Յարութ Սասունեան. Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Բուռն Ընտրապայքարը.Ուրախ Լուր Ամերիկահայերուն


Յարութ Սասունեան. Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Բուռն Ընտրապայքարը.Ուրախ Լուր Ամերիկահայերուն

  • 22-02-2016 18:17:09   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

 
Ներկայիս, երբ Միացեալ Նահանգներու երկու հիմնական կուսակցութիւնները սկսած են նախնական ընտրութիւններ իրականացնել՝ այս տարուան աշնան կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն իրենց ներկայացուցիչները որոշելու համար, ամերիկահայերը կը փորձեն կողմնորոշուիլ, թէ ութ թեկնածուներէն որո՞ւն տան քուէ: 
 
Կը փափաքէի առաջարկել, որ ասկէ ետք հայերը ձեռնպահ մնան նախագահի թեկնածուներուն դիմելու այն հարցումով, թէ ընտրուելու պարագային արդեօք պիտի ճանչնա՞ն Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Գոյութիւն ունի երկու խնդիր՝ կապուած այս հարցադրման.
 
1. Հիասթափեցնող նախկին փորձերէն հայերը պէտք է հասկնան, որ չեն կրնար վստահիլ թեկնածուներէն շատերու տուած խոստումներուն: 
 
2.  Կարիք չկայ այսպիսի խոստում մը խնդրելու, քանի որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը բազմիցս ճանչցուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան տարբեր ճիւղերու կողմէ, շատ տարիներ առաջ.
ա) 1951 թուականին պաշտօնական փաստաթուղթ ներկայացուած է Միջազգային դատարան՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ.
բ) 1975 եւ 1984 թուականներուն բանաձեւեր ընդունուած են Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէ.
գ) Նախագահ Ռեկընի 22 Ապրիլ 1981-ի Հռչակագիրը յիշատակած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
 
Աւելի՛ն. Ցեղասպանութեան ճանաչման շարունակական հետապնդումը, երբ արդէն ճանչցուած է, կրնայ պարզապէս կասկածի տակ դնել անոր հաւաստիութիւնը:
  
Ատոր փոխարէն, ամերիկահայերը պէտք է հետաքրքրուին նախագահական թեկնածուներու  դիրքորոշումներով՝ աւելի անմիջական հարցերու վերաբերեալ, օրինակ՝
1) Աւելի շատ արտաքին օգնութեան յատկացում Հայաստանի եւ Արցախի.
2) Ամերիկեան առեւտուրի խթանում Հայաստանի հետ.
3) Ճնշումներ Թուրքիոյ վրայ՝ Հայաստանի շրջափակումը ջնջելու համար.
4) Պահանջել, որ գրաւուած հայկական եկեղեցիները Թուրքիա վերադարձնէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին.
5) Դատապարտել Ատրպէյճանը՝ իր բազմաթիւ սպառնալիքներու եւ Հայաստանի ու Արցախի վրայ յարձակումներուն համար.
6) Աջակցութիւն Արցախի անկախութեան:
 
Ընտրուելէ ետք, նախագահը կը ցանկայ բաւարարել այս պահանջներէն քանի մը հատը՝ պահպանելու համար հայ համայնքի զօրակցութիւնը իր վերընտրութեան հետագայ քարոզարշաւի ընթացքին: 
 
Ստորեւ ներկայացուած են նախագահութեան աթոռի՝ հանրապետական վեց թեկնածուներու դիրքորոշումները հայկական հարցերու մասին. 
 
Նահանգապետ Ճեպ Պուշ (Ֆլորիտա)
- 24 Դեկտեմբեր 1988-ին, երկրաշարժէն անմիջապէս ետք, ան իր զաւկին հետ մեկնած է Հայաստան, մարդասիրական առաքելութեամբ.
- 7 Ապրիլ 2006-ին հրապարակած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հռչակագիր. 
- 2013-ին ստացած է «Հայ ժողովուրդի բարեկամ» մրցանակը՝ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմէն:
 
Նահանգապետ Ճոն Քասիչ (Օհայօ)
- Ստացած է վատ վարկանիշեր (C, D եւ F) Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ՝ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ իր պաշտօնավարման տարիներու մեծ մասի ընթացքին, 1983-2001 թուականներուն.
- 1991-ին ստորագրած է Արցախի անկախութեան աջակցող նամակ՝ ուղղուած նախագահ Պուշի եւ խորհրդային ղեկավար Միխայիլ Գորբաչովի.
- 2000-ին համահովանաւորած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը.
- 2012-ին իբրեւ նահանգապետ ստորագրած է հռչակագիր՝ Հայաստանի անկախութեան օրուան առիթով:
 
