(Յատուկ զեկոյց Մերձաւոր Արեւելքի հարցով «REGNUM» Ռուսաստանի դաշնային լրատուական գործակալութեան կազմակերպած «Թիւրքիայի վարած ներկայի նէո-օսմանական քաղաքականութիւնը՝ մատահրաւէրներ ու սպառնալիքներ» անուանումով միջազգային համագումարին, Ռուսաստանի, Հայաստանի Հանրապետութեան, Սուրիոյ, Իրանի, Թիւրքիայի, Իրաքի եւ Իսրայէլի ճանչցուած քաղաքագէտներու եւ փորձագէտներու մասնակցութեամբ:)
Թիւրքիայի Հանրապետութեան վարած ներկայ նէո-օսմանական քաղաքականութիւնը՝ ըստ էութեան, Օսմանեան կայսրութեան եւ Թիւրքիայի Հանրապետութեան 1894-1923 թթ.-ուն վարած քաղաքականութեան կրկնութիւնն է, որն ալ սպառնալիքներ ու մարտահրաւէրներ պարունակող խիստ վտանգաւոր քաղաքականութիւն մըն է Թիւրքիայի Հանրապետութեան մէջ ապրող ժողովուրդներուն եւ Մերձաւոր արեւելեան տարածաշրջանի երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն համար:
Օսմանեան կայսրութիւնը պատմութեան մէջ յայտնի է որպէս ժողովուրդներու հանրաբանտ: Քանի որ Օսմանեան կայսրութիւնը հարիւրամեակներ շարունակ արգելափակած էր կայսրութեան տարածքին ապրող ժողովուրդներու ազատութեան եւ քաղաքակրթական զարգացման հնարաւորութիւնն ու բնական իրաւունքը: Սակայն իրավիճակը շատ աւելի սրուեցաւ ու վատթարացաւ՝ երբ 19-րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ, կայսրութիւնը որգեգրեց նախ պանօսմանիզմի, ապա 1873-1874 թթ.-էն նաեւ պանթիւրքիզմի քաղաքականութիւնը:
Սա հանգեցուց կայսրութեան մէջ ապրող ժողովուրդներու՝ առաջին հերթին քրիստոնեաներու, ցեղասպանութեանն ու բռնագաղթին: 1916-1923 թթ.-ուն ցեղասպանութեան ու բռնագաղթի ենթարկուեցան յոյները, 1914-1923 թթ.-ուն ասորիները, իսկ ամբողջ 1894-1923 թթ.-ուն ընթացքին՝ հայերը: Աւելի քան 30 տարի տեւած, եւ 19-րդ դարու վերջն ու 20-րդ դարու սկիզբը ընդգրկած մեծագոյն յանցագործութեան հետեւանքով՝ ինչը իրականացուցին թիւրքական երեք զիրար յաջորդող կառավարութիւնները, սուլթանական, երիտթիւրքական, քեմալական, հազարամեակներ շարունակ Բնօրրան Հայրենիքի՝ Հայկական Լեռնաշխարհի մէջ ապրող աւելի քան 1.5 միլիոն հայեր ցեղասպանութեան ենթարկուեցան, նոյնքան ալ բռնագաղի ու աքսորի, իսկ հարիւր հազարաւորներ՝ այդ շարքին կանայք ու երեխաներ, բռնի մահմեդականացման:
Հայերու ցեղասպանութիւնը առաջին անգամ դատապարտեցին Մեծն Բրիտանիան, Ֆրանսան եւ Ռուսաստանը՝ 1915 թ.-ի Մայիս 24-ին, զայն որակելով որպէս «Յանցագործութիւն՝ մարդկութեան դէմ», տեղեկացնելով, որ անոր «կազմակերպիչները եւ իրականացնողները ենթակայ պիտի ըլլան քրէական պատասխանատւութեան»:: Յետագային աշխարհի յառաջադէմ շարք մը պետութիւններ ճանչցան ու դատապարտեցին թիւրքական իշխանութիւններու հրեշաւոր յանցագործութիւնները: Ճանաչման ու դատապարտման այդ գործընթացը կը շարունակուի նաեւ այսօր: Յատկանշական է, որ նոյնիսկ թիւրքական պետութիւնը՝ ռազմական յատուկ ատեանի միջոցով, Կոստանդնուպոլսի մէջ 1919-1920 թթ.-ուն իրականացուց երիտթիւրքական կառավարութեան պարագլուխներու դատավարութիւնը՝ որոնցմէ շատերուն համար մահուան դատավճիռներ արձակեց:
Եթէ 19-րդ դարու վերջաւորութեան ծնունդ առաւ Հայկական Հարցը՝ ապա հայկական իրաւունքներուն շուրջ, այդ շարքին՝ Հայաստան պետութեան (նկատի առնելով միացեալ Հայաստանը՝ արեմտեան եւ արեւելեան) վերաբերեալ որոշումները կայացուեցան 20-րդ դարու սկիզբին, 1918-1920 թթ.-ուն:
Յիշենք զանոնք.
