկ որոշ բնակավայրերու մէջ նաեւ յոյներու եւ Սուրիոյ մէջ որոշ արաբներու տեղահանութիւնները», սակայն կը պնդէ, որ այդ մասին լուրերը «խիստ չափազանցուած էին»: Ապա Թալէաթ կ՛աւելցնէ. «Այս ըսելով ես երբեք միտք չունիմ ժխտելու փաստերը: Միայն կը փափաքիմ ջնջել չափազանցութիւնները եւ փաստերը շարադրել այնպէս, ինչպէս որ դէպքերը տեղի ունեցեր են»:
 
Նախկին Մեծ Վեզիրը կը խոստովանի. «Ես կ՛ընդունիմ, որ մենք բազմաթիւ հայեր տեղահանած ենք մեր արեւելեան նահանգներէն, բայց ասիկա մենք չենք ըրած նախապէս մշակուած ծրագիրով մը: Այս գործողութիւններուն պատասխանատուութիւնը առաջին հերթին կ՛իյնայ նոյնինքն տեղահանուած ժողովուրդին վրայ: Մեր արեւելեան շրջանները ձեռք ձգելու նպատակով, Ռուսիան զինեց այս շրջաններու հայ բնակչութիւնը եւ նշուած տարածքին մէջ կազմեց հայկական հրոսակային ուժեր»: 
 
Փորձելով վերականգնել իր արատաւորուած անունը՝ Թալէաթ կը հաստատէ թրքական բռնութիւններու գործադրումը ընդդէմ հայերու. «Ես կ՛ընդունիմ, որ տեղահանութիւնը ամէն վայրի մէջ չէ, որ իրականացուած է օրինական կարգով: Որոշ տեղեր անօրինական արարքներ կատարուած են...: Շարք մը պաշտօնեաներ չարաշահած են իրենց լիազօրութիւնները, եւ շատ մը վայրերու մէջ մարդիկ իրենք իրենց ձեռքը առեր են կանխարգելիչ միջոցներն ու հալածած անմեղ մարդիկը: Կը խոստովանիմ»:
 
Շարունակելով իր իսկ երեսը ճերմկցնելու հռետորութիւնը՝ Թալէաթ զիջում կ՛արձանագրէ. «Կը խոստովանիմ նաեւ, որ կառավարութեան պարտականութիւնն էր կանխել այս բռնութիւններն ու վայրագութիւնները, կամ առնուազն բռնել եւ խստօրէն պատժել մեղաւորները: Շատ վայրերու մէջ, ուր տեղահանուած մարդոց գոյքը եւ ունեցուածքը թալանուած էին, իսկ հայերը՝ հալածուած, մենք ձերբակալեցինք մեղաւորները եւ պատժեցինք ըստ օրէնքի: Սակայն կը խոստովանիմ, որ պէտք է աւելի խիստ վարուէինք, իրականացնէինք  ընդհանուր հետաքննութիւն՝ բոլոր սադրիչներն ու  թալանճիները բացայայտելու եւ խստօրէն պատժելու համար: Բայց չէինք կրնար այդպէս ընել: Թէեւ շատ մեղաւորներ պատժեցինք, սակայն անոնց մեծ մասը մնաց անպատիժ»:
 
Թալէաթ կը շարունակէ արդարացումներ գտնել հայկական կոտորածներու գծով հետապնդման չենթարկուած ոճրագործներու համար, որոնք «անհեռատես եւ մոլեռանդ էին, սակայն անկեղծ էին իրենց համոզումներուն մէջ: Հասարակութիւնը կը խրախուսէր զանոնք, եւ անոնք իրենց կռնակին ունէին աջակիցներու մեծ բանակ մը: Անոնք մեծ էին թիւով եւ ուժեղ: Զանոնք բացայայտօրէն եւ տեղւոյն վրայ պատժելը կրնար դժգոհութեան մեծ ալիք յառաջացնել այն մարդոց մօտ, որոնք համաձայն կը գտնուէին անոնց  գործողութիւններուն: Բոլոր այս սադրիչները ձերբակալելու եւ պատժելու փորձը կրնար անիշխանութեան պատճառ դառնալ Անաթոլիոյ մէջ ճիշդ այն պահուն, երբ մենք խիստ կարիքը ունէինք միասնութեան»: 
 
Յանուն ճշմարտութեան պէտք է նշել, որ Թալէաթի պնդումները այն մասին, որ իբր թէ հայերը Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն թիկունքէն հարուածեր են Թուրքիան, ամբողջութեամբ կեղծիք են: Թուրքիոյ ռազմական նախարար, օսմանեան զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար Էնվէր փաշա, Գոնիոյ եպիսկոպոսին յղած իր նամակին մէջ բարձր գնահատած է թրքահայ զինուորներուն քաջութիւնը` 1914-1915-ի ձմրան, ռուսական բանակի դէմ պատերազմին:
 
Պէտք չէ զարմանալ, որ Թալէաթի այն պնդումը, թէ իր կառավարութիւնը դաժան գործողութիւններու կը ձեռնարկէր հայերու դէմ նոյնիսկ «խաղաղութեան ժամանակ», կը վերահաստատէ թրքական ցեղասպանական վաղեմի գործելակերպը, ինչպէս որ անցեալին կիրարկուած է համիտեան եւ Ատանայի հայկական ջարդերու ընթացքին, երբ չկային պատերազմներ: 
 
 «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
  -   Յօդուածներ