ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԵԼՈՅԹԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ


ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԵԼՈՅԹԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

  • 20-10-2010 18:22:14   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Գերմանիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Քրիսթիան Վուլֆ որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին երրորդ անգամ Թուրքիա կուգայ, երէկ ելոյթ ունեցաւ Թուրքիոյ Խորհրդարանին մէջ եւ Թուրքիոյ ի նպաստ շատ լաւ արտայայտութիւններ ունեցաւ ամէն մարզէ ներս։ Վուլֆ Գերմանիոյ անցեալէն օրինակներ բերելով ընդգծեց այն սերտ բարեկամութիւնը որ առկայ է երկու երկիրներու միջեւ, շնորհակալութիւն յայտնեց այն հիւրասիրութեան համար զոր Թուրքիա անցեալի մէջ ցուցաբերեց Թուրքիա ապաստանած գիտնականներու ու մտաւորականներու, ան գովեց նաեւ իրենց արձակուրդը Թուրքիոյ մէջ անցընել ուզող գերմաններու նկատմամբ ցուցաբերուած հիւրասիրութիւնը, նշելով որ այս գերմաններուն թիւը 4,5 միլիոն է։ Խօսեցաւ Թուրք-Գերման համալսարանի մօտալուտ գործուէութեան մասին, անդրադարձաւ նաեւ Կիպրոսի հարցին ու ըսաւ որ Կիպրոսի հարցին լուծումը մեծապէս պիտի նպաստէ տարածքաշրջանի խաղաղութեան։ Գերման նախագահը չէր կրնար չանդրադառնալ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն։ Ան ըսաւ որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելու հարցին մէջ Գերմանիոյ զօրակցութիւնը Թուրքիոյ կողքին է, եթէ կարելի ըլլայ ստեղծել բաց սահմաններով յարաբերութիւններու մթնոլորտ մը ուր կարելի պիտի ըլլայ խօսիլ ամէնէն վիճելի խնդիրներուն մասին իսկ, ասիկա տարածքաշրջանի կայունութեան մեծապէս պիտի նպաստէ։ Այս խնդրին մէջ Գերմանիա կ’ուզէ սրտապնդել Թուրքիան։ Վուլֆ ըսաւ որ պէտք է բացուի նաեւ Հէյպէլիի Յունաց Դպրեվանքը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը