Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

  • 15-10-2010 11:23:04   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Հինգշաբթի 14 Հոկտեմբեր 2010-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Դոկտ. Միշէլ Նսէյր, Միջին Արեւելքի հարցերու պատասխանատու, Դոկտ. Թամարա, Հաւատք եւ Կարգ Բաժանմունքի պատասխանատուներէն, եւ Դոկտ. Դա Պուտա, Ուղղափառ եկեղեցիներու հետ յարաբերութեանց պատասխանատու: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի Վարիչ Գերշ. Տ. Նարեկ Եպս. Ալէեմեզեան: Պատուիրակութիւնը ընհանուր գիծերով տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ներկայ աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին: Միջ-եկեղեցական կեանքի եւ յատկապէս Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ծիրէն ներս իր ունեցած երկար տարիներու փորձառութեան լոյսին տակ, Վեհափառ Հայրապետը իր տեսակէտները յայտնեց կարգ մը հարցերու ու յատկապէս՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն գծով: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Հակառակ ներկայ պայմաններուն յառաջացուցած դժուարութիններուն եկեղեցիներու կեանքէն ներս, միջ-եկեղեցական գործակցութիւնը առաջնահերթ տեղ պէտք է գրաւէ եկեղեցիներու կեանքին ու վկայութեան մէջ:»
  -   Մամլո հաղորդագրություն