Սուրիոյ մէջ Միացեալ Թագաւորութեան նախկին դեսպանը.“Քիմիական յարձակումներուն հեղինակը Ասատը չէ”


Սուրիոյ մէջ Միացեալ Թագաւորութեան նախկին դեսպանը.“Քիմիական յարձակումներուն հեղինակը Ասատը չէ”

  • 10-04-2017 18:09:05   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

Այս օրերուն, երբ ամբողջ աշխարհի հայեացքը ա՛լ աւելի սեւեռած է Սուրիոյ վրայ՝ Ասատի վերագրուած քիմիական յարձակումներէն ետք՝ ամերիկեան հրթիռակոծումներուն եւ ընդհանուր բռնկումի մը մտավախութեան պատճառով, անգլիացի դիւանագէտ մը զգայացունց յայտարարութիւններ ըրած է: 
 
Եւ խնդրոյ առարկայ դիւանագէտն ալ ոեւէ մէկը չէ, այլ՝ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Թագաւորութեան նախկին դեսպան Փիթըր Ֆորտը: 
Ան ըսած է, թէ անցեալ շաբաթ աշխարհի, մա՛նաւանդ թրքական եւ արեւմտեան բոլոր լրասփիւռներէն ցնցիչ նկարներով եւ տեսանիւթերով հաղորդուած քիմիական յարձակման հեղինակը Ասատը չէ, ինչպէս կանխաւ պնդուեցաւ, առանց դոյզն հետաքննութեան: 
Փիթըր Ֆորտ նախ եւ առաջ նշած է, թէ պէտք է հարց տալ՝ ոճիրը որո՞ւն նպաստաւոր էր ու աւելցուցած, թէ վստահաբար՝ ոչ Ասատին եւ ոչ ալ Ռուսերուն: Հետեւաբար ինք համոզուած է՝ գրեթէ անկարելի է, որ անոնցմէ մէկը ըլլայ հեղինակը: 
Ըստ բրիտանացի դիւանագէտին՝ երկու հաւանականութիւն կայ: 
Առաջինը՝ կրնայ ըլլալ, որ այս ամբողջը սուտ, շինծու լուր է իր նկարներով, տեսանիւթերով հանդերձ, նկատի ունենալով՝ որ բոլոր աղբիւրներն ալ կը վերաբերին ընդդիմադիր ուժերուն եւ ոչ՝ անկախ եւ հաւաստի լրագրողներու: 
“Նաեւ կարելի է, որ նկարները ցոյց կու տան հետեւանքները ռմակոծման մը, որ թիրախ առած էր ճիհատականներու քիմիական զէնքերու պահեստ մը։ Վստահելի աղբիւրներէ տեղեկացած ենք, որ ճիհատականները քիմիական զէնքեր կը մթերէին Արեւելեան Հալէպի դպրոցներուն մէջ. արեւմտեան լրագրողներ տեսած են զանոնք։ Այս ալ ուրիշ հաւանականութիւն մըն է”, ըսած է դիւանագէտը: 
Ֆորտ նաեւ յիշած է անցեալին Իրաքի պարագան, ուր նման պատրուակ յառաջ քշուած էր արտաքին միջամտութիւնը արդարացնելու համար: Ըսած է, թէ նոյնը պատահեցաւ քանի մը ամիս առաջ, Հալէպէն ընդդիմադիր զինեալներու տեղահանման առթիւ: “Ըսուեցաւ, թէ իսկական ջարդ մը տեղի կ՚ունենայ։ Անկախ թղթակիցներ հոն գացին ու ջարդի ոչ մէկ փաստի հանդիպեցան։ Տեսանք, որ զինեալները խաղաղ պայմաններու մէջ, հանրակառքերով կը հեռացուին։ Այնուհետեւ պարզուեցաւ, որ հրապարակուած նկարներուն մեծ մասը կեղծ էր”, ըսած է ան: 
Լրագրողին այն նկատումին, թէ շատեր կ՚ըսեն՝ “2013-ին եթէ միջամտութիւն կատարուած ըլլար, այսօր հարցը հոս հասած չէր ըլլար”, Ֆորտ պատասխանած է.
“…Անձնապէս ես կը խորհիմ, որ 2013-ին աւելի ճիշդ էր չմիջամտել ճիհատականներու կողքին։ Թերեւս կը սխալիմ, բայց կը կարծեմ, որ մեծամասնութիւնը անոնց որոնց պահ մը մտածեցին՝ հարցադրուեցաւ, թէ ապա որո՞նք պիտի փոխարինեն Ասատը եւ աշխարհական վարչակարգը, որոնք կը պաշտպանեն փոքրամասնութիւնները, քրիստոնեաները, կնոջական իրաւունքները… Չեմ կարծեր, որ իսլամապաշտներու ընտրութիւնը լաւագոյն տարբերակը ըլլար. իսկ խօսքս ա՛լ աւելի ի զօրու է այսօր։ Եւ մի՛ մոռնաք, որ Իտլիպը, ուր պատահեցաւ դէպքը (խօսքը քիմիական յարձակման մասին է - «ՆՅ»), ամենէն ծայրայեղ ճիհատական թունաւոր օձերու բոյն մըն է…”։
Հարցը հոն է, որ Ֆորտ ինք ալ սխալած է իր ենթադրութիւններուն մէջ: Արդարեւ, այս հարցազրոյցը տուած է ճիշդ ամերիկեան հրթիռակոծումներէն առաջ, մինչ հետեւեալ խօսքերով եզրափակած է իր խօսքը. 
“Միջամտութեանց կողմնակիցները կը նմանին շուներու, որոնք կը վերադառնան իրենց փսխունքին վրայ։ Անոնք գործեցին անհամար սխալներ՝ Իրաք, Լիպիա… Դասեր չեն քաղեր։ Կ՚ուզեն նոյնը ընել Սուրիոյ մէջ։ Բարեբախտաբար, Թրամփի վարչակարգը բարեշրջում մը արձանագրեց անցեալ շաբաթ եւ ատիկա կրնայ նշանակալից ըլլալ։ Բարեշրջում արձանագրեց դրժելով Օպամայի քաղաքականութիւնը, որ կը կայանար սուրիական վարչակարգը տապալելու մէջ, մինչ Թրամփի շրջանակը հաւաստեց, որ իրենք գլխաւորաբար հետաքրքրուած են Տահէշի բնաջնջումով եւ ատիկա է իրենց առաջնահերթութիւնը։ 
Եւ նշանակալից է, որ այս (քիմիական -«ՆՅ») յարձակումը կը պատահի հազիւ ատկէ քանի մը օր ետք։ Եթէ ճիհատականները ուզէին բարդացնել Թրամփի գործը, որ կը փորձէ բանական հունի մէջ դնել ամերիկեան քաղաքականութիւնը, անկասկած նման շինծու տեղեկութիւններով ճիշդ այսպիսի բան մը պիտի սարքէին”։
 
ՆՅ
 
 
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը