ՕԿԻՒՆ ՍԱՄԱՍԹԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՓՈԽԱՆՑՈՒԻ ՄԱՆԿԱՆՑ ԴԱՏԱՐԱՆ


ՕԿԻՒՆ ՍԱՄԱՍԹԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՓՈԽԱՆՑՈՒԻ ՄԱՆԿԱՆՑ ԴԱՏԱՐԱՆ

  • 26-10-2010 14:40:32   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Իսթանպուլի 14 թիւ եղեռնադատ ատեանը Հրանդ Տինքը սպաննելու յանցանքով դատուած Օկիւն Սամասթին թղթածրարը պիտի փոխանցէ Իսթանպուլի մանուկներու դատարան։ Այս կերպով դատարանը ընդունած եղաւ որ ինք այս խնդրին մէջ դատավարութեան պաշտօն չի կրնար կատարել։ Տրուած ըլլալով որ Սամասթ ոճրի ընթացքին 17 տարեկան էր, ան այժմ պէտք է դատուի մանուկներու դատարանի մէջ։ Այս որոշումը առնուեցաւ Տինքի սպանութեան դատավարութեան նիստի ընթացքին, որուն մասնակցեցան ամբաստանեալներ Օկիւն Սամասթ, Էրհան Թունճէլ եւ Եասին Հայալ։ Դատախազ Մուսթաֆա Չավուշօղլու ուզեց որ թղթածրարը մանուկներու դատարան փոխանցուի, քանի որ ոճրի թուականին ամբաստանեալը 17 տարեկան էր։ Դատարանը այս դիմումը ընդունեց հիմնուելով քարկոծող երախաներու դատավարութեան կապակցութեամբ 22 Յուլիս 2010 թուականին ընդունուած 6008 թիւ օրէնքի 8րդ յօդուածին վրայ։ Այս կերպով Օկիւն Սամասթ կը դրուի քարկոծող երախաներու մակարդակին վրայ ։ Լուրը այսօր շատ լայն արձագանգ գտած է թուրք մամուլի մէջ, բազմաթիւ քրոնիկագիրներ ու թղթակիցներ որոշ վերապահութեամբ կը յիշեցնեն որ այս որոշումով Հրանդ Տինքի սպանութեամբ ամբաստանուած անձը կը նոյնանայ քարկոծող փոքրիկ երախաներու հետ։ ՃԷՄԻԼ ՉԻՉԷՔԻ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ Պետական Նախարար Ճէմիլ Չիչէք երէկ զանազան հարցերու մասին կատարուած լուսաբանութիւններու կարգին պատասխանեց լրագրողներու կողմէ Օկիւն Սամասթի մասին հարցումին եւ ըսաւ որ քարկոծող երախաներու օրէնքը ընդհանուր օրէնք մըն է որ սա կամ նա անձին կամ սա կամ նա պարագային համար ձեւաւորուած չէ։ Օրէնքներու պատրաստութեան ընթացքին անհատական պարագաներ նկատի չեն առնուիր, օրէնքները ընդհանուր բնոյթ ունին, այս պատճառաւ ալ ոմանք օրէնքներէն կ’օգտուին, ոմանք ալ օրէնքներէն վնաս կը կրեն։ Այլ խօսքով, նոր օրէնքը Օկիւն Սամասթին համար պատրաստուած չէ, թէեւ Սամասթ պիտի օգտուի այս օրէնքէն։ ՄԻԹ-Ն ԱԼ ԱԶԴԱՐԱՐԵՐ Է Դատավարութեան ընթացքին ՄԻԹ-ի կողմէ դատարան յղուած փաստաթուղթէ մը յայտնի դարձաւ որ ՄԻԹ գործակալութիւնն ալ Սապիհա Կէօքչէնի մասին գրուած յօդուածի կապակցութեամբ Հրանդ Տինքին ըրած էր լուրջ ազդարարութիւն մը։ ԱԼԻ ՊԱՅՐԱՄՕՂԼՈՒ ԱՀԱԶԱՆԳ ԿՐ ՀՆՉԵՑՆԷ Ալի Պայրամօղլու »Ենի Շաֆաք« թերթի մէջ ահազանգ կը հնչեցնէ ու կը գրէ որ այս գնացքով մօտ օրէն Սամասթ բանտէն կ’արձակուի ու տուն կը վերադառնայ։ Եթէ Սամասթ դատուի մանկանց դատարանի մը մէջ, այդ պատրագային մինչեւ այսօր անցած ժամանակը նկատի առնելով ու յանցագործութիւնը մեղմացնող ազդակներն ալ նկատի առնելով դատարանը մօտ օրէն կրնայ տուն ղրկել Օկիւն Սամասթը։ Սամասթ այլեւս իր տունը նստած վիճակով կը հետեւի իր գործած ոճիրին մասին շարունակուող դատավարութեան։ Բոլորս ալ օր մը փողոցը Սամասթին հետ դէմ դիմաց կրնանք գալ։ Ասիկա նախատական է թուրք իրաւական համակարգի համար։ Իսկ քարկոծող մանուկներու օրէնքը պէտք չէ գործածուի 18 տարեկանէն աւելի փոքր ոճրագործներ պատրաստելու նպատակին ի նպաստ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը