Պիտի բացուի՞, թէ ոչ Ստեփանակերտի օդակայանը


Պիտի բացուի՞, թէ ոչ Ստեփանակերտի օդակայանը

  • 29-04-2011 19:32:23   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Վերջերս մամուլի մէջ հաղորդուեցաւ որ 8 Մայիսին պիտի բացուի Լեռնային Ղարապաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի օդակայանը ու այնուհետեւ պիտի սկսին Հայաստան-ղարապաղ քաղաքացիական օդային թռիչքները։ Ատրպէյճանի կ'ողմէ այս բացման դէմ եղած առարկութիւններուն ու սպառնալիքներուն պատասխանելով Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսէան եայտարարած էր որ առաջին օդանաւին մէջ ինք ալ պիտի գտնուի Ստեփանակերտ երթալու համար։ Ազերիները, նաեւ Թուրքիոյ մէջ այս հարցերով շահագրգռուողները այժմ մտահոգ են ու անձկութէամբ կը սպասեն տեսնելու համար թէ իսկապէս օդակայանը պիտի բացուի՞ թէ ոչ։ Ֆիքրէթ Էրթան »Զաման«ի մէջ հրատարակուած յօդուածով մը դիտել կ'ուտայ որ 8 Մայիսը տարածքաշրջանի համար կարեւոր թուական մը պիտի ըլլայ, քանի որ, ըստ հայկական պնդումի, Ստեփանակերտի օդակայանը պիտի բացուի քաղաքացիական թռիչքներու առջեւ։ Տրուած ըլլալով որ Հայաստան-ստեփանակերտ թռիչքի ընթացքին օդանաւերը պարտաւոր են անցնիլ Ատրպէյճանի օդային տարածութենէն, Ատրպէյճան եայտնած է որ պիտի չարտօնէ այդպիսի օդանաւներու անցքը, նոյնիսկ կրնայ վար առնել այդ օդանաւերը։ Բայց օդանաւը վար առնելու սպառնալիքը աւելի վերջ հերքուեցաւ, Ազերիները այդպիսի բան մը պիտի չընեն, միայն թէ բացարձակապէս պիտի չարտօնեն որ իրենց օդային տարածութենէն օդանաւ անցնի դէպի Ստեփանակերտ, զօր իրենք Հանքէնտի կ’անուանեն։ Յօդուածագիրը կը նշէ որ Թուրքիոյ դիրքաւորումը արդէն եայտնի է, Թուրքիայ լրիւ կը զօրակցի Ատրպէյճանի ու կը պնդէ որ քաղաքացիական թռիչքները պէտք է կատարուին միջազգային համաձայնութիւններու համապատասխան կերպով։ Այս տեսակէտէ, որեւէ օդանաւ չի կրնար բռնաբարել Ատրպէյճանի օդային տարածքը։ Միայն թէ միւս կ'ողմէ Ռուսաստան այս մասին տակաւին որեւէ ազդանշան չէ տուած։ Կարելի չէ ըսել որ Ռուսաստան այս խնդրով չի շահագրգռուիր կամ լուր չունի, որովհետեւ անկարելի է որ հայկական կողմը տեղեկութիւն տուած չըլլայ Ռուսաստանի, նոյնիսկ արտօնութիւն ստացած չըլլայ Ռուսաստանէն։ Կարելի է մտածել որ Ռուսաստան զանազան միջոցներով կը ջանայ ճնշում գործադրել Ատրպէյճանի վրայ։ Յօդուածագիրը կը նշէ այսպէս որ հազիւ 11 օր մնացած է այս վտանգաւոր թուականին եւ անշուշտ դեռ կարելի չէ գիտնալ թէ այս հարցը ինչպէս պիտի լուծուի։ Կողմերը կը խուսափին խօսելէ կամ կը փորձեն հաշուել մէկզմէկու հանդուրժողութէան չափը։ Այնուհանդերձ եայտնի է որ հայկական կողմը կ’ուզէ քաղաքական նոր շահ մը արձանագրել ու Ղարապաղին առաւել եւս օրինաւորութիւն շահեցնել միջազգային գետնի վրայ։ Ռուսաստանի ռազմավարական շահերն ալ դէմ չեն այսպիսի զարգացումի մը։ Յօդուածագիրը դիտել կ'ուտայ որ կրնայ պատահիլ որ թռիչքները 8 Մայիսէն ալ առաջ ջնջուին։ Բայց ասիկայ վերջնական լուծում չէ, որովհետեւ հայերը այս հարցը միշտ կրնան կենդանացնել ամէն անգամ որ եարմար գետին գտնեն։ »Հիմա բոլորս մէկ կը սպասենք 8 Մայիս թուականին«, կ’եզրակացնէ Ֆիքրէթ Էրթան իր յօդուածին մէջ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը