Յարութ Սասունեան. Սփիւռքահայերը Պէ՞տք Է Խառնուին Հայաստանի Գործերուն


Յարութ Սասունեան. Սփիւռքահայերը Պէ՞տք Է Խառնուին Հայաստանի Գործերուն

  • 08-10-2016 17:18:39   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Ոչ բոլորը համակարծիք են այն հարցին, թէ սփիւռքահայերը պէ՞տք է խառնուին Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործերուն: Թերեւս «խառնուիլ» բառը ճիշդ չէ ընտրուած, սակայն հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն մէջ ներգրաւուած ըլլալը եւ ատոնց մասին խորապէս մտահոգուիլը պէտք է մեծ հետաքրքրութիւն ներկայացնէ բոլոր հայերուն համար, քանզի Հայաստանը անոնց բնօրրանն է: 
 
Հայաստանի մէջ Սփիւռքի դերակատարութեան հարցը բարձրացուեցաւ անցեալ ամիս, երբ 20 յայտնի հայեր, հիմնականին մէջ՝ Սփիւռքէն, հրապարակեցին «Արդարութիւն Հայաստանի մէջ» խորագրով դիմումնագիր change.org կայքի վրայ՝ կոչ ընելով Հայաստանի իշխանութիւններուն արմատական փոփոխութիւններ իրականացնել երկրի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական քաղաքականութեան մէջ: Սեպտեմբեր 19-էն մինչ օրս տարբեր երկիրներէ մօտաւորապէս 3000 հայեր եւ այլազգիներ միացած են այս ստորագրահաւաքին:  
Ստորագրահաւաքի նախաձեռնողներու շարքին են Սերժ Թանգեանը, Աթոմ Էկոյեանը, Արսինէ Խանճեանը, Ալեքս Օհանեանը, Քրիս Պոհճալեանը, Յասմիկ Պապեանը եւ Սեպուհ Սիմոնեանը: Անոնք կը պահանջեն վերջ դնել «կաշառակերութեան, մենաշնորհներուն, դատական անհաւասարութեան, ոստիկանութեան դաժանութեան, քաղաքական կողմնակալութեան, անհաւասար իրաւունքներուն,  արտագաղթին եւ ընտրական կեղծիքներուն»:   
Ստորագրահաւաքի նախաձեռնողները նաեւ յայտարարած են, որ իրենք աջակից են «բոլոր մարդոց հաւասարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պահպանման, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու մէջ ուղղակի ներգրաւուածութեան, օրէնքի գերակայութեան նկատմամբ յարգանքին, արդար վարձատրութեան, իշխանութեան տարանջատման, ազատ մամուլին եւ իրաւազուրկներու շահերու պաշտպանութեան»:   
Այնուհետեւ նախաձեռնողները կը պահանջեն, որ «Հայաստանի քաղաքական ղեկավարները մարմնաւորեն ազնուութիւն, հաշուետուութիւն, իմաստութիւն, խելամտութիւն, դիւանագիտութիւն, կարեկցանք, արդիւնաւէտութիւն եւ տեսլական մտածողութիւն հայ ժողովուրդի հրատապ կարիքները հոգալու համար եւ այդպիսով ապահովեն հաւասար, արդար եւ կառուցողական ուղի՝ դէպի իրական ժողովրդավարութիւն, ուր իւրաքանչիւր ձայն ուշագրաւ է»: 
Իբրեւ յաջորդ շօշափելի քայլ, նախաձեռնողները կը խնդրեն, որ ամբողջ աշխարհի հայերը իբրեւ ականատես եւ դիտորդ ներկայ ըլլան Հայաստանի մէջ յառաջիկայ գարնան կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն: 
Ստորագրահաւաքի նախաձեռնողներէն մէկը՝ գանատահայ դերասանուհի Արսինէ Խանճեան, որ ձերբակալուած էր Երեւանի մէջ այս Յուլիսին տեղի ունեցած բողոքի գործողութիւններու ժամանակ, բաց նամակ տարածած է համացանցի վրայ՝ գործողութեան մասնակցելու կոչ ընելով սփյուռքահայերուն: Խանճեան լուրջ մտահոգութիւններ առաջ քաշած է Հայաստանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակի մասին. «Երկրի առաջ ծառացած են ահռելի ներքին խնդիրներ՝ պայմանաւորուած համակարգային կաշառակերութեամբ, հովանաւորչութեամբ եւ մենաշնորհ տնտեսութեամբ, երբ իշխանութիւնն ու հարստութիւնը կեդրոնացած են քանի մը հոգիի ձեռքին մէջ: Օրէնքի առջեւ բոլորին հաւասարութեան բացակայութիւնը եւ ընկերային յառաջընթացի սահմանափակումները՝ զուգորդուած խօսքի եւ մտքի ազատութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ազատութիւններու եւ իրաւունքներու ճնշումներով, աւելի բարդացուցած են հանրապետութեան առանց այդ ալ անտանելի իրավիճակը»: 
