Յարութ Սասունեան.Պունտեսթակի Թուրք Երեսփոխան. «Երիտթուրքերը Դաւաճաններ Են. Թալէաթն Ու Էնվէրը՝ Ոճրագործներ»


Յարութ Սասունեան.Պունտեսթակի Թուրք Երեսփոխան. «Երիտթուրքերը Դաւաճաններ Են. Թալէաթն Ու Էնվէրը՝ Ոճրագործներ»

  • 14-07-2016 15:25:10   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

2 Յունիս 2016-ին Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ «Կանաչներու կուսակցութեան» համանախագահ Ճեմ Օզտեմիր հանդէս եկաւ կրքոտ ելոյթով՝ ի պաշտպանութիւն Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին՝ միաժամանակ ընդունելով Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը այս զանգուածային ոճրագործութեան մէջ:  
 
Օզտեմիր ծնած է Գերմանիա, թուրք եւ չերքէզ գաղթականներու ընտանիքի մէջ: Թրքական ծագումով առաջին անձն էր, որ ընտրուեցաւ Պունտեսթակի մէջ (1994-2002): 2013-ին ան վերադարձաւ Գերմանիոյ խորհրդարան՝ Եւրոպական խորհրդարանէն ներս 2004էն 2009 թուականներուն իբրեւ երեսփոխան գործելէ ետք:  
Շնորհիւ Պունտեսթակի բոլոր կուսակցութիւններու աջակցութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը, որուն համար Օզտեմիր վաղուց ի վեր կը պայքարէր, ընդունուեցաւ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ՝ ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ (միայն 1 դէմ եւ 1 ձեռնպահ):  
Ստորեւ թարգմանաբար ներկայացուած են հատուածներ Օզտեմիրի ուշագրաւ ելոյթէն, որով ան հանդէս եկաւ Պունտեսթակի մէջ Յունիս 2-ին՝ կուրծքին կրելով Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի խորհրդանիշ «անմոռուկ» նշանը. 
«Ժամանակի նպատակայարմարութեան մասին ոչ մէկ հարց կրնայ յառաջանալ, երբ խօսքը կը վերաբերի ցեղասպանութեան նման աներեւակայելի դաժանութեան մը: Մենք գիտենք, որ երկար եւ յոգնեցուցիչ ձգձգումներէ ետք, Գերմանիա, իբրեւ ոճրագործութեան մեղսակից, այդ իրադարձութիւնը բացայայտօրէն կ՛անուանէ իր իսկական անունով...: Սա Գերմանիոյ պատմութեան մէկ մասն է»: Օզտեմիր յիշեցուց Գերմանական Կայսրութեան վարչապետ Պեթման Հոլվէկի սառնասիրտ ու դաժան խօսքերը. «Մեր միակ նպատակը պատերազմի ընթացքին Թուրքիան մեր կողքին պահելն էր եւ նշանակութիւն չունէր՝ հայերը կը բնաջնջուէին, թէ ոչ»:  
Օզտեմիր ազդեցիկ յայտարարութեամբ ուղղակիօրէն դիմեց Պունտեսթակի նիստին մասնակցող հայ հիւրերուն. «Միայն այն պատճառով, որ մենք անցեալին մեղսակից եղած ենք այս սոսկալի ոճրագործութեան, չի նշանակեր, որ այսօր ալ կը պատրաստուինք կանգնիլ ժխտողներու կողքին»:
Օզտեմիր յորդորեց Գերմանիոյ միլիոնաւոր թուրք բնակիչները՝ հպարտանալ Ցեղասպանութեան ժամանակ հայեր փրկած «հերոս թուրքերով», եւ ոչ թէ «Թալէաթի ու Էնվէրի նման ոճրագործներով»: 
Այնուհետեւ թրքական ծագումով գերմանացի խորհրդարանականը յայտարարեց, որ իրեն ցաւ պատճառող ամէնէն տգեղ արտայայտութիւնը Թուրքիոյ մէջ «հայ» բառի օգտագործումն է իբրեւ «հայհոյանք»: «Անոնք ինծի կը հարցնեն, թէ արդեօ՞ք ես հայ եմ: Հայ ըլլալը ես իբրեւ անարգանք չեմ ընդունիր: Սերելով սիւննի մահմետական ընտանիքէ, Արեւելեան Քրիստոնէութիւնը ինծի անհանգստութիւն չի պատճառեր»: 
