Յարութ Սասունեան. Թուրքիոյ Մէջ Պետական Յեղաշրջումը Դեռ Կը շարունակուի. Խառն Իրավիճակ Կը Տիրէ


Յարութ Սասունեան. Թուրքիոյ Մէջ Պետական Յեղաշրջումը Դեռ Կը շարունակուի. Խառն Իրավիճակ Կը Տիրէ

  • 27-07-2016 15:25:12   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Անցեալ Ուրբաթ շատ հայեր ոգեւորուած էին՝ լսելով, որ Թուրքիոյ մէջ ռազմական յեղաշրջում տեղի ունեցած է, նախագահ Էրտողանը տապալելու նպատակով:  
 
Պահ մը նոյնիսկ ես ալ ինկայ ժամանակաւոր բերկրանքի մէջ, մինչ յիշելը, որ թէեւ Էրտողան ֆաշիստ ղեկավար է, սակայն թրքական զինուորականութիւնը շատ աւելի վատ է...:  Թուրքիոյ անցած չորս ռազմական յեղաշրջումներու ժամանակ՝ 1960, 1971, 1980 եւ 1997 թուականներուն, հրամանատարներու պայքարը իշխանութեան համար մշտապէս ուղեկցուած է զանգուածային ձերբակալութիւններով, խոշտանգումներով եւ սպանութիւններով: Էրտողան երբեք ժողովրդավարական ղեկավար չէ եղած, սակայն անոր զինուորական հակառակորդները կրնան շատ աւելի վայրագ ըլլալ...: Այս է պատճառը, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն ոչ մէկը, նոյնիսկ ճնշուած քիւրտերու կուսակցութիւնը, չաջակցեցաւ դաւադիրներուն՝ պատկերացնելով իրենց սարսափելի վիճակը ռազմական վարչակարգի լուծին տակ... 
Պետական յեղաշրջման փորձը շուտով ողջունելու փոխարէն, հայերը պէտք է ուրախանային Թուրքիոյ ղեկավարի գոյատեւման համար...: Պէտք է հաշուի առնել, որ Էրտողանը իսլամիստ է, մինչդեռ բանակի բարձրաստիճան սպաները՝ ազգայնամոլներ: Էրտողան, ի հարկէ, քիւրտերու, հայերու, թուրք իրաւապաշտպաններու, լրագրողներու եւ քաղաքական հակառակորդներու բարեկամը չէ, սակայն միւս կողմէ, ռազմական իշխանութիւնը կատարեալ մղձաւանջ կ՛ըլլար բոլորին համար Թուրքիոյ ներսը եւ անոր սահմաններէն դուրս, մասնաւորապէս դրացի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի համար: Կարիք չկայ ետ երթալու մինչեւ 1915 թուական՝ յիշելու համար թրքական բանակի կողմէ 1.5 միլիոն անմեղ հայ տղամարդոց, կիներու եւ երեխաներու դէմ իրագործուած ջարդերը...: Իսկ վերջին տարիներուն, 1974-ին, Կիպրոս ներխուժման ժամանակ, թուրք զինուորականները նողկալի պատերազմական յանցագործութիւններ իրականացուցին ընդդէմ հազարաւոր յոյն խաղաղ բնակիչներու...
Էրտողանի՝ իշխանութեան ղեկին մնալը կրնայ մեծագոյն նուէրը ըլլալ բոլոր անոնց համար, որոնք կը ցանկան, որ Թուրքիա ծաղրի առարկայ մնայ ամբողջ աշխարհի մէջ: Անոր ծայրայեղական հայեացքները ընկերային, քաղաքական եւ կրօնական հարցերու վերաբերեալ հաճելի են միայն անոր արմատական կողմնակիցներուն համար, բայց կը վանեն առողջ դատողութիւն ունեցող մարդիկը: 
Երբ Էրտողանի տապալման նախնական լուրը հերքուեցաւ, անոնք, որոնք կը տօնէին անոր հնարաւոր հեռացումը, սկսան անհիմն լուրեր տարածել, թէ Թուրքիոյ նախագահը անձամբ բեմադրած է այդ յեղաշրջումը՝ իր հակառակորդներէն ձերբազատուելու համար: Նման արտառոց կարծիքի հաւատալու համար, պէտք է անտեսել, որ այդ յեղաշրջումը բեմադրած էր զգալիօրէն թուլցած աւագ սպաներու խումբը՝ Էրտողանի կողմէ ամբողջ տասնամեակ մը զինուորականներու զտումներէ ետք: Հրաշք է, որ սպառնալիքներու տակ ըլլալով, հետապնդուելէ, բանտարկուելէ կամ վաղաժամ թոշակի անցնելէ ետք, դեռ իշխանութեան հակառակորդներ մնացեր են թրքական բանակի մէջ...: Փորձառու հրամանատարները փոխարինուած էին ոչ արհեստավարժ զինուորականներով, որոնց միակ հմտութիւնը սուլթան Էրտողանի բոլոր ցանկութիւններն ու քմահաճոյքները ամբողջութեամբ բաւարարելն էր...  