- 1918 թ.-ի Յունուար 11-ին Ռուսաստանի Կառավարութիւնն ընդունեց «Թիւրքահայաստանի մասին» Հռչակագիրը (Դեկրետը) («Արեւմտեան Հայաստանի մասին»),
- 1920 թ.-ի Յունուար 19-ի Փարիզի Վեհաժողովի ժամանակ՝ Դաշնակից Տէրութիւններու Գերագոյն Խորհուրդը դէ Ֆակտո (de facto) ճանչցաւ Հայաստան պետութեան անկախութիւնը,
- 1920 թ.-ի Մայիս 11-ին՝ Դաշնակից Տէրութիւններու Գերագոյն Խորհուրդը դէ Յուրէ (de jure) ճանչցաւ Հայաստան պետութեան անկախութիւնը,
- 1920 թ.-ի Օգոստոս 10-ին՝ կնքուեցաւ Սեւրի խաղաղութեան պայմանագիրը, որու 88-93-րդ յօդուածները կը վերաբերին Հայաստանին,
- 1920 թ.-ի Նոյեմբեր 22-ին՝ ԱՄՆ 28-րդ Նախագահ Վուդրո Ուիլսընը կայացուց Իրաւարար վճիռ, Հայաստանի եւ Թիւրքիայի սահմանին վերաբերեալ:
Ներկայ Թիւրքիայի Հանրապետութեան իշխանութիւնները ո՛չ միայն կը շարունակեն վարել Հայերու ցեղասպանութեան ժխտողականութեան քաղաքականութիւն, ո՛չ միայն կը մերժեն ճանչնալ հայերուն եւ Հայաստան պետութեան 1918-1920 թթ.-ու ընթացքին տրուած իրաւունքները՝ այլեւ կրկին որդեգրելով ու շարունակելով նախորդ թիւրքական կառավարութիւններու պանօսմանիզմական ու պանթիւրքիզմական քաղաքականութիւնը, նոր սպառնալիքներ ու մարտահրաւէրներ կը ստեղծեն հանրապետութեան մէջ եւ անկէ դուրս՝ տարածաշրջանի մէջ ապրող ժողովուրդներուն եւ պետութիւններուն համար:
Թիւրքիայի Հանրապետութեան նէո-օսմանական քաղաքականութեան սպառնալիքն ամբողջութեամբ ի յայտ եկաւ՝ Մերձաւոր Արեւելքի Իրաքեան եւ Սուրիական պատերազմներուն ժամանակ, երբ հանրապետութեան իշխանութիւնը սկսեցաւ բացայայտ աջակցիլ Սուրիական ընդդիմութեան, այդ շարքին՝ ծայրահեղ ընդդիմադիր խմբաւորումներուն: Ատոնք հանգեցուցին՝ Սուրիոյ հիւսիսային տարածքներ ներխուժման, Հալէպի մէջ հումանիտար աղէտի բռնկման, բռնի տեղահանուածներու հարցով Եւրոպան ահաբեկելու գործողութիւններուն:
Եւ միանգամայն ճիշդ նշեց Ռուսաստանի Նախագահ Վլադիմիր Պուտինը, երբ 24 Նոյեմբեր 2015 թ.-ին Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմատիեզերական ուժերու ռմբակոծիչ ՍՈՒ-24-ի խոցումը Թիւրքիոյ կողմէ՝ որակեց որպէս «...հարուած, որ թիկունքէն մեզի հասցուցին ահաբեկիչներու աջակիցները»:
Յատկանշական է, որ 9 Նոյեմբեր 2016 թ.-ին Եւրոյանձնաժողովն իր ամենամեայ զեկոյցին մէջ Թիւրքիային կը մեղադրէ այն բանով, որ այդ երկրին մէջ կը տարածուին յայտարարութիւններ՝ որոնք ատելութիւն կը սերմանեն հայերու նկատմամբ, կը հրապարակուին ելոյթներ ու սպառնալիքներ՝ ուղղուած բնիկ ժողովուրդներու, ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ: Առանձնապէս կը շեշտուի, որ «Թիւրքիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն կոշտ արձագանգել Հայերու ցեղասպանութեան ճանաչման փաստերուն՝ այս կամ այն երկրի մէջ»: Եւրոյանձնաժողովը Թիւրքիային նաեւ կը մեղադրէ 2016 թ.