Ծերակուտական Թետ Քրուզ (Թեքսաս)
- 2014-ին ստացած է միջակ վարկանիշ (C) Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ. 
- 2015-ին հանդէս եկած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յայտարարութեամբ եւ համահովանաւորած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը:
 
Ծերակուտական Մարքօ Ռուպիօ (Ֆլորիտա)
- 2012 եւ 2014 թուականներուն, համապատասխանաբար ստացած է C եւ B վարկանիշեր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ.
- 2014-ին կողմ քուէարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի ընդունման՝ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ.
- 2015-ին համահովանաւորած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը.
- 2015-ին ստորագրած է նախագահ Օպամայի յղուած նամակ՝ կոչ ընելով ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
 
Ջղավիրաբոյժ Պէն Քարսըն (Միշիկըն). հայկական հարցերու մասին յայտարարութիւններ չունի:  
 
Գործարար Տանըլտ Թրամփ (Նիւ Եորք). հայկական հարցերու մասին յայտարարութիւններ չունի:  
 
Ստորեւ ներկայացուած են նախագահական աթոռի՝ դեմոկրատական երկու թեկնածուներու դիրքորոշումները հայկական հարցերու մասին. 
 
Պետական քարտուղար Հիլըրի Քլինթըն (Նիւ Եորք)
- Իբրեւ ծերակուտական ստորագրած է նախագահ Պուշի ուղղուած նամակ՝ կոչ ընելով ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը 2005 եւ 2006 թուականներուն.
- Համահովանաւորած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւերը՝ 2006 եւ 2007 թուականներուն.
- 2008-ին՝ իբրեւ նախագահական պաշտօնի թեկնածու, խոստացած է ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը.
- Դարձեալ 2008-ին, Նիւ Եորքի մէջ ելոյթ ունեցած է թրքական մշակութային կեդրոնի  հանդիսաւոր ճաշկերոյթին, այդ օրերու Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի ներկայութեամբ.
- 2010-ին, պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուելու պահուն ծաղկեպսակ զետեղած  է Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առաջ, թէեւ այս արարքը Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը օրին անուանեց «սեփական» քայլ, այսուհանդերձ, ծաղկեպսակի ժապաւէնին վրայ առկայ էր հետեւեալ մակագրութիւնը. «Պետական քարտուղար Հիլըրի Ռոտհամ Քլինթընէն». 
- 2012-ին՝ իբրեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար, յիշատակած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը որպէս «պատմական բանավէճի նիւթ»՝ հակասելով աւելի վաղ շրջանի իր ցուցաբերած յստակ դիրքորոշման, այս կարեւոր հարցի մէջ:  
 
Ծերակուտական Պըռնի Սէնտըրզ (Վըրմոնթ) 
- 2012 եւ 2014 թուականներուն ստացած է համապատասխանաբար A+ եւ C վարկանիշեր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ.
- 1991-2007 թուականներուն, Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ իր պաշտօնավարման ընթացքին ան աջակցած է հայկական տարբեր հարցերու, ներառեալ Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւերու՝ 1996, 1997 եւ 2000 թուականներուն.
- 2002, 2003 եւ 2004 թուականներուն ստորագրած է նախագահ Պուշի յղուած նամակները՝ կոչ ընելով ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը.
- 2012 թուականին իբրեւ ծերակուտական համահովանաւորած է երկու բանաձեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Թուրքիոյ կողմէ հայկական եկեղեցիներու վերադարձի վերաբերեալ:
 
Նախնական ընտրութիւններու եւ հարցախոյզերու արդիւնքները ցոյց կու տան, որ երկու կուսակցութիւններու թեկնածուներէն ոչ ոք ճնշող մեծամասնութիւն ունի ներկայիս եւ    հաւանաբար չունենայ նաեւ Նոյեմբերի ընտրութիւններուն, ինչ որ պիտի մղէ թեկնածուները աւելի զիջողական ըլլալու բոլոր ընտրողներու, այդ շարքին նաեւ ամերիկահայերու նկատմամբ:
 
Այս պայմաններուն մէջ, ամերիկահայ համայնքին առաջարկս է՝ զերծ մնալ ոեւէ թեկնածուի կանուխէն աջակցելէ: Թեկնածուներէն մէկուն զօրակցելու որոշումը կարելի է կայացնել աւելի ուշ, քանի որ նախագահական ընտրապայքարը հետզհետէ կը սկսի աւելի բուռն  դառնալ, ուրեմն եւ թեկնածուները աւելի խստօրէն կարիքը կ՛ունենան մեր քուէներուն...
 
 
Յարութ Սասունեան        
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանութիւնը՝ Ռուզաննա Աւագեանի
 
 
 
  -   Յօդուածներ