Բացի ասկէ, վատ կազմակերպուած էր պետական յեղաշրջումը, որ հնարաւորութիւն տուաւ Էրտողանի խուսափիլ կալանքէն, դաւադրութեան մասին վերջին վայրկեանին իմանալով եւ հեռատեսիլով հրահրելով իր մոլեռանդ հետեւորդները՝ դուրս ելլելու փողոց եւ դիմակայելու հրետանիները... 
Ամերիկեան լրատուական միջոցները, ինչպէս միշտ, ապակողմնորոշեցին հասարակութիւնը՝ էրտողանը բազմիցս անուանելով «ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած ղեկավար», որ իբր թէ «մեծ թիւով հետեւորդներ ունի հասարակութեան լայն շերտերու մէջ» եւ «Միացեալ Նահանգներու կարեւոր դաշնակիցն է Իսլամական Պետութեան դէմ պայքարի մէջ»…: Այս բոլոր յայտարարութիւնները չեն համապատասխաներ իրականութեան: Թուրքիոյ նախագահը ֆաշիստ է, անոր կողմնակիցները, թէեւ աւելի աղմկարար, քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու հազիւ կէսն են, եւ անոր վարչակարգը Իսլամական Պետութեան ահաբեկիչներուն աջակիցը եղած է…  
Ի՞նչ պիտի պատահի հիմա: Էրտողան պիտի շահարկէ այս հրաշալի հնարաւորութիւնը իր իշխանութիւնը ուժեղացնելու համար, դառնալով աւելի ոխակալ եւ միահեծան, քան առաջ էր, իր երկաթեայ բռունցքով ջախջախելով բոլոր անոնք, որոնք կը համարձակին չհամաձայնիլ հետը… 
Թուրքիոյ ղեկավարը հիմա յարձակունակօրէն մէջտեղէն կը վերցնէ բոլոր կասկածելի հակառակորդները՝ ձերբակալելով հազարաւոր սպաներ, որոնց շարքին՝ 102 հրամանատարներ, եւ աշխատանքէ հեռացնելով ապահովութեան համակարգի 50 հազար պաշտօնեաներ եւ դատական համակարգի 3000 անդամներ, որոնք որեւէ կապ չեն ունեցած յեղաշրջման փորձի հետ…: Անոնք, ի հարկէ, կը փոխարինուին Էրտողանի հլու-հնազանդ ծառաներով, վստահ ըլլալու համար, որ անոր քաղաքական հակառակորդները կ՛արժանանան դատարաններու դաժան վճիռներու, ամենայն հաւանականութեամբ՝ մահապատիժի, որ կը բացառէ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը Եւրոպական Միութեան…
Էրտողանի միակ անհասանելի հակառակորդը՝ անոր երբեմնի դաշնակից, իսլամական հոգեւորական Ֆեթհուլլահ Կիւլէնն էր, որ ինքնակամ աքսորուած է Ամերիկա եւ կ՛ապրի Փենսիլվանիա…: Թուրքիոյ նախագահը կեղծ մեղադրանք կը  ներկայացնէ մահմետական հոգեւորականին դէմ՝ անցեալ շաբթուան յեղաշրջման փորձը կազմակերպելուն համար, իր գլխաւոր հակառակորդը մէջտեղէն վերցնելու նպատակով…: Կը մնայ տեսնել, թէ արդեօք Էրտողան կը յաջողի՞ վախցնել նախագահ Օպաման՝ Կիւլէնը Թուրքիոյ յանձնելու համար… 
Հակառակ թրքական կառավարութեան կեղծ զեկոյցներուն՝ յեղաշրջումը ամբողջովին չէ ճնշուած: Յեղաշրջման մեկնարկէն հինգ օր անց, Էրտողան դեռ փակուած է Սթամպուլի մէջ՝ չկարողանալով վերադառնալ Անգարայի իր հսկայական դատարկ պալատը… 
Բոլոր անոնք, որոնք յոգնած են Թուրքիոյ միջամտութիւններէն դրացի երկրներու գործերուն, ի հարկէ, կը նախընտրէին, որ երկարաձգուէին ներիշխանական բախումները դաւադիրներու եւ բռնատիրական վարչակարգի ղեկավարութեան միջեւ: Այդ կը ստիպէր Թուրքիոյ զբաղիլ իր ներքին խնդիրներով՝ նուազեցնելով Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի, Կիպրոսի, Յունաստանի, Իրանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ անվտանգութեան սպառնալու անոր կարողութիւնը... 
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
Յարութ Սասունեան 
 «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
 
Յարութ Սասունեան 
 «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
  -   Յօդուածներ