Զարմանալի չէ, որ Հայաստանի մէջ ոմանք վրդոված են սփիւռքահայերու նախաձեռնութենէն եւ կոչ ուղղած անոնց՝ տեղափոխուիլ Հայաստան, եթէ իրենք իսկապէս շահագրգռուած են երկրի բարեփոխման հարցով: 
Թէեւ բոլոր հայերը պետք է զօրակցին ստորագրահաւաքի նախաձեռնողներու արտայայտած վեհ նպատակներուն, սակայն անոնց գաղափարներէն քանի մը հատը պարզապէս երազային արտայայտութիւններ են: Առաջարկուող բարեփոխումներէն ոչ բոլորը իրականացուած են նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Սակայն, ես համաձայն եմ, որ հայերը պէտք է ձգտին աստիճանաբար հասնելու իրենց նպատակներուն, թէեւ պէտք է զգոյշ ըլլալ անիրագործելի նպատակներու առաջ քաշման մէջ՝ Հայաստանի քաղաքացիները զերծ պահելու համար հետագայ յուսախաբութենէ եւ հիսաթափութենէ:   
Իմ կարծիքով, սփիւռքահայերը պէտք է Հայաստանի մէջ ներգրաւուած ըլլան կեանքի բոլոր բնագաւառներու մէջ՝ եւ ոչ միայն հեռուէն դիմումնագրեր եւ առաջարկութիւններ ընեն: Պէտք չէ որ անոնք պարզապէս զբօսաշրջիկ ըլլան իրենց հայրենիքին մէջ: Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կապերու ամրապնդման մէկ ուղին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քուէարկելու եւ առաջադրուելու իրաւունք տալն է սփիւռքահայերու: Ինչպէս կը կիրառուի Ֆրանսայի եւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ, պէտք է Հայաստանի Ազգային Ժողովէն ներս քանի մը աթոռ յատկացնել սփիւռքահայերուն, որոնք պէտք է ըլլան աւելին, քան պարզապէս նուիրատուներ կամ «կթան կով»եր...: Հակառակ Հայաստանի Սահմանադրութեամբ թուլատրուած երկքաղաքացիութեան իրաւունքին՝ շատ քիչ թիւով սփիւռքահայեր օգտուած են այդ յատուկ արտօնութենէն, որ կրնայ եւս մէկ կարեւոր կապ ստեղծել հայրենիքի հետ... 
Աստիճանաբար, երբ օրէնքի գերակայութիւնը ամուր հիմքերու վրայ դրուի Հայաստանի մէջ եւ ընկերային անհաւասարութիւնը նուազի, սփիւռքահայերը վստահութիւն ձեռք կը բերեն ներդրումներ ընելու իրենց հայրենիքին մէջ, ինչ որ կը յանգեցնէ աշխատատեղերու ստեղծման եւ արտագաղթի կրճատման: Հաւանաբար որոշ ներգաղթ ալ տեղի ունենայ Սփիւռքէն դէպի Հայաստան: Բարելաւուած կենսապայմանները կը նուազեցնեն նաեւ իշխանութիւններու հետ առճակատումը, որ կրնայ ապակայունացնել երկիրը այն պահուն, երբ դրացի Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան կը սպառնան Հայաստանի անվտանգութեան... 
Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները համարժէք դարձնելու համար, պէտք չէ վրդովիլ, եթէ Հայաստանի իշխանութիւններն ալ «խառնուին» սփիւռքահայ համայնքներու կեանքին: Ի վերջոյ, բնաւ ալ կարեւոր չէ, թէ ով, ուր, որու գործերուն կը  խառնուի, պայմանաւ որ վերջնական արդիւնքը համապատասխանէ համայն հայութեան գերագոյն շահերուն... 
 
 Յարութ Սասունեան 
 «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
  -   Յօդուածներ