Յարութ Սասունեան.Էրտողան Թուրքիան Կը Վերածէ Հսկայական Կուլակի Մը. Անոր Կարգ Մը Գործողութիւնները Կը Յիշեցնեն 1915 Թուականը


Յարութ Սասունեան.Էրտողան Թուրքիան Կը Վերածէ Հսկայական Կուլակի Մը. Անոր Կարգ Մը Գործողութիւնները Կը Յիշեցնեն 1915 Թուականը

  • 10-08-2016 12:02:33   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Աներեւակայելի վտանգաւոր զարգացումներ տեղի կ՛ունենան Թուրքիոյ մէջ՝ դաւադիրները որսալու քողին տակ: Յուլիս 15-ի յեղաշրջման փորձը անուանելով «Ալլահէն նուէր», նախագահ Էրտողան այս առիթը կը չարաշահէ իր վաղեմի երազանքը իրականացնելու համար՝ դառնալ միաժամանակ ոչ միայն Սուլթան, այլ նաեւ Սթալին եւ Հիթլէր...  
Յեղաշրջման փորձէն շատ չանցած, էրտողան հրամայեց ձերբակալել եւ աշխատանքէ դուրս դնել տասնեակ հազարաւոր սպաներ (որոնց շարքին՝ հարիւրաւոր հրամանատարներ եւ ծովակալներ), ոստիկաններ, ուսուցիչներ, քաղաքացիական ծառայողներ, դատաւորներ եւ լրագրողներ, ինչպէս նաեւ փակել հարիւրաւոր մասնաւոր դպրոցներ: Այս գործողութիւնները այնքան արագ տեղի ունեցան, որ դժուար էր հաւատալ, թէ կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ կարելի էր կասկածեալներու վերաբերեալ նմանօրինակ սպառիչ ցուցակ կազմել: Իրականութեան մէջ, թրքական բռնապետը երբեք ալ կարիք չունէր որեւէ ցուցակ նախապատրաստելու, քանի որ ան կը ձերբակալէր եւ գործէն կ՛արձակէր բոլոր անոնք, որոնք իր հետեւորդները չէին…   
Յուլիս 20-ին, ձայներու 346 կողմ եւ 115 դէմ յարաբերակցութեամբ Թուրքիոյ խորհրդարանը հաւանութիւն տուաւ երկրին մէջ 90-օրեայ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու օրինագիծին եւ Էրտողանի «քարթ պլանշ»՝ նախագահական հրամանագրերով 30 օր իշխելու համար: Այս երկու ժամկէտերը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի երկարաձգուին: 115 երեսփոխանները, որոնք համարձակեցան դէմ քուէարկել այդ օրինագիծին, կրնան սուղ գին վճարել իրենց անհաւատարմութեան համար, քանի որ անոնք կրնան զրկուիլ երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէն եւ մեղադրուիլ յեղաշրջման մասնակցելու յանցանքով: Թուրքիոյ կառավարութիւնը իր անօրինական գործողութիւններու դատական բոլոր վերանայումները կանխելու նպատակով տեղեկացուց Եւրոպական Խորհուրդին, որ այլեւս պիտի չընդունի Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի իրաւասութիւնը...  
Նկատելի են որոշ ահազդու զուգահեռներ Էրտողանի վարչակարգի դաժան քայլերուն եւ Օսմանեան Կայսրութեան՝ 1915-1923 թուականներու ցեղասպանութիւններու ժամանակ հայերու եւ միւս քրիստոնեաներու դէմ իրականացուած անգութ բռնութիւններու միջեւ. 
1) Թրքական կառավարութիւնը արգելանք դրած է Յուլիս 15-ի պետական յեղաշրջման կասկածեալներու ունեցուածքին վրայ: Անոնց հաւանական դատապարտումէն ետք, այդ ունեցուածքը կը փոխանցուի պետութեան, ինչպէս այդ եղաւ 1915 թուականէն սկսեալ, երբ բռնագրաւուեցաւ աքսորուած ու սպաննուած հայերու եւ այլոց սեփականութիւնը: 
2) Էրտողանի կողմնակիցները, որոնք սպաննուած կամ վիրաւորուած էին յեղաշրջման փորձի ընթացքին, փոխ հատուցում կը ստանան կասկածեալ դաւադիրներու բռնագրաւուած ունեցուածքի հաշուոյն: Համանման գործողութիւն իրականացուեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ՝ հայերէ թալանուած ունեցուածքը բաժնուեցաւ Պալքաններէն ներգաղթած թուրքերուն եւ երիտթուրքերու առաջնորդներու ընտանիքներուն, որոնք սպաննուած էին հայ վրիժառուներու ձեռքով: 
Ընդդիմադիր «Ճումհուրիյյէթ» թերթի խմբագիր Ճան Տիւնտար մեծ ռիսքի դիմելով՝ համարձակօրէն պնդեց, որ արտակարգ դրութեան պայմաններուն Թուրքիա կ՛ունենայ «բռնապետական վարչակարգ, որով կը սահմանափակուին ազատութիւնները, գրաքննութեան կ՛ենթարկուին լրատուական միջոցները եւ կը վերանայ խորհրդարանը»: Ցաւօք, Տիւնտար չնշեց, որ այդ բռնութիւնները Թուրքիոյ մէջ վաղուց գոյութիւն ունէին, պետական յեղաշրջման փորձէն առաջ: Իրօք, Էրտողան իր բռնատիրական ծրագրերը բացայայտած է աւելի քան 10 տարի առաջ, յայտարարելով՝  «Ժողովրդավարութիւնը գնացքի պէս է: Դուն կը նստիս, որ տեղ մը երթաս, իսկ յետոյ՝ կ'իջնես»... 
Էրտողան՝ հասնելով իր «գնացքով ճամբորդութեան» աւարտին, այժմ յայտարարած է, որ ինք կրնայ վերականգնել մահապատիժը «յեղաշրջման դաւադիրներու» նկատմամբ, իր քաղաքական մրցակիցներէն ձերբազատելու համար...: Եւրոպական Միութեան պաշտօնեաները զգուշացուցած են թուրք ղեկավարը, որ նման քայլ մը մշտապէս կ՛արգելափակէ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը Եւրոպական Միութեան... 
Բացի այդ, «Էմնըսթի Ինթըրնէշընըլ» կազմակերպութիւնը անցեալ շաբաթ ջախջախիչ զեկոյց  հրապարակեց՝ փաստագրելով կալանաւորներու իրաւունքներու բազմաթիւ խախտումներ եւ մեղադրելով Էրտողանը անվտանգութեան ուժերուն՝ զինուորներու խոշտանգումներուն, սոված պահելուն եւ նոյնիսկ բռնաբարութիւններու մասնակցելու յանցանքով...: Կալանաւորները նաեւ զրկուած էին իրենց փաստաբաններուն հետ տեսակցելու հնարաւորութենէն:  
Էրտողան իր քաղաքական հակառակորդները մէջտեղէն վերցնելու մոլուցքով տարուած, պահանջած է Միացեալ Նահանգներէն՝ Թուրքիոյ յանձնել իր գլխաւոր մրցակից, իսլամական հոգեւորական Ֆեթուլլահ Կիւլէնը՝ զայն մեղադրելով յուլիսեան յեղաշրջումը կազմակերպելու յանցանքով: Էրտողանի համախոհները ցեղապաշտական մօտեցմամբ փորձեցին վարկաբեկել Կիւլէնը՝ մեղադրելով զայն նաեւ հայկական ծագում ունենալու եւ 50 տարի առաջ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունող նամակ գրելու յանցանքով...  
Ազդեցիկ Իրաւաբաններու Միջազգային Յանձնաժողովը (ԻՄՅ) երկու զեկոյց  հրապարակած է Յուլիս 18-ին եւ 21-ին՝ Էրտողանի վարչակարգի կոշտ միջոցները որակելով իբրեւ «կամայական եւ օրէնքի գերակայութեան հիմնարար սկզբունքին հակասող»: Աւելին, ԻՄՅ-ի գլխաւոր քարտուղար Ուայտլըր Թէյլըր զգուշացուցած է Թուրքիան. «Կան մարդու իրաւունքներ, որոնք երբեք չեն սահմանափակուիր, նոյնիսկ արտակարգ դրութեան ժամանակ, յատկապէս կեանքի իրաւունքը, խոշտանգումներու կամ դաժան վերաբերումի արգելանքը եւ կամայական ազատազրկման հիմնական տարրերն ու արդար դատաքննութեան իրաւունքը»: 
Նախագահ Էրտողան աւելի մեծ վնաս հասցուցած է թուրք ժողովուրդին, քան այսպէս կոչուած դաւադիրները՝ ձերբակալելով եւ աշխատանքէ դուրս դնելով 60 հազար զինուորականներ, պետական պաշտօնեաներ եւ այլ քաղաքացիներ, իր այս արարքովն իսկ տկարացնելով երբեմնի հզօր ռազմական ուժը եւ վտանգելով երկրի ապահովութիւնը:
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 Յարութ Սասունեան 
 «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
  -   Յօդուածներ