-ին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած Ապրիլեան չորսօրեայ պատերազմին բացայայտօրէն Ատրպէյջանին աջակցելուն համար: Եւ «Այս ամէնը խորին մտահոգութիւններ կ՛առաջացնէ», - կ՛ըսէ զեկոյցը:
Ինչպէս նաեւ Արցախեան պատերազմի օրերուն՝ որտեղ Թիւրքիայի Հանրապետութեան ներկայ ղեկավարութիւնը փորձելով շեղել համաշխարհային հանրութեան ուշադրութիւնն իր իրական նպատակներէն ու գործողութիւններէն, ինչպէս նաեւ անխուսափելի պատասխանատւութենէն՝ կը ձգտէր Ատրբէյջանի Հանրապետութեան կողմէ սանձազերծուած Ապրիլեան չորսօրեայ նախայարձակման միջոցով մոռացութեան տալ այդ խնդիրները, ու փոխադրել ՀՀ-ի եւ Արցախի սահմաններ: Աւելորդ է ըսել, որ ասոնք չեն յաջողիր իրականացուիլ՝ եւ ամէն ինչ կ՛աւարտուի անտեղ ուրկէ սկսած է, այդ շարքին՝ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան հաստատմամբ:
Մինչդեռ պէտք չէ մոռնալ, որ 1920 թ.-ին կնքուած Սեւրի խաղաղութեան պայմանագիրը՝ ըստ էութեան խաղաղութեան պայմանագիր է, եւ զայն վաւերացնելու, անոր բոլոր որոշումներն յարգելու եւ իրականացնելու միջոցով միայն՝ հնարաւոր է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հաստատել կայուն խաղաղութիւն, ու իրական համագործակցութիւն:
Սեւրի խաղաղութեան պայմանագիրի առաքելութիւնը աւարտուած չէ՛ տարածաշրջանին համար: Հայերու, ասորիներու, յոյներու, ալեւիներու, արաբներու, քրդերու եւ նոյնիսկ թիւրքերու իրաւունքները յարգելով եւ զանոնք իրականացնելով միայն՝ հնարաւոր է իրականացնել այդքան սպասուած խաղաղութիւնն ու խաղաղ համակեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ, այդ շարքին՝ հայերուն եւ Հայաստան պետութեան վերաբերող Սեւրի խաղաղութեան պայմանագիրի յօդուածներն ու Ուիլսընեան Իրաւարար վճիռը կեանքի կոչելու միջոցով:
Այլ ճանապարհներ՝ որոնց շարքին նէո-օսմանիզի քաղաքականութեան շարունակումը Թիւրքիայի Հանրապետութեան կողմէ, խիստ վտանգաւոր սպառնալիքներ ու մարտահրավէրներ կը պարունակեն տարածաշրջանին ապրող բոլոր ժողովուրդներուն համար:
Տակաւին հնարաւորութիւնն ունինք խուսափելու անկէ, ունինք հնարաւորութիւնը յարգելու իրարու իրաւունքները, եւ խաղաղ ճանապարհով կեանքի կոչելու զանոնք: Շտապենք՝ քանզի վաղը ուշ պիտի ըլլայ: Մենք կը հաւատա՛նք, որ այս պարագային՝ առողջ բանականութիւնն ու բարի կամքը պիտի յաղթեն:
Արմէն Տէր-Սարգսեան՝
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Նախագահ