Օզտեմիր մէջբերեց խօսքերը իր սթանպուլահայ բարեկամ Հրանդ Տինքին, որ սպաննուած էր Սթամպուլի մէջ թուրք ծայրայեղականի մը կողմէ. «Եթէ այսօր հայերը ապրէին Վանի մէջ, այդ քաղաքը կը դառնար Արեւելքի Փարիզը»:  2015-ի Մարտին Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին Օզտեմիր «Սիվիլնեթ»ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ Տինքի յայտարարութեան. «Ես գացի Ցեղասպանութեան թանգարան եւ կարդացի անուններն ու մասնագիտութիւնները այն մարդոց, զորս մենք կորսնցուցած էինք: Անոնք Սթամպուլի ամէնէն հեռատես եւ վառ մտաւորականներն էին եւ անոնք սպաննուեցան` սկսած ճարտարապետներէն, մտաւորականներէն, լրագրողներէն, գրողներէն...: Օսմանեան կայսրութիւնը ոչնչացուց իր պատմութեան ամէնէն յառաջադէմ քաղաքացիները: Օսմանեան կայսրութիւնը ահռելի մեծ կորուստ կրած է: Կը կարծեմ, որ այսօր Թուրքիոյ՝ առաւել զարգացած երկիրներու շարքին չգտնուելուն պատճառներէն մէկը այն է, որ երիտթուրքերը հերոսներ չէին, այլ՝ դաւաճաններ: Անոնք մեծ վնաս հասցուցին հայերուն, ասորիներուն, յոյներուն, ինչպէս նաեւ թուրքերուն»: 
Գերմանիոյ խորհրդարանի թուրք երեսփոխանը իր ինը վայրկեաննոց ելոյթը, որ բազմիցս ընդհատուեցաւ բուռն ծափահարութիւններով, աւարտեց՝ յայտարարելով, որ «Պունտեսթակի երեսփոխաններուն վտանգ չի սպառնար իրենց կարծիքը արտայայտելուն մէջ: Ես վստահ եմ, որ զիս չեն ձերբակալեր խորհրդարանէն տուն վերադառնալու ճամբուն, կամ իմ երեսփոխանական անձեռնմխելիութիւնը չի վերցուիր: Զիս չեն ծեծեր կամ սպաններ: Նոյն բանը չեմ կրնար ըսել Թուրքիոյ մէջ իմ պաշտօնակիցներուս մասին»: 
Այսուամենայնիւ, Օզտեմիր չէր սպասեր, որ Պունտեսթակի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի հաստատումէն ետք, ան եւ Գերմանիոյ խորհրդարանի իր տասը թուրք պաշտօնակիցները կը յայտնուին ոստիկանութեան հսկողութեան տակ՝ թուրք ծայրայեղականներու կողմէ մահուան բազմաթիւ սպառնալիքներ ստանալէ ետք: 
Նախագահ Էրտողան, հիթլէրեան ժամանակաշրջանի ցեղային ստուգումներ յիշեցնող իր յայտարարութեան մէջ առաջարկեց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին աջակցած Գերմանիոյ խորհրդարանի 11 թուրք երեսփոխաններուն արեան քննութիւն կատարել, անոնց «թուրք» ըլլալը ապացուցելու համար: Մինչ այդ, Օզտեմիրի հօր հայրենի Թոքատ (Թուրքիա) քաղաքի պաշտօնեաները անոր անունը ջնջեցին քաղաքի պատուաւոր մարդոց ցանկէն: 
Սակայն, Գերմանիոյ դէմ ամպագոռգոռ սպառնալիքներ ընելէ ետք, Էրտողան ստիպուած եղաւ զսպել ինքզինք, հասկնալով, որ նման անպատասխանատու քայլեր կրնան կործանարար ազդեցութիւն ունենալ նոյնինքն Թուրքիոյ արդէն իսկ փլուզուող տնտեսութեան վրայ... 
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 Յարութ Սասունեան 
 «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
 Յարութ Սասունեան 
 «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
  -   Յօդուածներ