ԵՐԿՈՒ ՕԾՈՒՄ


ԵՐԿՈՒ ՕԾՈՒՄ

  • 20-10-2010 12:57:58   | Հայաստան  |  Յօդուածներ
Ռամկավար Մամուլ - Անցեալ ամսուան երկրորդ շաբաթավերջը յատկանշուեցաւ Քալիֆորնիոյ կամ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդանիստ Սբ. Ղեւոնդեաց Մայր Եկեղեցւոյ օծումով, որուն առթիւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերագոյն Վեհը` Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս կը կատարէր Հովուապետական իր հերթական այցելութիւնը` հայկական Լոս Անճելըսը օժտելով նոր սրբավայրով: Ինչ խօսք` կարեւոր իրադարձութիւն մըն էր եղածը հայահոծ այս գաղութին կեանքէն ներս: Մեր սիրտերն ու հոգիները փառաւորուեցան, մեր քրիստոնէական ուխտը վերանորոգուեցաւ եւ անգամ մը եւս հաստատուեցաւ այն փաստը, որ տէրն ենք մեր հոգեւոր արժէքներուն, որոնց համար պատրաստ ենք կատարել մեր զոհողութիւնները: Մենք հաստատած եղանք նաեւ այն իրողութիւնը, որ պատմական մեծ անցեալ մը ունեցող հաստատութեան անբաժանելի ու կարեւոր օղակներէն մէկն ենք: Հպարտութեամբ արձանագրելէ ետք այն փաստը, որ մեր ուխտի նորոգութեան ու հանդիսութեանց կը մասնակցէին այս բազմազգ նահանգի ու քաղաքի բանալի անձնաւորութիւնները, մեր յուսախաբութիւնը պիտի յայտնենք Լոս Անճելըսի զանգուածային (ոչ-Հայկական) լրատուութեանց կեդրոններուն ու գործակալութիւններուն հանդէպ, որոնց արձագանգը պէտք է գնահատել անբաւարար եւ վիրաւորական: Անհաւասարակշռութիւն մը կայ զանգուածային լրատուութեանց աշխատելաոճին մէջ: Դիտաւորեա՞լ է արդեօք, տգիտութեան ու արհամարհանքի արտայայտութի՞ւն մըն է, թէ ,մասսաեն չհետաքրքրող դէպք մը` ըստ մամուլի ու հեռատեսիլի (ամէն ինչ տոլարով չափող) վարչարարներուն գնահատումհերուն: Պէտք կա՞յ յիշեցնելու թէ այդ գործակալութիւնները շատ յաճախ շեշտը կը դնեն այս քաղաքին մէջ կատարուող ժխտական դէպքերու եւ պատահարներու վրայ, քան դրական ու հոգին ազնուացնող երեւոյթներու: Ժամանակն է որ հետեւութիւններ հանենք գործակալութիւններու եւ մամուլի այսօրինակ վերաբերմունքներէն: Անդին, ,մեր չհաւնած թուրքըե, մեզմէ կէս երկրագունդ հեռու գտնուող Վանայ Լիճի Աղթամար կղզիին վրայ նորոգուած Սբ. Խաչ տաճարի ,բացման եւ օծմանե արարողութիւնը կը վերածէ փրոփականտի հսկայ արշաւի մը` ցոյց տալով քաղաքակիրթ ու ,քրիստոնեայե աշխարհին, թէ ինչպէս Թուրքիոյ ներկայիս աշխարհիկ պետութիւնը իր իսկ սեփական ծախսերով կը նորոգէ եւ (առանց խաչի թէեւ) արտօնութիւնը կու տայ օծելու: Արդարեւ, բացէք թրքական տպագիր թէ ելեկտրոնային մամուլը, որոնք յատկապէս նպատակաուղղուած են արեւմտեան երկիրներու հասարակութեան մէջ ստեղծել խիստ դրական կարծիք ու տրամադրութիւն, ամէն օր, յարատեւօրէն կ'առաքեն լուրեր Սբ. Խաչի օծման մասին: Արդեօք ո՞վ որմէ սորվելիք ունի, ԱՄՆ-ի՞ զանգուածային լրատուութիւնը Թուրքիայէն, թէ հակառակը: ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Լոս Անճելըս
  -   Յօդուածներ